Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Դժգոհ Է Հայաստան – Ազրպէյճան Հակամարտութեան Վերաբերող ՄԱԿ-ի Դերակատարութենէն

September 3, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պիշքեքի մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին դիտել տուաւ, որ Պաքու եւ Երեւան, երկարամեայ հակամարտութեան աւարտէն ետք, կ՛աշխատին փոխադարձ առեւտուրի զարգացման, անոր տեսականիի ընդլայնման եւ նոր ցամաքային երթեւեկային հաղորդակցութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ:

Ըստ անոր, Ազրպէյճան եւ Հայաստան աւելի քան մէկ տարի առաջ «վերջ դրին աւելի քան 30 տարի տեւած հակամարտութեան»` նախաստորագրելով խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը:

«Ատով ալ Հարաւային Կովկասի շրջանը, որ երկարամեայ հակամարտութիւններու գօտի էր, կը վերածուի խաղաղութեան գօտիի», պնդեց ան:

Ալիեւ նշեց նաեւ, որ Ազրպէյճան արդէն նաւթամթերք կը մատակարարէ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ իր տարածքով կ՛ապահովէ երրորդ երկիրներու բեռներու տարանցումը:

Իր ելոյթին մէջ Ալիեւ նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հակամարտութեան հետ կապուած` 1993-ին ընդունուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն: Ըստ անոր, չորս բանաձեւերը իրականացած են միայն 30 տարի ետք եւ, իր կարծիքով, ՄԱԿ-ը անոնց գործադրութեան մէջ ոեւէ դեր չէ ունեցած:

«Ազրպէյճան ի՛նք ամբողջութեամբ վերականգնած է իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», նշեց Ալիեւ:

Նախորդը

Հակառակ Թրամփի Զգուշացումներուն. Իրան Կը Հակադարձէ Ամերիկեան Յարձակումին

Յաջորդը

Փութին. «Եթէ Հայաստանը Կը Կարծէ, Թէ Գիւմրիի Մէջ Ռուսական Ռազմակայանին Կարիքը Չունի, Մենք Վաղն Իսկ Կը Հեռանանք»

RelatedPosts

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ  Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել
Հայկական

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել

October 19, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.