«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «նախկին հակամարտութեան հետեւանքով 4010 ազրպէյճանցի քաղաքացի կը շարունակէ մնալ իբրեւ անհետ կորսուած», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հաճիեւ «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Հայաստանի կողմէ անհետ կորսուած ազրպէյճանցիներու ճակատագիրին վերաբերեալ ճշգրիտ եւ ամբողջական տեղեկատուութեան, ներառեալ թաղման վայրերու մասին տուեալներու տրամադրումը կը շարունակէ կարեւոր մնալ»:
«Ազատութիւն» կը գրէ, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք հայկական կողմը կը նշէ շուրջ 200 անհետ կորսուածի մասին, առաջին պատերազմէն` 900-ի: Պաքու շուրջ 4000 անհետ կորսուածի մասին կը խօսի, անոնք, ըստ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, անհետ կորսուած են ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ընթացքին:
Վերջին անգամ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի անհետ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբերու ներկայացուցիչները հանդիպած են անցեալ տարուան յունիսին:


