. ՄԵԾ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանէն Իրան երկարող շրջանը կանգնած է չափազանց դժուար եւ վտանգներով ու անակնկալներով յղի երեք ամիսներու առջեւ»:
. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ առնչուած աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սեպտեմբերին բանակցութիւններու նոր փուլ գումարելու գաղափարը վերջին շրջանին շահագրգիռ կողմերու միջեւ կը քննարկուէր, սակայն մինչեւ հիմա մօտիկ ապագային անոր գումարման վերաբերեալ որեւէ ցուցանիշ գոյութիւն չունի»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ քաղաքական աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Սեպտեմբերին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ բանակցութիւնները տակաւին ի զօրու են, եւ ատոր հակառակ որեւէ կեցուածք չհրապարակուեցաւ»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահութեան Իտալիոյ կամ այլ բարեկամ երկիրներու մէջ Լիբանանի բարեկամներուն մօտ թափած ջանքերուն հիմնական նպատակը Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնող ջանքեր կուտակելն է, որպէսզի վերջինս դադրեցնէ իր կատարած մագլցումը եւ անոր պարտադրուի զինադադարը յարգել»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Դաշտային մագլցումը իսրայէլեան պահանջ է, մասնաւորաբար Ալի Թահեր բլուրին վրայ, անոր ռազմավարական դիրքին եւ կարեւորութեան պատճառով, որ հարաւային Լիբանանէն շատ աւելի հեռու կը հասնի եւ կ՛ընդգրկէ այդտեղ գտնուող ուժերուն հետ յարաբերութիւններու ապագան, ըլլան անոնք միջազգային ուժեր, թէ այլ կողմեր»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի դէմ յայտարարութիւններուն նպատակը քրիստոնէական հասարակութեան մէջ իր կուսակցութեան դիրքը պահպանելն է»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Թրքական հետախուզութեան պետ Իպրահիմ Քալընի Լիբանան սպասուող այցելութիւնը լաւատեղեակներու եւ դիտորդներու կողմէ շատ կարեւոր կ՛որակուի, որովհետեւ գոյութիւն ունին զգայուն թղթածրարներ, որոնք երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի հանդիպումներ կը պահանջեն, ինչպէս նաեւ կ՛ենթադրեն լիբանանեան բոլոր կողմերուն ցրուում թրքական պատգամներու` հասկնալու համար յառաջիկայ փուլն ու այն փոփոխութիւնները, որոնք կրնան յանկարծ երեւան գալ»:
. «ՏԻԱՐ» հետախուզութեան պետ Իպրահիմ Քալըն լիբանանեան պետութեան ու Հըզպալլայի միջեւ միջնորդութիւն պիտի կատարէ` մերձեցում ու երկխօսութիւն կատարելու եւ երկու կողմերը բաւարարող արդիւնքներու հասնելու համար:
«Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, այստեղ է թուրք այցելուին դժուար առաքելութիւնը` մեծ հետաքրքրութեամբ եւ որոշումով` երկու կողմերուն միջեւ լուծում գտնելու` առանց կուսակցութեան հետ քաղաքական բախումի կամ տեսակէտներու շուրջ անհամաձայնութեան մէջ մտնելու, որովհետեւ նպատակը լիբանանեան բոլոր կուսակցութիւններուն հետ կապերը բաց պահելն է, եւ ասիկա Անգարային կու տայ քաղաքական գործողութիւններու մեծագոյն կարելիութիւնը` յաջող միջնորդի դեր խաղալու համար»:


