Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Մարոնիներու սփիւռքեան հաստատութեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ռոզ Շուէյրիի, եւ յայտնեց. «Բանակցութիւնները յառաջընթաց կ՛արձանագրեն եւ ամէն պարագայի մեր դէմ քանդիչ պատերազմի արդիւնքներէն աւելի լաւ կը մնան»:
«Շրջագծային բանաձեւի ստորագրումէն ետք, մեր երկրին վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն տարողութիւնը նուազեցաւ, ինչ որ դրական անդրադարձ ունեցաւ լիբանանցիներուն ամառը իրենց հայրենիքին մէջ անցընելու համար վերադարձին վրայ», ըսաւ ան:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց. «Լիբանանցիներուն միջեւ իսրայէլեան ուժերու հեռացման, գերիներու տունդարձի եւ քանդուածի վերաշինութեան նպատակներուն շուրջ տարակարծութիւն չկայ»:
«Ի վերջոյ Իսրայէլին պիտի չարտօնենք մեր հողերէն նոյնիսկ մէկ թիզին վրայ մնալ, ո՛չ ալ անոր զինուորներէն մէկը մնայ մեր հողին վրայ», աւելցուց ան:
«Տեւաբար կը լսենք նշանաբաններ, թէ ուժով խլուածը միայն ուժով պիտի վերադարձուի, սակայն գետնի վրայ զարգացումները այդ խօսքին անվաւերութիւնը ապացուցեցին», ըսաւ Աուն:
«Ժամանակն է, որ հարաւային Լիբանանի զաւակը հանգչի եւ իր հողին վրայ հաստատուի, փոխանակ շարունակուին պատերազմները, որոնք իր անունով կը մղուին ոչ լիբանանեան նպատակներու համար», նշեց նախագահը:
«Այսօր նպատակս ամէն գնով պետութեան վերակառուցումն է, հակառակ պետութեան հիմքերը քանդելու եւ անոր վերակառուցման արգելք հանդիսանալու աշխատողներուն ընդդիմութեան», ըսաւ նախագահ Աուն:


