Պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսա այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց ընդհանուր կացութեան, մասնաւորաբար բանակի իրավիճակը եւ Հարաւի ու Արեւմտեան Պեքայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, ականահարումները, գիւղերու եւ տուներու աւերումը, հողագործութեան ու անտառային տարածքները հրդեհելու շարունակելուն լոյսին տակ քաղաքական ու դաշտային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Մնասսա այցելեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապին եւ անոր յանձնեց համաներման օրինագիծի բարեփոխման առաջարկին վերաբերեալ լիբանանեան բանակի գրաւոր նկատումները:


