Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Երեք Մարմիններն Ալ Կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը

June 11, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թէեւ ընթերցողները ընդհանրապէս իրազեկ են, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան գործադիր եւ օրէնսդիր մարմինները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց եւ այնպէս շատերը տեղեակ չեն, որ Միացեալ Նահանգներու դատական իշխանութիւնը եւս քանի մը առիթներով վերահաստատած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստացիութիւնը: Իսկապէ՛ս, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան երեք մարմիններն ալ պաշտօնապէս հաստատած են, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրական ցեղասպանութիւն է:

Գործադիր մարմինը առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձաւ 1951 թուականին` Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուած առանցքային փաստաթուղթով: Հոն կը նշուի. «Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը արդիւնք է անմարդկային եւ բարբարոսական գործողութիւններու կիրարկման, որ կատարուած է որոշ երկիրներու մէջ մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմը, եւ անոր ընթացքին կրօնական, ցեղային եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հետեւորդ խումբեր ենթարկուած են կանխամտածուած ոչնչացման սպառնալիքի եւ ոչնչացման: Ցեղասպանութեան երեւոյթը գոյութիւն ունեցած է մարդկային ողջ պատմութեան ընթացքին: Հռոմէացիներուն կողմէ քրիստոնեաներու հալածանքը, թուրքերուն կողմէ հայերու ջարդը, նացիներու կողմէ միլիոնաւոր հրեաներու եւ լեհերու կոտորածը ցեղասպանութեան յանցագործութեան վառ օրինակներ են»:

Գործադիր մարմինին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան երկրորդ անդրադարձը կատարած է նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն` 1981 թուականի 22 ապրիլին, թիւ 4838 նախագահական հռչակագիրով, ուր կը նշուի. «Անկէ առաջ պատահած Հայոց ցեղասպանութեան նման, ու անոր հետեւած քամպոտիացիներու ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ ազգերու դէմ հալածանքներուն նման, Ողջակիզումի դասերը պէտք չէ երբեւիցէ մոռցուին»:

Իսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օրէնսդիր մարմինը ընդունած է երկու որոշումներ, որոնք կը հաստատեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստերը: Առաջին որոշումով, որ հաստատուած էր 8 ապրիլ 1975-ին` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, 24 ապրիլ 1975 թուականը նշուեցաւ իբրեւ «Յիշատակման օր` ցեղասպանութեան բոլոր զոհերու, յատկապէս` հայկական ծագումով անհատներու, որոնք 1915 թուականի ցեղասպանութեան զոհ դարձան»: Երկրորդ որոշումով, որ հաստատուած է 10 սեպտեմբեր 1984-ին` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, 24 ապրիլ 1985 թուականը ճշդուեցաւ «Յիշատակման օր` ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն, յատկապէս` 1915-1923 թուականներուն Թուրքիոյ մէջ կատարուած մէկուկէս միլիոն հայ բնակչութեան ցեղասպանութեան զոհերուն»: Ներկայացուցիչներու տունը նաեւ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու յաւելուած` 1996 եւ 2004 թուականներուն, արտաքին գործառնութիւններու յատկացման վճիռներով:

Այնուամենայնիւ, շատեր անտեղեակ են, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան երրորդ մարմինը` դատական իշխանութիւնը, առնուազն երեք դաշնակցային դատարաններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ վճիռ կայացուցած է:

Դատական իշխանութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող առաջին անդրադարձը 11 օգոստոս 2010-ին առաջին շրջանի վերաքննիչ դատարանի երեք դատաւորի կազմով միաձայնութեամբ ընդունուած վճիռն էր: Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանի նախկին դատաւոր Տէյվիտ Սաութըրի կողմէ գրուած որոշումին մէջ դատարանը մերժեց ամերիկեան-թրքական խումբին պահանջը այն մասին, որ Մասաչուսեցի կրթութեան հարցերով յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած ուսումնական ուղեցոյցին մէջ, որ բացայայտօրէն կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, պէտք է ներառուէր «Ցեղասպանութեան հակադրուող» յղումներ:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկրորդ դատական գործը 26 յունուար 2011-ին դաշնակցային դատաւոր Քոլին Քոլըր-Քոթելիի` Ուաշինկթընի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի եւ յուշարձանի գործով վճիռն էր: Իր որոշման ներածական պարբերութեան մէջ դատաւոր Քոլըր-Քոթելի մէջբերեց Ատոլֆ Հիթլերի սոսկալի բառերը. «Ո՞վ, ի վերջոյ, այսօր կը խօսի հայերու ոչնչացման մասին»: Ան բացատրեց, որ Հիթլեր նկատի ունէր «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ իրենց պատմական հողերուն վրայ ապրող հայկական բնակչութիւնը ոչնչացնելու նպատակով օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան ի գործ դրած բաւական յաջող ջանքերը, որոնք այսօր յայտնի են որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն»: Դատաւորը տողատակի կը նշէ, որ` «Դատարանին կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը նպատակ չունի որեւէ կարծիք արտայայտել այդ պիտակի պատշաճութեան մասին»:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դատական երրորդ յղումը կատարուած է 3 մայիս 2012-ին, երեք դատաւորի կազմով հանդէս եկող ութերորդ շրջանի վերաքննիչ դատարանին կողմէ, երբ անիկա մերժեց Ամերիկայի թրքական համախմբման հայցը` ընդդէմ Մինեսոթա նահանգին: Դատաւորները, միաձայնութեամբ, ուղղակի եւ առանց որակումներու անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան` զայն նկարագրելով որպէս «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ թուրքերուն կողմէ կատարուած հայերու ցեղասպանութիւն»:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան երեք անկախ մարմիններն ալ, վերահաստատելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, Միացեալ Նահանգները կը դնեն իրենց արդարացի տեղը` շարքին մէջ այդ առաքինի ազգերուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Փաստօրէն, բազմաթիւ առումներով, Միացեալ Նահանգները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցին մէջ ունին շատ աւելի համապարփակ դիրքորոշում, քան` բազմաթիւ այլ երկիրներ, որոնք այս հարցին վերաբերեալ  օրէնսդրական որոշում ընդունած են պարզապէս:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

Նամակ Ազրպէյճանցիներուն. Ղարաբաղի Մասին Հիմնաւորապէս Մոռացէ՛ք

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Անըմբռնելի՛Ն Մեր Սահմանափակ Մտքին Համար…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.