. ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աունն ու առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն երէկ առաւօտեան Ուաշինկթընէն Պէյրութ վերադարձան: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահին հեռաձայնելով անոր բարի վերադարձ մաղթեց:
. ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ աղբիւրները «Ժատիտ»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի շեշտած է, որ անհրաժեշտ է, որ քաղաքական ջանքերն ու հաղորդակցութիւնները յանգին գետնի վրայ շօշափելի արդիւնքներու, որոնք կը սկսին Իսրայէլի լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն հեռացումով եւ վերաշինութեան լուրջ ուղիի մեկնարկումով չեն աւարտիր»:
. ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ դիրքորոշումներուն հետեւող աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին. «Զէնքը պետութեան մենաշնորհը ըլլալու սկզբունքը յարգելու, լիբանանեան բանակին հետ գործակցելու եւ շրջանային հակամարտութիւններուն մէջ ներքաշուելու սխալը չկրկնելու անհրաժեշտութիւն կայ, մանաւանդ Իրան-Իսրայէլ ճակատումը վերսկսելուն պարագային»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Աուն-Թրամփ վեհաժողովը պատմական փուլ մըն էր եւ տեղի պիտի չունենար, եթէ գոյութիւն չունենար ամերիկեան համոզում մը, թէ Լիբանան սկսաւ վերականգնել պետութեան հիմերը, եւ որ ներկայ իշխանութիւնը իր իշխանութիւնը ամրապնդելու եւ փոքր-պետութեան իրողութեան վերջ տալու ուղղութեամբ կը շարժի»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի պալատը կը պատրաստուի նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութեան հետագայ աշխատանքներուն, որովհետեւ այցելութեան նպատակները լիարժէք պիտի չըլլան առանց քաղաքական, ապահովական, զինուորական ու տնտեսական ճամբու քարտէսի մշակման, որովհետեւ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուածը կարեւոր է եւ գործնական հետապնդումի կը կարօտի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Սուրիոյ հարցը այն կէտերէն մէկն էր, որ Թրամփը բարձրացուց Աունի հետ ներքին քննարկումներու ընթացքին, ուր ան շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ համակարգման եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, եւ այս դիրքորոշման կրկնութիւնը այլեւս պարզապէս լեզուի սայթաքում չէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն իրեն մօտիկ անձերու յայտնեց, որ Թրամփէն բանակին աջակցելու եւ տարբեր մակարդակներու վրայ զինուորականները վերապատրաստելու խոստում ստացած է: Զինուորականներուն աշխատավարձերը մեծապէս պիտի աւելնան, Միացեալ Նահանգները անոնց մէկ մասը պիտի վճարեն, եւ արաբական պետութեան մը պիտի պարտադրուի մեծ բաժինը ստանձնել»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Յառաջիկայ փուլին կրնան արձանագրուիլ յաւելեալ քայլեր, որոնք կը ներառեն բանակին տրամադրուած օժանդակութիւններու ամրապնդում, ինչպէս նաեւ օտար ներդրումներու վերադարձի քաջալերում, սակայն գործադրութիւնը կախեալ կը մնայ պետութեան կողմէ կատարուելիք գործնական քայլերէն, մասնաւորաբար ապահովական մակարդակի վրայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հարաւային Լիբանանը բոլոր նախորդներէն տարբեր ապահովական փուլ մուտք գործեց: Քննարկումը այլեւս բանակի միաւորներու թիւի բարձրացման շուրջ չէ, այլ` հողը իսրայէլեան բռնագրաւումէն պետութեան իշխանութեան տակ անցնելու բնորդին շուրջ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան հեռացման ամբողջացումը պայմանաւորուած կը մնայ եւ տեղի պիտի չունենայ առանց լիբանանեան կողմէն փոխադարձ քայլերու, եւ այդ դիրքորոշումը յստակօրէն փոխանցուեցաւ Լիբանանի պաշտօնական շրջանակներուն»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հարաւային Լիբանանի բնակչութեան շահերէն բխող բնորդային շրջանի փորձը յաջողցնելու պատասխանատուութիւնը միայն բանակի եւ ապահովական օրինական ուժերու ուսերուն վրայ չէ, այլ նաեւ բնակչութեան գիտակցութիւնը, գործակցութիւնը եւ Հըզպալլայի զիրենք շահագործել չարտօնելը կը պահանջէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Զաութար Ղարպիէ գիւղի որոշ մասերէն հեռացումը ենթադրաբար սկիզբը պիտի նշանակէ աստիճանական հոլովոյթի, սակայն Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը կը սպասեն տեսնելու գործնական քայլեր, որոնք լիբանանեան բանակը պիտի ձեռնարկէ պետութեան զէնքի մենաշնորհը ամրապնդելու ծիրին մէջ»:
. ՍՊԻՏԱԿ տունէն աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն ստուգման գործողութիւններ կատարելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ ամերիկեան ուժերու տեղակայման որեւէ փափաք չի ցուցաբերեր, ինչպէս նաեւ կը մերժէ ֆրանսացիները մասնակից դարձնել, եւ ատիկա դիրքորոշում մըն է, որ կը համընկնի Իսրայէլի դիրքորոշման հետ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի համաձայն, ներկայիս կառավարութիւնը ամէնէն շատ մտահոգողը վառելանիւթի ապահովուած չըլլալուն պատճառով մատակարարման մեծ կրճատման լոյսին տակ ելեկտրականութեան թղթածրարն է: Ուստի Յորդանանէն ելեկտրականութեան եւ Եգիպտոսէն կազի հասանելիութեան առջեւ խոչընդոտները վերացնելու ուժանիւթի նախարարութեան փորձերուն կողքին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Պաղտատ այցելութեան գլխաւոր նիւթը այս հարցը պիտի ըլլայ: Նաեւ գոյութիւն ունի Լիբանանին ելեկտրականութիւն մատակարարելու թրքական փափաք մը, որ քաղաքական եւ տնտեսական փոխըմբռնումներու կը կարօտի: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան, մինչ քարիւղի տակառի գինը բարձրացած է շուրջ հարիւր տոլարի, ինչ որ կառավարութեան եւ ժողովուրդին վրայ յաւելեալ բեռ կը նշանակէ»:


