Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ Միսաք Թերզեանի Ցուցահանդէսի Բացում

June 8, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 7 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Միսաք Թերզեանի ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ թէ օտար արուեստագէտներու, արուեստաբաններու, եւ արուեստասէրներու: Ցուցահանդէսը կը վայելէր տէր եւ տիկին Սէմ եւ Լենա Րագուպեաններու հովանաւորութիւնը:

Արաբերէնով բացման խօսքը արտասանեց Մէյրի Չոլոյեան: Ան ներկայացուց արուեստագէտին կենսագրականը եւ անցած ուղին` նշելով, որ նշեալ նախաձեռնութիւնը արուեստագէտի 88-րդ ցուցահանդէսն է: Ան որոշ բացատրութիւններ փոխանցեց նաեւ ցուցադրուած արուեստի գործերուն մասին: Ապա Համազգայինի ցուցասրահի վարչութեան անդամ Ժանեթ Եափուճեան հայերէնով ներկայացուց Միսաք Թերզեան արուեստագէտը: Ան նշեց նաեւ, որ Թերզեան մաս կը կազմէ ցուցասրահի վարչութեան եւ մեծ է նաեւ անոր ներդրումը ցուցասրահի ծրագիրներու մշակման ու իրականացման հոլովոյթին մէջ: Եափուճեան ցուցասրահի վարչութեան եւ տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Սէմ եւ Լենա Րագուպեաններուն, որոնք միշտ ալ սատար կը հանդիսանան հայ մշակոյթի զանազան մարզերուն:

Վերջաւորութեան իր սրտի խօսքը չորս լեզուներով փոխանցեց Միսաք Թերզեան: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ձեռնարկի հովանաւոր զոյգին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան եւ տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ բոլորին, որոնք իրենց ներկայութեամբ եկան գնահատելու իր կատարած գործը:

Յայտնենք, որ այս ցուցահանդէսին այցելուները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Թերզեանի ստեղծագործական աշխարհին պատկանող 32 արուեստի գործերու: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 25 յունիս: Ցուցասրահը բաց է ամէն օր, ի բացառեալ կիրակի օրերէն, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

Նախորդը

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Գոհար Գրադարանի Բացման Նախաձեռնութեամբ Յարութ Խաչատուրեան Քար Մը Եւս Աւելցուց Հայակերտումի Ամրակուռ Բուրգին Վրայ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.