Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Բանտերուն Մէջ Պահուող Հայերուն Հետ Կապ Ստեղծելու Առաքելութիւն

July 10, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ բանտարկեալներուն այցելելու նպատակով կիներու միջազգային մարդասիրական պատուիրակութեան` Պաքու այցելութեան նախապատրաստութեան ծիրին մէջ հրապարակային նամակներ յղած եմ միջազգային եւ պետական այն կառոյցներուն, որոնց մասնակցութենէն կրնայ կախեալ ըլլալ այցելութեան կազմակերպումն ու պատուիրակութեան անդամներուն ապահովութիւնը», յայտարարած է Պաքուի մէջ բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ:

Յայտարարութեան մէջ յատկապէս կը նշուի.

«Նախաձեռնութեան նպատակը բացառապէս մարդասիրական է. հանդիպիլ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ, տեսակցիլ Ազրպէյճանի մէջ պահուող Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ, անոնց փոխանցել հարազատներուն նամակները, լուսանկարներն ու արտօնելի այլ անձնական իրեր:

«Ինքնին այդ պատճառով կարեւոր կը նկատեմ հանդէս գալ բաց եւ հրապարակային` պաշտօնական ու դիւանագիտական ուղիներու միջոցով: Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի հաւանական այցելութեան բոլոր փուլերուն կանխատեսելիութիւնն ու համաձայնեցուածութիւնը` մուտքը Ազրպէյճան, գերիներուն հետ տեսակցութեան կազմակերպումը եւ պատուիրակութեան անդամներուն բարեյաջող վերադարձը:

«Մասնակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար կարեւոր է գիտնալ, որ նախաձեռնութիւնը կը նախապատրաստուի պաշտօնական ձեւաչափով եւ ապահովական երաշխիքներու առկայութեամբ, որպէսզի ան որեւէ վտանգ չներկայացնէ անոնց կեանքին ու ապահովութեան: Այս նպատակով ես բաց նամակներով դիմած եմ`

«- Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւային` խնդրելով աջակցիլ, որ այցելութիւնը կազմակերպուի իր գրասենեակի հովանիին ներքեւ, եւ անոր իրականացման համար ստեղծուին անհրաժեշտ պայմաններ:

«- Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Սփոլեարիչ Էկկերին` խնդրելով դիտարկել Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի լիազօրութեան ծիրին մէջ աջակցութիւն, խորհրդատուական օժանդակութիւն կամ մասնակցութիւն ցուցաբերելու կարելիութիւնը:

«- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` խնդրելով տեղեկացնել Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հաւանական քայլերուն, համակարգման կամ գործնական աջակցութեան մասին:

«- Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլասին` դիւանագիտական ուշադրութեան եւ եւրոպական կառոյցներուն կողմէ հաւանական աջակցութեան խնդրանքով:

«Երկարատեւ կալանքի տակ գտնուող մարդոց համար նման նախաձեռնութիւն մը մեծ նշանակութիւն ունի: Անոնց առողջական վիճակը, պահման պայմանները եւ ընտանիքներուն հետ կապը պէտք չէ մատնուին անուշադրութեան կամ կախեալ ըլլան պատահականութենէ:

«Խօսքը մարդու հիմնարար իրաւունքին մասին է` գիտնալ, թէ ի՛նչ կը պատահի իրենց հարազատներուն, անոնց զօրակցութեան խօսքեր փոխանցելու կարելիութիւն ունենալ եւ վստահ ըլլալ, որ իրենք մոռցուած չեն»:

 

 

Նախորդը

Օժանդակութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը Ստանձնեց Հայաստանի Կառավարութեան Կողմէ Տրամադրուած Մարդասիրական Օգնութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.