Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պեն Ղաֆիր. «Լիբանանը Իսրայէլի Համար Խաղավայր Մը Պէտք Է Ըլլայ»

June 23, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր կոչ ուղղեց` Լիբանանի վրայ յարձակումը շարունակելու եւ մերժելու զինադադարի որեւէ համաձայնութիւն:

Ըստ անոր, Լիբանանը պէտք է «Իսրայէլի համար խաղավայր մը» ըլլայ:

Պեն Ղաֆիր Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ չի կրնար Լիբանանի մէջ զինադադարին համաձայնիլ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղելով` այս դիրքորոշումը փոխանցել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ իր կարգին իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ հարաւային Լիբանան պիտի մնայ, քանի տակաւին Հըզպալլան չէ զինաթափուած:

Մինչ այդ, իսրայէլեան աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած հողերէ խորհրդանշական հեռացումներու յայտարարումը կը սերտէ: Անոնք պիտի ներառեն «Դեղին գիծ»-ի երկայնքին գտնուող շրջաններէ կարգ մը ուժերու հեռացում»:

«Խորհրդանշական հեռացման մասին յայտարարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ այս շաբաթ նախատեսուած բանակցութիւններուն մաս կը կազմէ», ըսաւ աղբիւրը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ նշեց. «Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ գործելու ամբողջական ազատութիւն կը վայելէ, եւ ապահովական շրջանին մէջ պիտի մնանք, քանի տակաւին անհրաժեշտ է»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան կառավարութիւնը յայտնեց. «Լիբանանին հետ ամերիկեան միջնորդութեամբ լաւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»` աւելցնելով. «Պէտք է Լիբանանի եւ Իսրայէլի շահերուն համար Հըզպալլան զինաթափել»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը Լիբանանի հետ սահմանին վրայ հիւսիսային շրջաններու մէջ «ահազանգի խմբակներ»-ը տեղեակ պահած է, թէ Լիբանանի մէջ զինադադարի լոյսին տակ իրենց գործունէութիւնը յառաջիկայ կիրակի օրուընէ սկսեալ կը դադրի:

 

 

Նախորդը

Շարհ. «Թրամփ Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունեցողէն Դժգոհ Է, Եւ Սուրիան Կրնայ Պետութեան Ու Լիբանանեան Հաստատութիւններու Ճամբով Դրական Դերակատարութիւն Ունենալ»

Յաջորդը

Աուն Վանսի Եւ Քուշների Հետ Քննարկեց Զինադադարի Հաստատումն Ու Այդ Առնչութեամբ Բջիջի Ստեղծման Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.