. ԻՍՐԱՅԷԼԻ ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր. «Իսրայէլ պէտք չէ Լիբանանի մէջ զինադադարին համաձայնի»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը պիտի ստիպուի «Դեղին գիծ»-էն մասնակի կերպով հեռանալ: Լիբանանեան բանակը ամերիկեան խիստ հսկողութեան տակ պիտի գործէ եւ ստանձնէ պատասխանատուութիւնը այն շրջաններուն, որոնք ներկայիս իսրայէլեան բանակի վերահսկողութեան տակ չեն»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԻ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր. «Լիբանանի մէջ ախորժակներ չունինք, սակայն ապահով գօտիներէն պիտի չհեռանանք, եւ մեր բնակիչները Հըզպալլայի յարձակումներուն ենթակայ պիտի չդարձնենք»:
. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ընթացքէն լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Իսրայէլ Լիբանանին որեւէ խաղաքարտ կամ քայլ պիտի չտայ: Ան դիւանագիտական հոլովոյթին նկատմամբ լուրջ չէ, եւ խնդիրը այն է, որ նախկին բանակցային փուլերուն ընթացքին նախապէս յայտարարուածը իր յարձակումները օրինականացնելու իբրեւ ծածկոյթ կ՛օգտագործէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլ կը փորձէ լիբանանեան դիւանագիտութեան պարտադրել հաւասարակշռութիւն մը, որուն խորագիրն է «Հըզպալլայի զինաթափումը եւ անոր զինուորական կառոյցի կազմաքանդումը ամբողջական կերպով գործադրեցէ՛ք եւ մեզի տուէ՛ք ապահովական կարգաւորումներ ուրուագծող պաշտօնական փաստաթուղթ. միայն այդ ատեն մենք պիտի քննարկենք աստիճանական հեռացման ժամանակացոյցը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը մեծ ջանք կը թափէ զինուորական եւ քաղաքական պատուիրակութիւններու աշխատանքը բանակցային մէկ շրջագիծի մէջ համարկելու համար»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանեան բանակցային պատուիրակութիւնը հանրապետութեան նախագահէն ցուցմունքներ ստացաւ, մինչ նախագահ Աունի եւ պատուիրակութեան պետ Սիմոն Քարամի, դեսպան Նատա Մուաուատի եւ քաղաքային ու զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ հաղորդակցութեան գիծը կը մնայ բաց»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Միայն նախագահ Աունի եւ Թրամփի միջեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ: Նեթանիահուի հետ որեւէ հանդիպում պիտի չըլլայ, իսկ ապագային այդպիսի հանդիպումի մը վերաբերեալ որեւէ քննարկում նախ եւ առաջ կապուած է պատերազմի եւ բանակցութիւններու թղթածրարին մէջ իրողական յառաջընթացի արձանագրման հետ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի անցնող օրերուն ընթացքին մանրամասնօրէն հետեւեցաւ հաղորդակցութիւններու ընթացքին, եւ ներքին ու արտաքին բոլոր շահագրգիռ կողմերուն յղեց յստակ պատգամ մը. «Հըզպալլան իր գործողութիւնները պիտի չդադրեցնէ, եթէ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ գործելու իր ազատութիւնը պահպանէ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանեան պետութիւնը յառաջիկայ օրերուն ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի Լիբանան հաւանական այցելութեան վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական տեղեկութիւն չստացաւ, ինչպէս նաեւ վերջինս հանրապետութեան նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Պէյրութ այցելելու իր մտադրութիւնը չյայտնեց»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն կը սերտէ կարելիութիւնը իրերայաջորդ այցելութիւններ կատարելու Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար` շնորհակալութիւն յայտնելու մագլցումը դադրեցնելու անոնց դերակատարութեան համար եւ խորհրդակցելու յառաջիկայ փուլին ու Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններու հոլովոյթին շուրջ»:
. ՊՐԱՔՍ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վառելանիւթերու գիներու նուազելուն դրական ցուցանիշերը որոշ ատենէ ի վեր սկսան երեւան գալ, մասնաւորաբար մազութի վերաբերեալ, եւ նուազեցման ընթացքը քարիւղի համաշխարհային գիներու նուազելուն լոյսին տակ հաւանաբար շարունակուի»:
. ՎԱՐՉԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Կրթական հետաքննիչ մարմինը Պեքայի եւ Պաալպեք-Հերմելի մէջ կրթական երկու շրջաններ այցելեց եւ երկու շրջաններուն պետերուն գրաւոր կերպով հարցուց պետական քննութիւններու կեդրոնները ապահովելու պատրաստուածութեան մասին: Անոնց պատասխանը այն էր, թէ ատիկա անկարելի է»:


