Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Նահատակութեան 111-Ամեայ Յոբելեանը

June 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական
Կղերի Միաբանութեան եւ Զմմառու Մայրավանքի Մեծաւոր

1 յունիս 1907-ին Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանէն Իգնատիոս վրդ. Մալոյեան, իր աշխատասենեակին մէջ նստած, նամակ կը խմբագրէր` ուղղուած Զմմառու իր սիրելի մեծաւորին` Անդրէաս ծ. վրդ. Աղեքսանդրեանին:

Արդեօք այդ պահուն երիտասարդ վարդապետը կը մտածէ՞ր, որ այս նամակէն ուղիղ ութ տարիներ ետք, ճիշդ միեւնոյն ամսուան ընթացքին` յունիս 1915-ին, պիտի սկսէր իր կեանքի մեծագոյն խաչելութիւնը` դէպի նահատակութիւն եւ անմահութիւն տանող Գողգոթայի ճանապարհը:

Մարտիրոսութեան ուղին` իբրեւ կեանքի նպատակ, մարտիրոսութեան գաղափարը պատահականութիւն չէ, այն իւրայատուկ է մարդոց այն բացառիկ տեսակին, որոնց համար «մահ իմացեալը» ոչ թէ սոսկ կարգախօս է, այլ` կեանքի յստակ ուղի եւ գիտակից նպատակ: Այդպիսին էր Մարտին քաղաքի հերոսական  նահատակ առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանը, որ իր հօտին հանդէպ ունեցած սիրոյն համար անշեղօրէն քալեց դէպի մահ` քրիստոնէական տիրական հաւատքով եւ հայեցի հպարտութեամբ:

Այս տարի, երբ հաւատացելոց բազմութեամբ եւ եկեղեցական շուքով կը յիշատակենք անոր սրբադասումէն ետք առաջին յիշատակութեան տօնը, բարոյական պարտք կը զգանք լոյս սփռել անոր ձեռամբ գրուած պատմական նամակներէն մէկուն վրայ: Այս գրութիւնը, որ կապուած է անոր նահատակութեան ամսուան` յունիսի հետ, մեզի կը բացայայտէ սուրբին ներաշխարհը, անոր վարչական հոգածութիւնն ու մօտալուտ տագնապներու կանխազգացումը:

1896-ին քահանայ ձեռնադրուելով Զմմառու մայրավանքի հասարակութեան հոգեւոր հօր պաշտօնը վարելէն ետք` 1898, հայր Իգնատիոս Մալոյեան պատասխանատու առաքելութիւններ կը ստանձնէ Եգիպտոսի մէջ` Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա, ուր աչքի ինկած էր իր կազմակերպչական ձիրքով եւ հոգեւորականի բարձր արժանիքներով:

Ստորեւ ներկայացուող նամակին մէջ կը տեսնենք եկեղեցական գործերու, տպագրութիւններու եւ գիրքերու փոխադրութեան մտահոգութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ` տողատակի խորունկ տագնապ մը, որ կը վերաբերի ժամանակի քաղաքական ծանր պայմաններուն «Երեմիական ողբերգութիւններ» եւ Աստուծոյ շնորհքին ապաւինելու անոր մշտական պատրաստակամութեան:

Ստորեւ կը հրապարակենք 1 յունիս 1907 թուակիր նամակը` ամբողջական եւ անաղարտ, պահելով բնագիրին հարազատ ուղղագրութիւնն ու ոճը:

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

Աղեքսանդրիա
1 Յունիս 1907

Ամենասիրելի գերապայծառ հայր իմ

Ստացած եմ Ձեր վերջին գրութիւնը տողել ի 1 Մայիսի:

Կը սպասէի հաւատարիմ մարդ մի գտնալ թէնպըր բոսթի երկու տետրերը հետը ղրկելու համար, սակայն չիկրցայ մարդ գտնել, բոսթայի հետ ալ ղրկելու կը վախնամ, մի գոցէ բանան բան մ՛առնուն, ինչ ընելիքս չեմ գիտեր:

Նոյնպէս մոռցած չեմ Եգիպտոսի geride-ը (պաշտօնաթերթ-տեղեկագիր), սակայն ցայժմ նոր տպագրութիւնը չելաւ Գաղիերէն լեզուաւ, թէեւ անգլերէնը եւ Գերմաներէնը տպուած են, քիչ մի սպասեմ, գուցէ չուշանայ, անմեղադիր չըլլաք, ամօթով մնացի Ձեր առջեւ:

Պարապ կը համարիմ ոեւէ լրեր հաղորդել, կամ Երեմիական ողբերգութիւններ կարդալ, հարկ չիկայ, ժամանակիս բերումը այս է, միայն եթէ Աստուած Իր շնորհքը մեզմէ չի վերցնէ: Շատ եւ շատ կը վախնամ:

Ձեր Սուրբ աղօթքէն չիմոռնաք Ձեր անառակ որդին:

Ի վերջոյ յանձնուելով Ձեր Աստուածարեալ հայրական օրհնութեան եւ համբուրելով Սուրբ Աջերնիդ`

Մնամ ի հաւաստիս անկեղծ եւ յարգալից սիրոյ`

Խ. Ո. Ձեր
Ի. Վ. Մալոյեան

Տողատակի մարգարէութիւնը` «Շատ եւ շատ կը վախնամ» նամակին ամէնէն ցնցող բաժինը թերեւս վերջաւորութեան հնչող խոստովանութիւնն է` «Ժամանակիս բերումը այս է, միայն եթէ Աստուած Իր շնորհքը մեզմէ չի վերցնէ: Շատ եւ շատ կը վախնամ»:

Այս տողերը ցոյց կու տան, որ Մալոյեան վարդապետը, Օսմանեան կայսրութեան ներքին փտածութեան եւ հայահալած քաղաքականութեան մութ ամպերը դիտելով` արդէն իսկ կը զգար մեծ փոթորիկին գալուստը: Սակայն, իր մարդկային վախին զուգահեռ, անոր հոգիին մէջ կը բարձրանար Աստուծոյ շնորհքին ապաւինելու հաստատակամութիւնը:

Ութ տարի ետք` 1915-ի յունիսի սկիզբը, երբ Մարտինի կառավարիչ Ռաշիտ պէյի հրամանով կատարուեցան հայոց ձերբակալութիւնները, արքեպիսկոպոս դարձած Իգնատիոս Մալոյեանը այլեւս չէր վախնար: Ան մերժեց իսլամանալու եւ իր հաւատքը դրժելու բոլոր առաջարկները, գօտեպնդեց իր հօտը, վերջին հաղորդութիւնը բաշխեց աքսորի ճանապարհին եւ 11 յունիս 1915-ին, դէպի Տիգրանակերտ տանող ճամբուն վրայ, գնդակահարուեցաւ` դառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ամենապայծառ եւ սուրբ դէմքերէն մէկը:

Այս նամակը սոսկ վարչական թղթակցութիւն չէ, այլ` սուրբի մը հոգեւոր հասունացման վաւերագիրը, որ կը յիշեցնէ մեզի, թէ մեծ յաղթանակները կը սկսին խոնարհ աղօթքով եւ Աստուծոյ կամքին անվերապահ յանձնուելով:

 

 

Նախորդը

Վաստակաւոր Ուսուցիչներու Մեծարանքի Հանդիսութիւն

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալ. Այսօր Կը Սկսի Պատմութեան 23-րդ Մոնտիալը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.