Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 3, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակցային պատուիրակութենէն աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին. «Բանակցութիւնները այս շաբաթ դրական պիտի ըլլան, եւ կը յուսանք, որ Ռուպիոն այսօրուան նիստին ներկայ ըլլայ, սակայն ատիկա տակաւին հաստատ չէ»:

. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ «Ժատիտ»-ի թղթակից. «Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու շարունակութիւնն ու իսրայէլեան ուժերու հեռացումը հետագայ բանակցութիւններուն կապելը այսօր Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն մէջ մեծագոյն տարակարծութեան կէտերը պիտի ըլլան»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Նեթանիահուի վրայ պոռաց եւ անոր հայհոյեց` իսրայէլեան բանակին Պէյրութի վրայ յարձակում գործել ցուցմունք տալուն համար»:

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Ժազիրա»-ին. «Միացեալ Նահանգներ չեն ակնկալեր, որ Իսրայէլ շարունակէ իր քաղաքայիններուն վրայ Հըզպալլայի յարձակումներու շարունակութիւնը հանդուրժել»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Շքիֆի ամրոցին վրայ վերահսկողութեան հաստատումն ու արեւելքէն Տըպպինի շրջանին մէջ յառաջխաղացքը Իսրայէլին կը տրամադրէ յառաջադէմ կրակային հզօրութիւն ու հսկողութեան կարելիութիւն Մարժաայուն-Նապաթիէ ճամբուն եւ գործողութիւններու ընդլայնման համար կը բանայ Քֆար Թպնիթի ու Ալի Թահեր բլուրի ուղղութեամբ ճամբան»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Շքիֆի ամրոցը գրաւեցինք, սակայն տակաւին որեւէ գաղափար չունինք, թէ դէպի ո՛ւր կ՛երթանք: Իսրայէլ Լիբանանի մէջ մաշեցման պատերազմի մէջ կը ներքաշուի»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը Լիբանանի մէջ իր պատերազմին ընթացքին զոհերու եւ վիրաւորներու առումով սուղ գին կը վճարէ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակ. «Մարտին հարաւային Լիբանանի մէջ կռիւները վերսկսելէն ի վեր 26 սպաներ ու զինուորներ սպաննուած են եւ 1180 ուրիշներ վիրաւորուած»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տուեալներուն համաձայն, «Իսրայէլ կը փորձէ վերջին շաբաթներուն իր արձանագրած մարտական յառաջխաղացքը օգտագործել իր բանակային պայմանները բարելաւելու` գետնի վրայ ամրագրելով նոր իրողական կացութիւններ, որոնք սպասուող բանակցութիւններուն ընթացքին անոր ուժի յաւելեալ խաղաքարտեր կը տրամադրեն»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Կը թուի, թէ Իսրայէլ համոզուած է, որ ժամանակի ազդակը ի նպաստ իրեն է, քանի տակաւին կը շարունակէ գետնի վրայ ձեռքբերումներ արձանագրել առանց զինուորական լայնածաւալ ճակատումի, մինչ Պէյրութ իր գրաւը կը դնէ այն ակնկալութեան վրայ, թէ Ամերիկան իր հովանաւորած բանակցային հոլովոյթի փլուզումը պիտի չարտօնէ»:

. ԳԱՀԻՐԷԻ մէջ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Եգիպտոս մտավախութիւն կը յայտնէ, որ լիբանանեան իշխանութեան վրայ ճնշումները շարունակուին` զայն` յառաջիկայ փուլին յաւելեալ զիջումներ կատարելու մղելու համար, առանց պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ իսկական որեւէ համաձայնութեան գոյացման»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանան տակաւին հիմնականին մէջ յոյսը կը դնէ քաղաքական ուղիի վրայ` իբրեւ ներկայիս միակ հասանելի ընտրանք, եւ ստիպողաբար ու ամերիկեան ճնշումներու տակ ընթացաւ ապահովական ուղիով` հակառակ խանդավառ եւ համոզուած չըլլալուն»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պետական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Փարիզ մէկէ աւելի ուղղութեամբ ճնշում կը բանեցնէ եւ ջանք կը թափէ հարաւային Լիբանանի մէջ կոտորածը դադրեցնելու համար, սակայն անոր ջանքերը կը հանդիպին ամերիկեան ու իսրայէլեան անզիջողականութեան եւ այս հարցի շուրջ միջազգային հաղորդակցութիւնները իրենցմով սահմանափակելու յամառութեան»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ապահովական աղբիւր մը «Ուալլա» կայքին. «Մեր սակրաւորներու ուժերը հարաւային լիբանանի մէջ 60 գիւղերու եւ քաղաքներու, ներառեալ Սուրի մէջ կը գործեն»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քասեմ Հաշեմ «Սաութ Քուլ Լուպնան»-ին. «Այսօր խօսքը այլեւս «զսպման հաւասարակշռութեան» մասին չէ, այլ իսրայէլեան զինուորական մեքենային դէմ «աշխարհի տարածքին պաշտպանութեան», թէեւ առաջնահերթութիւնը յարձակումի դադրեցումը եւ մարդկային ու նիւթական կորուստներու կրճատումը դարձած է»:

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Պըրրիի օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ կը գտնուի Տոհա` պաշտօնատարներու հետ շարք մը հանդիպումներ ունենալու համար:

. ՔԱՐԻՒՂ ներածող ընկերութիւններու համախմբումի նախագահ Մարուն Շամմաս «Անպա» օրաթերթին. «Պենզինի սպառումը 2025 թուականի բաղդատմամբ 30 առ հարիւրով նուազեցաւ, եւ շրջանային դրական մթնոլորտը քարիւղի գինի բարձրացման կարելիութիւնը կանգուն կը պահէ»:

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Իրանի Հետ Շրջագծային Համաձայնութիւն Կրնայ Կնքուիլ»

Յաջորդը

Պըրրի. «Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփէն Բացի Ոչ Ոք Կրնայ Իսկական Զինադադար Կնքել»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.