Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկեր Թաթուլ

May 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Ա. ԱՊՏԱԼԵԱՆ

Ոչ եւս է մեր ընկերը` Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանը:

Աշնանային տերեւաթափը անխուսափելի է: Նաեւ` մահը, որ բոլորիս բնական իրաւունքն է: Երբ մահը վրայ կը հասնի եւ մեզմէ կը հեռացնէ մեր ընկերոջ պէս անձնաւորութիւն մը, կարելի չէ չափսոսալ եւ միեւնոյն ժամանակ չմխիթարուիլ:

Ափսոսանք, որովհետեւ ընկեր Թաթուլին նման անձ մը ա՛լ մեզի հետ պիտի չըլլայ: Մխիթարուիլ, որ ան իր կեանքը ի զուր չվատնեց եւ իր գլխագիր գործով վերածուեցաւ ռահվիրայի մը, որ ուղի հարթեց, օրինակ դարձաւ, մտաւորական դաստիարակիչ ժառանգութիւն մը ձգեց, պարտաճանաչօրէն գլուխ հանեց իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները:

Խմբագիրէն` նուիրեալ կուսակցական եւ  միութենական, գործադիր տնօրէնէն` նախաձեռնող եւ կազմակերպիչ, բանաստեղծէն` թարգմանիչ, եւ շարքը երկար է ընկեր Թաթուլին կարողութիւններուն, որոնց գումարն է այս փոքրամարմին, բայց մեծահոգի հայը:

Իր գիտակցական ամբողջ կեանքը նուիրելով ազգին, գաղութին եւ իր պաշտած կազմակերպութիւններուն, ընկեր Թաթուլ վերածուեցաւ օրինակելի տիպարի, որուն թելադրանքները, խորհուրդները, գաղափարները եւ աշխարհայեացքը իսկապէս առաջնորդող, խթանող եւ  դաստիարակող  եղան:

Երբ ստանձնեց ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներուն տնօրինման պատասխանատուութիւնը, ընկեր Թաթուլ ի յայտ բերաւ բացառիկ կարողութիւն, սէր եւ գուրգուրանք, որոնք հիմնուած էին այն խոր համոզման վրայ, որ արխիւները անցեալի վաւերագիրներն են` ուղղելու եւ առաջնորդելու համար մեր ներկան: Երբ ստանձնեց Հայ օգնութեան միութեան պաշտօնաթերթ` «Հայ սիրտ»-ի պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը, ընկեր Թաթուլ իր միտքը, հայերէնի բացառիկ իմացութիւնը եւ խմբագրելու գերազանց կարողութիւնը ի սպաս դրաւ, որպէսզի «Հայ սիրտ»-ը ցոլացնէ ՀՕՄ-ի էութիւնն ու տեսլականը: Երբ նախաձեռնեց Հայ դատի գործունէութեան, հաւատքը միախառնեց ամուր համոզման, թէ առանց հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն հատուցման` արդարութիւն չի կառուցուիր: Երբ մաս կազմեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ իրերայաջորդ կեդրոնական կոմիտէներու, վերածուեցաւ  դաշնակցական արժէքներու եւ գաղափարախօսութեան առաջատար մարտիկներէն մէկուն, որոնց համար Դաշնակցութեան ազգային դերը եւ  դաշնակցականի անսակարկ նուիրումը սոսկ խօսք եւ լոզունգ չեն, այլ` խոր հաւատքի դրսեւորումներ: Երբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի գործունէութեան ծաւալման, գործին լծուեցաւ ամբողջ ուժով եւ իր գործակիցներուն հետ ստեղծեց մշակութային հիանալի մթնոլորտ մը:

Ընկեր Թաթուլ բառին ամբողջական իմաստով եղաւ գաղափարակից ընկեր, նուիրեալ միութենական, հմուտ խմբագիր եւ թարգմանիչ, բառին իմաստ եւ կեանք տուող բանաստեղծ, կշռադատող յօդուածագիր:

Մեր իրականութեան մէջ մեծ բարեբախտութիւն է, որ ունեցած ենք եւ ունինք մեծութիւններ, որոնց փաղանգը միայն ու միայն  անբռնազբօսիկ յարգանք կը պարտադրէ: Ընկեր Թաթուլ այս փաղանգին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մին է, որ քալեց իրեն համար առաջնորդներու վերածուած` Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի ուղիէն, ոգեւորուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչ սերունդով, թեւածեց հայ բանաստեղծութեան հսկաներուն հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ, վերապրեցաւ հայ ժողովուրդին անպատմելի տառապանքը, կորսուած հողը վերածեց ապրող եւ շնչող հայրենիքի, պահանջատիրութեան ջահը ստանձնեց ամենայն յանձնառութեամբ: Այս բոլորին արդիւնքը եղաւ այն, որ ընկեր Թաթուլ ինքն ալ վերածուեցաւ առաջնորդի` իր արժանաւոր դիրքը գրաւելով մեր մեծերուն շարքին:

Մահը անկարող է զգետնել ան, որ իր ֆիզիքական գոյութիւնը կ՛իմաստաւորէ գործով: Ընկեր Թաթուլ այս իրականութեան վառ օրինակներէն է` իր գործով, նուիրումով եւ աշխարհայեացքով:

Ընկեր Թաթուլ միայն ֆիզիքապէս հեռացաւ: Անոր ժառանգութիւնը, տեսլականը, գաղափարները եւ կեանքը դիտելու թաթուլեանական փիլիսոփայութիւնը պիտի շարունակեն զինք սիրողները առաջնորդել: Ասիկա է մեր մեծ ընկերոջ մեզի ձգած ժառանգութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ի Յուշ

Յաջորդը

Կարմիր Գնդակէս` Դէպի Սարդարապատ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.