Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 20, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի  հինգշաբթի, 21 մայիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ կէսօրէ ետք խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի` քննարկելու համար օրակարգի վրայ գտնուող ծրագիրներն ու օրինագիծերը:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Ժազիրա»  արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Իսրայէլի հետ մտադրութիւններու յայտարարութեան ծրագիրը կ՛ուսումնասիրուի ամերիկեան հովանաւորութեամբ եւ տակաւին իր աւարտին չէ հասած:

Աղբիւրը շեշտած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ մագլցումի շարունակութիւնը Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթին վտանգ պիտի ներկայացնէ:

«Ուաշինկթընի յայտնեցինք, որ զինադադարը ամէն ինչի բանալին է, եւ կարելի չէ այս կշռոյթով շարունակել», յայտնած է աղբիւրը` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն մտադիր է լիբանանեան հոլովոյթին մէջ բեկում յառաջացնել, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն զինադադար չ՛ուզեր»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլացիները Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւնները կը դիտարկեն իբրեւ «քաղաքական ֆոլքլոր մը»` նկատի ունենալով, որ ներկայիս անկէ գործնական արդիւնքներ չեն սպասեր»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան վերջին մագլցումը, ըլլայ այդ օդային յարձակումները դէպի Պեքա ընդլայնելով կամ օդային յարձակումներու կշռոյթը բարձրացնելով, անպայման զինուորական վճռումի կարելիութեան նկատմամբ Իսրայէլի վստահութիւնը չ՛արտայայտեր, այլ` իշխող հաստատութեան մէջ հետզհետէ աճող ճգնաժամին մասին կը վկայէ»:

. «ՆԱՇՐԱ» կը գրէ, որ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի երկար ամիսներու պատերազմէն ետք, հակառակ անոր որ վերջինս հարաւային Լիբանանի մէջ գետնի վրայ ազդեցիկ խաղաքարտեր ունի ձեռքը, բայց եւ այնպէս Իսրայէլ տագնապի դէմ յանդիման է եւ քաղաքական առումով չի կրնար վճռական աւարտ տալ պատերազմին:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Զինադադարի ամրապնդման եւ կացութեան դէպի նոր բաց ճակատում ուղղուիլը արգիլելու համար ներքին եւ արտաքին հաղորդակցութիւնները չդադրեցան»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւրներ «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ամերիկեան հսկողութեամբ լիբանանեան-իսրայէլեան զինուորական գործակցութեան վերաբերեալ լուրերը ոչ իրատեսական են:

Լիբանանեան կառավարութենէն Իսրայէլի պահանջները ոչ իրատեսական կը թուին, նշեցին աղբիւրները` աւելցնելով. «Բանակի Հըզպալլան զինաթափելու ծրագիրը արտաքին կողմեր ձախողութեան մատնեցին»:

Աղբիւրները աւելցուցած են, որ զինադադարի ամրապնդման ջանքերը վերջին ժամերուն նահանջ արձանագրած են:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան ուժ մը հարաւային Լիբանանի Ռաշայայի եւ Մարիի միջեւ գտնուող շրջանին մէջ յառաջացաւ եւ շարք մը քաղաքացիներ ձերբակալեց»:

. ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 3042-ի, իսկ վիրաւորներունը` 9301-ի:

. ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Նեհմաթ Մահֆուտ «Անպա» օրաթերթին. «Թշնամիի դիմակայումը միայն զէնքով չ՛ըլլար, այլ նաեւ ուսում եւ կրթութիւն ստանալով»:

. 95 օքթան պենզինին գինը բարձրացաւ 16000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.559.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանին գինը բարձրացաւ 17000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.577.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 10000 լ.ո. եւ հասաւ 2.244.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 54000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.444.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Հաճիեւ. «Հայաստանէն Վտարուած 300 Հազար Ազրպէյճանցի Գաղթականներ Ազրպէյճան Տեղափոխուած Են»

Յաջորդը

Ֆատլալլա. «Եթէ Ամերիկացիները Ստեղծեն Բանակ Մը, Որուն Նպատակը Հըզպալլայի Դէմ Կռուիլն Է, Անոր Դէմ Պիտի Կռուինք, Ինչպէս Իսրայէլեան Բանակին Դէմ Կը Կռուինք»

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.