. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ յայտարարեց. «Առ ի զօրակցութիւն նահատակներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն, գերիներուն, տեղահանուածներուն եւ հարաւի ու յառաջնագիծի գիւղերու մեր ժողովուրդին, եւ աջակցելով անոնց տոկալուն, երկուշաբթի, 25 մայիսը կը յայտարարուի պաշտօնական արձակուրդի օր, եւ բոլոր պետական վարչութիւններն ու հաստատութիւնները, քաղաքապետութիւններն ու անոնց միութիւնները, դպրոցները եւ համալսարանները կը փակուին»:
. ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Պերլին գործընկերներու հետ աշխատանք կը տանի Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնն ու միջազգային մարդասիրական օրէնքի յարգումը երաշխաւորելու համար:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Պետութիւնը իր գրաւը դրած է համաձայնութեան մը վրայ, որ Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռացումը, գերիներուն ազատ արձակումը, գաղթականներուն տունդարձը եւ վերաշինութիւնը կը նախատեսէ, անկախ անկէ, թէ երկրին մէջ կան մարդիկ, որոնք պիտի ընդունին կամ մերժեն այս համաձայնագիրը»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Տակաւին կանուխ է բախումներու թատերաբեմ դարձած շրջաններուն մէջ բանակի տեղակայման, որովհետեւ զինադադարի մեկնարկը նոյնիսկ եթէ կատարուի, անիկա որեւէ պահու տապալման ենթակայ է, եւ տեղակայումը զինադադարի գործադրութիւն եւ իսրայէլեան հեռացումի սկսում կը պահանջէ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կէս գիշերէն սկսեալ ուժի մէջ մտած 45-օրեայ զինադադարը հաւանաբար տարբեր պիտի չըլլայ տարբերակներէն նախկին երկու զինադադարներուն, որոնք մինչեւ հիմա երկու անգամ երկարաձգուեցան: Մասնակի զինադադարը կը թուի այն առաւելագոյնը ըլլալ, որ ներկայ փուլին իշխանութիւնները կրնան ստանալ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Շաբաթ եւ կիրակի օր Պաապտայի պալատին մէջ հաղորդակցութիւնները կեդրոնացան Ուաշինկթընի մէջ համաձայնեցուած 45-օրեայ զինադադարին գործադրութեան վրայ, որ կը սպասուի, որ սկսի կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ կեդրոնացան Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի յարգման երաշխաւորման վրայ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն ուղղակի կապի մէջ է ամերիկացի միջնորդին հետ` Իսրայէլին ստիպելու համար, որ զինադադարը գործադրէ, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կապի մէջ է Հըզպալլայի հետ` համաձայնութեան նկատմամբ անոր յանձնառութիւնը երաշխաւորելու համար»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Վարչապետ Սալամի այցելուները իր մօտէն կը հեռանան այն տպաւորութեամբ, թէ պետութիւնը համոզուած է, որ նուազագոյն բանը, որ ըրած է եւ պիտի շարունակէ ընել, պարտադրելն է երկրի կառավարման մէջ նոր իրողութիւն կամ նոր գործելաոճ մը, որ նախկինէն տարբեր է, եւ անոր խորագիրը այն է, որ բաղադրիչ մաս մը չի կրնար իր ուզած գործելաոճը որոշել կամ պարտադրել»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրի քաղաքապետ Աւիխայ Շթեռն. «Բաւ է հիւսիսի բնակիչներուն սուտ խօսիք. այստեղ զինադադար գոյութիւն չունի»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթ. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարը Հըզպալլայի դէմ պատերազմին մէջ վտանգաւոր պատրանք է, սակայն բացարձակապէս ոչ վնասակար պատրանք չէ, որովհետեւ Իսրայէլի ձեռքերը կը կապէ»:
. ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար «Անպա» օրաթերթին. «Կառավարութեան համաներման օրէնքի նախագիծին նկատմամբ դիրքորոշումը դրական է, եւ ամէն յանցագործի բնական վայրը բանտն է` իր պատիժը կրելու համար»:
. ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Նիզար Հանի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ երկրագործական հողերու շուրջ 22,5 առ հարիւրը ուղղակի կերպով պատերազմէն ազդուած է, եւ սննդական շտապ օգնութեան կարիք ունեցողներուն թիւը 18 առ հարիւրէն 24 առ հարիւրի բարձրացաւ»:


