Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը այսօր հրաւիրեց խորհրդարանին մէջ ժամը 11:00-ին տեղի ունենալիք նիստի մը` շարունակելու համար համաներումի եւ պատիժներու ժամկէտը արտակարգ կերպով նուազեցնելու օրինագիծին քննարկումը:
Կը նշուի, որ եթէ ճշդուած ժամուն օրինաթիւ չգոյանայ, յանձնախումբերը կէս ժամ ետք իրենց անդամներու մէկ երրորդին մասնակցութեամբ կը գումարեն ժողովը:
Պըրրի նաեւ խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց այսօր կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Այն Թինէի մէջ ժողովի:


