. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պետական աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին. «Աշխատանք կը տարուի այս գիշեր ամբողջական զինադադար հաստատելու, եւ կը յուսանք, որ բոլոր կողմերը զայն կը յարգեն»:
. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Լիբանանը երկուշաբթի արշալոյսին պիտի ստուգէ Իսրայէլի զինադադարի պահպանման եւ քաղաքացիական անձերու ու քաղաքային կառոյցներու թիրախաւորման դադրեցման նկատմամբ յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի համապատասխան յանձնառութիւնը` սկսելու իրական դաշտային զինադադարի փուլ, որ հիմք պիտի դնէ այս ամսուան վերջաւորութեան ապահովական հոլովոյթի հարթ մեկնարկին եւ յաջորդ ամսուան սկզբնաւորութեան քաղաքական հոլովոյթի շարունակման համար»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ որեւէ զինուորական-ապահովական համաձայնութիւն պէտք է հիմնուած ըլլայ քաղաքական համաձայնութեան մը վրայ, որուն նշաձողը կը տարուբերի երեք հասկացողութիւններու վրայ, որոնց առաջինը յարաբերութիւններու բնականոնացումն է, որ բացառուած է: Երկրորդը խաղաղութեան համաձայնագիրն է, որ ներկայիս անհաւանական է, իսկ երրորդը պատերազմին վերջ տալու համաձայնութիւնն է»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Լիբանանեան պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ ժամանակացոյցի վերաբերեալ բարեփոխուած տարազ մը խլել. սեղանի վրայ դրուեցաւ ճամբու քարտէս մը, որ կը սկսի զինադադարով ու իսրայէլեան հեռացումով եւ կը հասնի մինչեւ գերիներու փոխանակում, վերաշինութիւն եւ տեղահանուածներու տունդարձ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական ձայնասփիւռի կայանը` մէջբերելով իսրայէլացի նախարար Զէիֆ Իլքինը. «Իսրայէլ Հըզպալլայի հարաւային Լիբանանի մէջ օգտագործած ականուած անօդաչու թռչող սարքերուն վերջ տալու լուծում մը չունի»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին. «Անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու արձակումը պիտի չկարենանք դադրեցնել, մինչեւ հարաւային Լիբանանը ամբողջութեամբ չգրաւենք»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերուն իսրայէլեան լուծումի մը բացակայութեան հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային պատերազմի ընդլայնման հարցը կը քննարկէ»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Իսրայէլ կ՛ուզէ գետնի վրայ նոր իրողութիւն պարտադրել եւ իր գործողութիւնները կ՛ընդլայնէ հասնելու համար Շքիֆի բերդ եւ Լիթանիէն հիւսիս շրջանին մէջ կարգ մը ռազմավարական բլուրներ, եւ կրակոցի միջոցով վերահսկողութեան տակ կ՛ուզէ առնել Նապաթիէն եւ Լիթանի-Աուալի գետերուն միջեւ գտնուող գիւղերն ու Սայտայի եւ Սուրի միջեւ միջազգային ճամբան»:
. ԱՐԵՒՄՈՒՏՔՑԻ դիւանագէտներ «Մուտուն»-ին. «Իսրայէլեան կողմը որեւէ զիջում չկատարեց, եւ տակաւին բանակցային հոլովոյթին մէջ որեւէ իրողական յառաջընթացէ առաջ Հըզպալլայի զինաթափման պայմանին վրայ կը պնդէ»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն կը փորձարկէ նախկինէն աւելի յանդուգն բանակցային ձեւաչափ մը` Լիբանանն ու Իսրայէլը մղել դէպի քաղաքական ու ապահովական զուգահեռ շրջագիծ, մինչ Հըզպալլայի զինաթափման թղթածրարը յետաձգուած կէտ մը ըլլալէն դիւանագիտութեան յառաջընթացը ճշդող պայմանի կը վերածուի»:
. ԸՍՏ «Մուտուն»-ի տեղեկութեան, «Լիբանան բանակցութիւններուն ընթացքին պաշարուած էր իսրայէլեան պայմաններով ու ցուցմունքներով, եւ յստակ էր, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը հարաւի ապագային, Լիբանանի հետ յարաբերութեան եւ բանակի կացութեան ճշդման մէջ իրողական գործընկերներ պիտի ըլլան»:
. ԻՐԱՆԵԱՆ «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ. «Իրան որեւէ բանակցութենէ առաջ պայման կը դնէ բոլոր ճակատներուն վրայ, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ պատերազմը աւարտել»:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի մօտիկ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Ներկայիս առաջնահերթութիւնը, որեւէ այլ թղթածրարէ առաջ, զինադադարի համապարփակ եւ ամբողջական կերպով ամրապնդումն է, եւ աշխատանքը այս հիմամբ կը կատարուի»:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տրամադրուածութեան մասին լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Լիբանանեան միացեալ դիրքորոշումը գոյացաւ` նկատի ունենալով, որ Պըրրի ուղղակի բանակցութիւնները չ՛ընդունիր, սակայն նախագահ Աունին եւ վարչապետ Սալամին կ՛ըսէ, թէ եթէ կը փորձէք զիս հոլովոյթով համոզել, ապա թող համապարփակ զինադադար հաստատուի»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրները «Մուտուն»-ին. «Կուսակցութիւնը Պաապտայի պալատին որեւէ պատգամ չյղեց, նախագահ Աունի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն շուրջ որեւէ քննարկում չկատարեց եւ հաստատ կը մնայ զայն մերժելու իր կեցուածքին վրայ»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան զինք զինաթափելու ներքին որեւէ լուրջ ծրագիր կրնայ նկատել գոյութենական վտանգ մը, որուն կու գայ աւելնալու շրջանային ազդակ մը` որեւէ ամերիկեան-իրանեան անակնկալ փոխըմբռնում մը, որ կարելի չէ անտեսել, եւ ճիշդ ատիկա ամերիկեան դերը աւելի առանցքային կը դարձնէ, ամէն անգամ, որ հոլովոյթը փխրուն երեւի»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նկատուեցաւ, թէ ներկայիս Ժիպէյլի գաւառի եւ Քեսրուանի շիիական գիւղեր տեղահանուած շարք մը տեղահանուածներ առաջին տեղահանութենէն աւելի նուազ թիւով են, որովհետեւ նշեալ գիւղերու բնակիչները, նախկին փորձառութիւններէն մղուած, զանոնք մեծ թիւով հիւրընկալելու նկատմամբ վերապահութիւն յայտնեցին` իրենց անվտանգութեան եւ շրջապատին հետ լաւ յարաբերութիւններուն նկատմամբ նախանձախնդրութենէ մղուած»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն «Տիար» օրաթերթին. «Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցային հոլովոյթը կրնայ լիբանանեան հոլովոյթին օգնել` նկատի ունենալով մէկ կողմէ Իսրայէլի եւ Ուաշինկթընի միջեւ եւ միւս կողմէ Հըզպալլայի եւ Թեհրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերը: Ուստի, շրջանային զարգացումները կրնան Լիբանանին օգնել կամ անոր կացութիւնը բարդացնել»:


