Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 14, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլի եւ լիբանանեան կառավարութեան միջեւ համաձայնութեան գոյացումը կը պահանջէ իրագործումը երկու գլխաւոր հարցերու. առաջինը Իրանի վարչակարգին տկարացումն է, որ տեղի պիտի չունենայ Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի` Իրանի ձեռքէն հարստացուած իւրանիոմը բռնի ուժով առնելէն առաջ, իսկ երկրորդը Հըզպալլան նկատառելի կերպով տկարացնելն է»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Գոյութիւն ունի լիբանանեան պաշտօնական գրաւ, մասնաւորաբար նախագահ Աունի եւ Սալամի կողմէ, որ Իսրայէլ հինգշաբթի օրուան բանակցութեան սկիզբէն առաջ ամբողջական կերպով յարգէ զինադադարը, եւ եթէ այդ մէկը տեղի չունենայ, այդ հարցը պիտի ըլլայ վաղուան ժողովի օրակարգին միակ կէտը, եւ անոր պիտի ընկերակցին շարք մը պահանջներ»:

. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ճիշդ է, որ Լիբանանն ու Իսրայէլը կ՛ուզեն բանակցութիւններու աւարտին նոյն նպատակին` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմներու էջի փակման հասնիլ, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի ցանկալի խաղաղութեան ուղղութեամբ հոլովոյթին մէջ յառաջ ընթանալու համար իր սեփական առաջնահերթութիւններն ու նախապայմանները»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի առաջնահերթութիւնները որեւէ կէտի վրայ չեն համընկնիր, ինչ որ պատերազմի դադրեցման եւ առնուազն երկու կողմերուն միջեւ ապահովական համաձայնութեան հասնելու համար բանակցութիւններուն լրջութիւնը պիտի աւետէր: Թել Աւիւ Լիթանիի հարաւին մէջ երեք շրջաններուն տիրելու իր նպատակներու իրագործումէն առաջ որեւէ զինադադարի յանձնառու պիտի չդառնայ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Վաղը` հինգշաբթի օր Ուաշինկթընի հիւրընկալելիք լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութեան փուլը պիտի կեդրոնանայ զինադադարի երկարաձգման վրայ, սակայն իսրայէլեան պատուիրակութիւնը այս անգամ պիտի պահանջէ գործնական քայլեր, որոնք կը վերաբերին լիբանանեան օրինական զինեալ ուժերուն լիբանանեան հողերուն վրայ անկանոն բոլոր միլիսներու եւ կազմակերպութիւններու ապօրինի զէնքերը գրաւելու հոլովոյթին վերադարձին»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի ժողովներուն նախօրեակին, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ շարք մը հեղինակութիւններու եւ առնչակից ղեկավարներու փոխանցեց զինադադարի ամրագրման շուրջ շարք մը առաջարկներ ու գաղափարներ: Կը սպասուի, որ այսօր ստանայ անոնց պատասխանները, որոնց հիման վրայ ան համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ ամերիկեան կողմին հետ` կատարելու Լիբանանի պահանջը, որ Իսրայէլը պահպանէ զինադադարը` իբրեւ պատերազմը դադրեցնելու համար ապահովական համաձայնագիրի հասնելու նպատակով ուղղակի բանակցութիւններու սկսելու նախապայման»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Այլեւս յստակ է, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն առանձինը կը հետեւի իսրայէլացի թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութիւններու թղթածրարին: Վարչապետարանէն հասնող տուեալները կը հաստատեն, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նախագահ Աունէն կը ծանօթանայ միայն գլխաւոր խորագիրներուն, եւ իր այցելուներուն առջեւ կը կրկնէ, թէ թղթածրարը առաջին օրուընէ ի վեր հանրապետութեան նախագահին ձեռքն է, եւ ինք կը բաւարարուի անոր նկատողութիւնները փոխանցելով դեսպան Սիմոն Քարամին, վերջինիս Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք ճամբորդութենէն առաջ»:

. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի աղբիւրները «Ախպար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը առնչակիցներուն յայտնեց, որ Լիբանան կը մերժէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքներուն պատանդը ըլլալ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ մամլոյ աղբիւրներ նշած են, որ դեսպան Սիմոն Քարամ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներէն խնդրած է հինգշաբթի եւ ուրբաթ օր նախատեսուած բանակցութիւնները դռնփակ կատարել, առանց ժողովներէն ետք յայտարարութիւններու կամ մամլոյ ասուլիսներու»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Դեսպան Սիմոն Քարամ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Մուաուատէն պահանջեց բանակցութեան ընթացքին չմիջամտել եւ մտիկ ընողի ու հետեւողի դերով բաւարարուիլ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի հարցով սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը մտադիր է յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը Պէյրութ այցելել:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Սիւննի երեսփոխաններէն մէկը աշխուժ հանդիպումներ եւ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ հասնելու համար մօտալուտ լուծումի մը, որ կը յանգի ձերբակալեալ իսլամականներու համաներման, ինչ որ երեսփոխանական պլոքներու միջեւ լարուածութեան բարդացման յանգեցուց»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը երէկ գրեց, թէ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, «Հետազօտութիւններու եւ զարգացման կրթական կեդրոնի նիւթերու յանձնախումբերը այսօր պիտի ձեռնարկեն քննարկելու դպրոցներուն եւ երկրորդական վարժարաններուն բաժնուած պաշտօնական քննութիւններուն նախապատրաստուելու եւ պարտադիր դասերու որոշման վերաբերեալ հարցախոյզի արդիւնքները»:

Նախորդը

Թենիս. Ալեքսանտրա Քորնէեւա` Հայաստանի Նոր Աստղը

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց «Քուէյի Մէջ Յեղափոխական Պահակագունդի Կատարած Մերժելի Արարքները

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.