Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Պէտք Է Միասնական Ճակատ Կազմեն Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Բանակցութիւն Վարելէ Առաջ

June 4, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի` հայկական սփիւռքին հետ երկխօսութիւն սկսելու ջանքերուն մասին վերջին յօդուածս բազմաթիւ արձագանգներու արժանացաւ` հայկական եւ թրքական շրջանակներու կողմէ:

Թրքական թերթերը, պատկերասփիւռի ընկերութիւններն ու կայքերը լայնածաւալ լուսաբանութիւններ կատարեցին հայերու հետ կապեր հաստատելու միտող Տաւութօղլուի փորձերուն մասին: Թրքական լրատուական միջոցները արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութիւնը կապեցին 2015-ին` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակման ծրագիրներուն հետ:

Հայերը նոյնպէս մեկնաբանութիւններով ողողեցին համացանցային կայքէջերն ու «Ֆէյսպուք»-ը` յօդուածիս կապակցութեամբ, որ շրջանառուեցաւ ամբողջ աշխարհի տարածքին`  անգլերէն, հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Հայերու արձագանգը, հասկնալիօրէն, լեցուն էր կասկածամտութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ: Հայաստանի պաշտօնատարները հանգիստ կը հետեւէին Տաւութօղլուի հանդիպումներուն վերաբերեալ զեկոյցներուն` զերծ մնալով որեւէ հրապարակային մեկնաբանութիւն կատարելէ, մինչդեռ Պոլսոյ հայկական մամուլը պարզապէս կը վերատպէր այն, ինչ որ այդ թեմային մասին կը հրապարակուէր թրքական մամուլով:

Հայ ընթերցողները յուզեց երկու հարց. ո՞վ պիտի ներկայացնէ սփիւռքը, եթէ հայերը սկսին բանակցութիւններ վարելու Թուրքիոյ հետ, եւ ճշգրիտ ի՞նչ են հայկական պահանջները` Թուրքիոյ կառավարութենէն:

Ասոնք չափազանց բարդ խնդիրներ են, որոնք պէտք է լրջութեամբ դիտարկուին աշխարհասփիւռ հայերուն կողմէ: Իտէալական պիտի ըլլար, եթէ սփիւռքի ներկայացուցիչները ընտրուէին իրենց երկիրներու հայ բնակիչներու քուէներուն միջոցով, ինչպէս առաջարկած էի նախկին յօդուածներուս մէջ: Ընտրուածները իրաւունք պիտի ունենան ներկայացնելու սփիւռքահայութիւնը` որեւէ բանակցութիւններու ընթացքին:

Այս ներկայացուցիչները պէտք է համաձայնեցնեն իրենց որոշումներն ու գործողութիւնները Հայաստանի կառավարութեան հետ, մասնաւորապէս Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ վարելու չափազանց կարեւոր խնդիրին շուրջ` միացեալ  պատուիրակութիւն ստեղծելով: Դասեր քաղելով ձախողած հայ-թրքական արձանագրութիւններու փորձէն, յստակ է, որ հնարաւոր չէ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն հաստատել առանց երկուքին` Հայաստանի եւ սփիւռքի մասնակցութեան եւ համաձայնութեան:

Սփիւռքի ընտրովի կառոյցին բացակայութեան պարագային, հայկական երեք համահայկական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Հայաստանի կառավարութեան հետ միասին, կրնան նախաձեռնել բանակցութիւններու միացեալ խումբի մը կազմութեան: Պատուիրակութիւնը առաւել ներկայացուցչական դարձնելու նպատակով անոր մէջ կրնան ընդգրկուիլ համայնքային գլխաւոր կազմակերպութիւններ եւ ճանչցուած անհատներ, ներառեալ` Թուրքիոյ հայերու ներկայացուցիչը:

Չափազանց կարեւոր այլ հարց մըն ալ թուրք պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններու օրակարգ մշակելն է: Ի՞նչ են հայերու ճշգրիտ պահանջները Թուրքիայէն: Ասիկա շատ լուրջ եւ զգայուն խնդիր մըն է, որ կը պահանջէ Հայկական հարցի մասին խոր գիտակցութիւն եւ բանակցութիւններ վարելու ռազմավարութեան ու մարտավարութեան մասնագիտութիւն:

Հայերուն համար ուսուցողական պիտի ըլլայ դիտել, թէ ինչպէ՛ս Իսրայէլն ու հրէական 23 գլխաւոր կազմակերպութիւններ միաւորուեցան` կազմելով Համաժողով` Գերմանիայէն հրեաներու նիւթական պահանջներուն համար, Ողջակիզման զոհերուն դիմաց փոխհատուցում ստանալու նպատակով, եւ թէ ինչպէ՛ս այս կազմակերպութիւնները համաձայնեցուցին իրենց դիրքորոշումները Իսրայէլի հետ, որ փոխհատուցման առանձին պայմանագիր կնքած էր Արեւմտեան Գերմանիոյ հետ: Տարիներու ընթացքին անոնց միացեալ ջանքերով հրէական սփիւռքի կազմակերպութիւններն ու Իսրայէլը Գերմանիայէն ստացան 70 միլիառ տոլար` որպէս փոխհատուցում:

Կարելի է յաւելեալ դասեր քաղել զանգուածային դատերէ, «էսփեսթոս»-ի ներգործութենէն, ապրանքներու համար պատասխանատուութիւնէն, ինչպէս նաեւ` Նիւ Եորքի Առեւտրական զոյգ շէնքերու կործանումէն եւ Մեքսիքայի ծովածոցը քարիւղ թափելէն յառաջացած ֆինանսական կարգաւորումներու օրինակներէն:

Այնուամենայնիւ, Ողջակիզման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ կարեւոր տարբերութիւն մը կայ: Մինչդեռ հրեաները կոտորուեցան եւրոպական երկիրներու մէջ նացիական իշխանութեան լուծին տակ, հայերը կոտորուեցան եւ բռնի կերպով հեռացուեցան իրենց հայրենիքէն: Ուստի, դրամական ո՛չ մէկ վճարում կրնայ լիովին փոխհատուցել հայերը` իրենց պատմական հողերու կորուստին դիմաց: Հայերը պէտք է ոչ միայն պահանջեն իրենց անձնական կորուստներու փոխհատուցումը, այլ նաեւ` վերադարձը Արեւմտեան Հայաստանին, ինչպէս վճռած էր նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն` պահանջ մը, զոր Թուրքիան շարունակաբար կը մերժէ:

Եթէ լուրջ բանակցութիւններ սկիզբ առնեն, ապա հայերու միացեալ պատուիրակութիւնը պիտի կարենայ Թուրքիայէն պահանջել հետեւեալ նախնական քայլերը, որոնցմով Թուրքիան պիտի ապացուցէ իր բարեացակամութիւնը.

– Փոխհատուցել Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը.

– Վերականգնել եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին վերադարձնել կրօնական բոլոր սրբավայրերը.

– Վերադարձնել բռնագրաւուած անձնական եւ համայնքային բոլոր կալուածները իրենց հայ տէրերուն.

– Ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան համար յատուկ միջանցք մը` Տրապիզոնի թրքական նաւահանգիստը օգտագործելու համար առեւտրային նպատակներով.

– Թոյլ տալ հայերուն` առանց մուտքի արտօնագիրի այցելել Արարատ, Անի եւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայկական այլ պատմական վայրեր.

– Վերացնել Հայաստանի շրջափակումը.

– Վերջ տալ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման պաշտօնական քաղաքականութեան եւ ջնջել Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը.

– Զերծ մնալ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուղղուած թշնամական քաղաքականութենէն:

Համաձայնելու պարագային, այս միջոցառումները զգալի յառաջընթաց պիտի ըլլան Թուրքիայէն հայկական պահանջներու հետապնդման գործին մէջ, մինչդեռ տարածքներու վերադարձի խնդիրին կարելի է առանձնաբար դիմել` միջազգային իրաւական ատեաններ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

 

Նախորդը

Հաճելի Եւ Աշխատանքային Մթնոլորտի «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Բացօթեայ Դասընթացք

Յաջորդը

Այնճարի Մէջ ԼՕԽ-Ի Կազդուրման Նոր Կայանը «Ալեքսան Եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կոչուեցաւ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.