. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները սկսելու պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ գումարուի դեսպաններու մակարդակով առաջին ժողովին նման նախապատրաստական երկրորդ ժողով մը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Տակաւին Միացեալ Նահանգներու կողմէ հանրապետութեան նախագահին Ուաշինկթըն այցելելու հրաւէր չկայ, ո՛չ ալ ճշդուած օրակարգ, սակայն, այդ այցելութեան նկատմամբ որեւէ վերապահութիւն չկայ, այնքան ատեն որ նպատակը Իսրայէլի հետ պատերազմին վերջ տալն ու գերիշխանութեան վերականգնումն է»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթեթին. «Ուաշինկթըն Իրանը մասնակից դարձուց զինադադարին` այն յոյսով, որ Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնելով անոր գոյատեւումը ապահովելու եւ շիի երկեակին ընդդիմութեան արժանացած ուղղակի բանակցութեան մէջ կառավարութեան կողքին կանգնիլ ընդունելու զիջումներ կը ստանայ»:
. ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ առնչակից հեղինակութիւններ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին. «Փաքիստանի մէջ հաղորդակցութիւններու նախնական տուեալները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ զինադադարը կրնայ 50-օրուան վրայ երկարաձգուիլ, եւ անիկա կարգ մը խախտումներէ զուրկ պիտի չըլլայ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Զինադադարը տոկուն է, հակառակ այն իրողութեան, որ իսրայէլեան աւանդական հաշիւներուն համաձայն չէր: Թրամփի զայն անձամբ յայտարարելը անոր քաղաքական մեծ թափ տուաւ, ինչ որ անոր երկարաձգումը չափազանց հաւանական կը դարձնէ»:
. ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ջանքեր կը թափուին պահպանելու զինադադարը, եւ նախագահը այդ ուղղութեամբ իր հաղորդակցութիւնները կը շարունակէ: Այս զինադադարի ամրապնդումը կախեալ է շարք մը ազդակներէ, որոնց առաջինը Իսրայէլի կողմէ չխախտուիլն ու անոր նկատմամբ Հըզպալլայի յանձնառութեան շարունակութիւնն է»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի հետ արաբական հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին այն պահուն, երբ Լիբանան կը պնդէ Նեթանիահուի հետ որեւէ հանդիպում չունենալու իր դիրքորոշման վրայ, փոխարէնը գետնի վրայ տեղի ունենան քայլեր, որոնց միջոցով իշխանութիւնը իր որոշումները գործադրելու նկատմամբ իր լրջութիւնը ցոյց տայ»:
. ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ դիրքորոշումին ծանօթ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը իր նպատակները իրագործելու ձախողելէն ետք յարձակումը կը շարունակէ իր ձախողութիւնը փոխհատուցելու եւ իսրայէլացի բնակեցուածներուն փոխանցելու այն պատգամը, թէ տակաւին Հըզպալլայի վտանգի վերացման համար կ՛աշխատի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը կրակոցով կը պահպանէ արգելակիչ գօտի մը, որպէսզի Լիբանանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին որեւէ հեռացման համար պարտադրէ իր պայմանները, մասնաւորաբար Հըզպալլայի զինաթափումը, ապահովական արգելակիչ գօտիի պարտադրումը եւ խաղաղութեան համաձայնութեան ստորագրումը»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակէն պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին. «Վերջին շաբաթներուն ընթացքին հարաւային Լիբանանի գիւղեր բերուեցան ճարտարապետական տասնեակներով մեքենաներ, որոնք կ՛օգտագործուին քաղաքային կապալառուներու կողմէ, որոնցմէ ոմանք պարգեւներ կը ստանան իրենց քանդած շէնքերու թիւին հիմամբ»:


