Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտածումներ` Աւագ Հինգշաբթիին Մասին

April 2, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ Ա. ՔՀՆՅ. ԹՐԹՌԵԱՆ

Արդէն լրջօրէն սկսած եմ նեղանալ այն տեսերիզներէն, որ երբեմն մեր եկեղեցականները, կամ եկեղեցւոյ երիտասարդ սպասաւորները կը ներկայացնեն` բացատրականներ տալու Աւագ շաբթուան խորհուրդին մասին: Գաղափարը գնահատելի է, սակայն զիս նեղացնողը Աւագ հինգշաբթիի մասին տրուած թերի բացատրողականն է:

Ըստ այս տեսերիզներուն, Աւագ հինգշաբթին կարեւոր է, որովհետեւ առաւօտուն տեղի կ՛ունենայ կարգ ապաշխարողացը, յետմիջօրէին` ոտնլուայի արարողութիւնը, իսկ գիշերը` կարգ չարչարանացը: Առաջարկուած այս ցուցակին մէջ ս. պատարագը ամբողջապէս դուրս մնացած է, եւ այդ ինքնին ցուցանիշ է աւելի մտահոգիչ երեւոյթի մը:

Ոտնլուայի եւ կարգ չարչարանացի արարողութիւնները համեմատաբար աւելի մեծ ժողովրդականութիւն ունին, որովհետեւ ոտնլուայի արարողութեան մէջ Քրիստոսի խոնարհութեան խորհուրդը թատերական կերպով կը ներկայացուի, չմոռնալով հանդերձ Քրիստոսի պատուիրանը` որ Ինք իսկ մեզի տուաւ խոնարհութեան օրինակ մը, եւ թելադրեց, որ մենք նոյնը ընենք իրարու: Իսկ խաւարման գիշերը աւետարանական եօթը ընթերցումները, դերձանը եւ հանգոյցները եւ «Ո՞ւր ես մայր իմ»-ը յուզական աղօթքի եւ խոկումի հարուստ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն:

Կարգ ապաշխարողացը, սակայն, այդպէս չէ: Ոմանք կ՛ըսեն, որ անիկա եղած է քառասնօրեայ պահքէն եկող հաւատացեալներուն արձակում տալու համար: Սակայն ասիկա համոզիչ բացատրութիւն չէ, որովհետեւ նախորդ կիրակին` Ծաղկազարդին ամէն մարդ կրնար հաղորդուիլ` արձակում ստանալէ ետք սուրբ պատարագին ընթացքին: Կարգ ապաշխարողացի իմաստը կը գտնենք նոյնինքն արարողութեան մէջ: Այնտեղ երգուող շարականները Քրիստոսի զոհաբերումին մասին կը խօսին. օրինակ` Օրհնութեան շարականի վերջին տունը հետեւեալը կ՛ըսէ. «Այսօր վերստին նորոգեցաք ի յանիծնց նախահօրն, ճաշակելով զմարմին եւ զարիւն որդւոյն Աստուծոյ»: Հայրերու շարականին` «Հարցին» մէջ ալ նոյն գաղափարն է, որ մեզի կը փոխանցուի:

Կարգ ապաշխարողացը կցուած է սուրբ պատարագին, որ երեկոյեան ժամերգութենէն մեկնելով, սուրբգրային ընթերցումներով կը կամրջուի սուրբ պատարագին: Այս արարողութիւններուն մէջ կան երկու ուշագրաւ երեւոյթներ, որոնցմէ առաջինը երեք երկար աղօթքներ են. անոնցմէ երկուքը կը պատկանին Ս. Բարսեղ Կեսարացի հայրապետին, եւ ասոնց միջեւ կայ մէկ այլ աղօթք մը, որ կը պատկանի Ս. Յովնան Ոսկեբերանին: Այս աղօթքները ունին աստուածաբանական խորք եւ կը քննարկեն` ադամական մեղքը, անկեալ մարդկութիւնը եւ Աստուծոյ գութը,  որ կը յայտնուի Քրիստոսի խաչելութեամբ` որպէս ողջակէզ մարդոց մեղքերուն փրկութեան համար: Կեսարացի հայրապետ աւելի մանրամասն կը գրէ նաեւ ս. հաղորդութեան մասին` շեշտելով, որ անիկա Աստուծոյ մարմինն ու արիւնն է, որ մեզի կը տրուի: Երկրորդ երեւոյթը աստուածաշնչական ընթերցումներն են: Աւետարանի ընթերցումները, առնուած` Մարկոս եւ Մատթէոս աւետարանիչներէն, կը ներկայացնեն Քրիստոսի վերջին ընթրիքը, ուր Յիսուս հացը կը բեկանէ եւ կը բաշխէ իր աշակերտներուն` իբրեւ իր մարմինը, եւ գինին կ՛օրհնէ եւ կու տայ իր աշակերտներուն` իբրեւ իր արիւնը, թելադրելով, որ աշակերտները նոյնը ընեն` յիշելով Քրիստոսը:

Աւետարանէն առաջ եկող ընթերցումները հետեւեալներն են. Մարկոսէն առաջ կը կարդացուի Եսայի մարգարէի գիրքէն` 61:1-7 եւ Առաքեալներու գործերէն 1:15-26: Ընթերցումներու այս ընտրութիւնները ցոյց կու տան, որ, ըստ Եսայի մարգարէին, Փրկիչը Տիրոջ հոգիով լեցուած փրկութիւն պիտի բերէ, եւ նոր քահանաներ պիտի սպասարկեն Աստուծոյ: Գործք առաքելոցի ընթերցումը մեզի կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Մատաթիան կը փոխարինէ Յուդան որպէսզի 12 թիւը մնայ ամբողջական: Իսկ ս. պատարագին Մատթէոսի ընթերցումէն առաջ կը կարդացուի Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն գրած առաջին նամակէն, ուր առաքեալը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս քրիստոնեայ առաջին Եկեղեցին կը մատուցէր սուրբ պատարագը իր սկզբնական ձեւին մէջ:

Այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան, թէ Աւագ հինգշաբթիի ամէնէն կարեւոր խորհուրդը այն է,  որ Եկեղեցին կը յիշէ ս. պատարագի եւ ս. հաղորդութեան խորհուրդի եւ նոր քահանայութեան հաստատումը: Այս խորհրդաւոր պատգամները թաքնուած են մեր Եկեղեցւոյ շարականներուն, աղօթքներուն եւ Աստուածաշունչի ընթերցումներուն մէջ: Երբ մեր հաւատքը մակերեսային պահենք, կը տեսնենք միայն ոտնլուան եւ չարչարանքներուն կարգը, սակայն երբ խորանանք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, այն ատեն կը տեսնենք թէ Աւագ հինգշաբթիի Քրիստոսի խօսքերը` «Առէք կերէք», եւ «Արբէք ի սմանէ ամենեքեան…» իմաստ կու տան Աւագ ուրբաթի Քրիստոսի խաչելութեան, որով հաւատացեալներ խաչին կը նային ոչ թէ որպէս անարդար մահապատիժ, այլ Աստուծոյ սիրոյն մեծագոյն խորհրդանիշը` մարդկութեան հանդէպ:

Ղուկաս աւետարանիչ մեզի կը պատմէ Էմաուս գացող աշակերտներուն դրուագը, ուր անոնք ճամբու ընթացքին կը հանդիպին Յիսուսին, բայց չեն ճանչնար զԱյն: Սակայն երբ Անոր հետ սեղան կը բազմին, եւ Յիսուս հացը կը բեկանէ, իրենց աչքերը կը բացուին եւ կը ճանչնան Քրիստոսը:

Այսօր մենք ալ, այդ աշակերտներուն պէս, սկսած ենք չճանչնալ Քրիստոսը: Սակայն Քրիստոս կը հրաւիրէ մեզ դէպի Իր սեղանը, որպէսզի ոչ միայն ճանչնանք զԻնք, այլ նաեւ մեր սրտերուն մէջ առնենք Զայն ս. հաղորդութեան ճամբով:

 

 

 

 

Նախորդը

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Առկայ Նիստ Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (2 Ապրիլ 2026)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.