Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի շա՛տ յարգելի անդամներ,
Ըստ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի սովորութեան, Գոհաբանութեան տօնին առիթով 2025-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ հանգանակութիւն տեղի պիտի ունենար: Տօնական օրէն քանի մը օր առաջ, երբ կը դիտէի Հայաստանի «Առաջին ալիք» պատկերասփիւռի կայանը, տեսայ, որ կայանի երիտասարդ լրագրողը տեսակցութիւն մը կ՛ունենար հիմնադրամի վարչութեան պատասխանատու կնոջ մը հետ:
Լրագրողին առաջին հարցումը եղաւ այն, թէ որո՞նք հիմնեցին, եւ ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ այս հիմնադրամը: Կինը պահ մը շփոթած պատասխանեց` մարդիկ, եկեղեցի, միութիւններ եւ այլն, բայց յստակ պատասխան մը չկրցաւ տալ եւ սկսաւ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս հիմնադրամի վարչութիւնը որոշումներ կու տայ եւ հանգանակուած գումարները կը գործածէ յօգուտ Արցախի տեղահանուած դժբախտ ժողովուրդին, որ հարկադրաբար ստիպուեցաւ լքել իր հայրենի հողը, եւ մենք ունեցանք հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը:
Մտածեցի, թէ հիմնադրամի այս պատասխանատուն թերեւս շատ բան չի գիտեր հիմնադրամի անցած ուղիին մասին: Ամբողջ զրոյցի ընթացքին ան ոչ մէկ գովաբանական կամ շնորհակալական խօսք ուղղեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստեղծման գաղափարը յղացողներուն կամ իր նախորդներուն, որոնք երեսուն տարիներ շարունակ մեծ յաջողութեամբ գործը յառաջ տարին եւ հասան իրենց նպատակին, որն է` հզօրացնել իրենց շատ սիրած հայրենիքը` Հայաստանն ու Արցախը, ինչպէս նաեւ` պետականութիւնը անոնց, որոնք կենաց մահու գոյապայքար կը մղէին այդ օրերուն:
Այո՛, ես ալ չեմ ճանչնար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հիմնադիր անդամները կամ կազմակերպութիւնները, բայց գիտեմ, որ անոնցմէ կարեւոր մաս մը սփիւռքէն էին: Սփիւռքը իր ամբողջութեամբ` Ամերիկայէն Աւստրալիա, Քանատայէն Եւրոպա, Սուրիա եւ Լիբանան, ամբողջութեամբ փարեցաւ հայրենիքին նիւթապէս թիկունք կանգնելու աշխատանքին եւ իր լիաբուռն ու սրտագին սիրով ընդառաջեց հիմնադրամի կոչերուն եւ մասնակցեցաւ հանգանակութեանց:
Սփիւռքահայութիւնը իր դպրոցներով ու եկեղեցիներով, կրօնական կառոյցներով եւ ազգային կուսակցութիւններով, հակառակ իրարմէ տարբեր ըլլալնուն եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութեանց, միշտ դաստիարակած են մեզ, որ չմոռնանք` մեր հայ ըլլալը, մեր մայրենի լեզուն, մեր սիրելի հայրենիքը, Հայոց պատմութիւնը եւ հայկական մշակոյթը:
Մենք մեծ ցաւով լսած ենք Ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ` վրէժխնդրութեամբ լեցուած: Ցաւով լեցուած ենք նաեւ, երբ Ցեղասպանութենէն ետք կորսնցուցած ենք մեր նորաստեղծ առաջին հանրապետութիւնը եւ Ուիլսընեան Հայաստանի նոր քարտէսը, երբ պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը խորհրդային երկաթեայ վարագոյրով բաժնեց մեզ աշխարհէն:
Այո՛, երկար տարիներ շարունակ համբերութեամբ եւ յոյսով սպասեցինք` հաւատալով, որ պիտի գայ սպասուած օրը, եւ այդ օրը եկաւ, երկաթեայ վարագոյրը պատռեցաւ, աշխարհն ալ մեզի հետ ուրախացաւ, եւ մենք շուտով ունեցանք երկրորդ անկախ հանրապետութիւնը, որուն հռչակումը սփիւռքը դիմաւորեց հրճուանքով: Սփիւռքահայութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ, երբ վերանկախացած Հայաստանը եւ Արցախը կենաց մահու պայքարի վիճակի մէջ էին` շրջապատուած իրենց դարաւոր թշնամիներով, ուստի եւ ստեղծուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը:
Արցախ պատերազմեցաւ եւ յաղթական պետութիւն դարձաւ, սակայն ինչո՞ւ Հայաստանին չմիացաւ` չենք գիտեր, բայց անոնք երկուքն ալ գոյատեւեցին եւ բարգաւաճեցան: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը երկուքին ալ կ՛օժանդակէր, ի պահանջել հարկին` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ լայնածաւալ ծրագիրներ կ՛իրագործէր:
Հայաստան ունեցաւ երեք նախագահներ, որոնք, ըստ երեւոյթին, ունեցած են իրենց տարակարծութիւնները եւ հետապնդած են իրենց անձնական շահերը, քան` հայրենիքի շահն ու կարիքները:
Ի գնահատանք հայրենիքին ի նպաստ սփիւռքի տարած աշխատանքին` ունեցանք սփիւռքի նախարարութիւն: Ասիկա ուրախալի իրողութիւն մըն էր մեզի համար, թերեւս այս ձեւով հայութեան զանազան հատուածները աւելի կը մերձենային իրարու, սակայն ներքին կարգ մը դժգոհութիւններ առիթ դարձան, որ, այսպէս կոչուած, «թաւշեայ յեղափոխութիւն» տեղի ունենայ, եւ Նիկոլ Փաշինեան մէջտեղ գայ` իբրեւ հայրենիքի «փրկարար»:
Սփիւռքը, ինչպէս` Հայաստանի ժողովուրդը, յոյսով էր, որ հայրենիքը դէպի բարելաւում պիտի ընթանայ: Երեւանցիք հրճուանքի մէջ էին ամէնուրեք, սակայն երբ հայութիւնը երգով ու պարով զբաղած էր, մեր թշնամին իր նաւթի հարստութեամբ կը զօրացնէր իր բանակը եւ կը կուտակէր նորագոյն զինատեսակներ: Մինչ երեսուն տարի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչները գացին ու եկան` հաշտութեան առաջարկներ հրամցնելով, սակայն անոնք որեւէ յաջողութիւն չկրցան արձանագրել, թշնամին ալ իր մեծ եղբօր` Թուրքիոյ օժանդակութիւնը ապահոված, 2020-ի սեպտեմբերին պատերազմի սկսաւ Արցախի դէմ եւ 44 օր ետք յաղթական դուրս եկաւ:
Ամէն մարդ կը յուսար, որ Փաշինեան կը հրաժարի:
Բայց ան փարած մնաց իր թաւշեայ գահին:
Ան համոզեց իւրայինները, թէ եղածը նախկին ղեկավարներու սխալներուն պատճառով էր, եւ թէ` իրենք ստիպուած եղած են պատերազմելու, եւ հիմա, երբ այլեւս պարտուած են, պէտք է ենթարկուի, Արցախը իրենց հարցը չէ, իրենք պէտք է մտածեն իրենց ապահովութեան մասին եւ ընեն ամէն ինչ, որպէսզի խաղաղութեամբ ապրին իրենց դրացիներուն հետ:
Ան նախ ջնջեց սփիւռքի նախարարութիւնը, կարծես ըսել կ՛ուզէր, թէ` մենք ձեր խելքին կարիքը չունինք, դրամ ղրկեցէք, բայց մի՛ խառնուիք, թէ ինչի՛ կամ ինչպէ՛ս կը գործածենք զայն: Դուք քուէ չունիք այստեղ, ուրեմն մի՛ խառնուիք մեր գործին: Արարատը Թուրքիոյ մէջ է, մերը չէ, ուստի մոռցէք զայն, մենք ունինք Արագածը: Ինչ որ մեր դրացիները կը նեղացնէ, մոռցէ՛ք, քայլերգէն վնասակար տողեր վերցուցէ՛ք, ի՞նչ պէտք կայ դրացին նեղացնելու, Ցեղասպանութիւնը 110 տարի առաջ եղած է, բան մը չենք կրցած ընել, մոռցէ՛ք, եւ այսպէս, մեր մէկուկէս միլիոն սրբացած նահատակները ուրացաւ:
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ քեզի կարդայ նախատինք»: Արդեօք չե՞ս լսած, պարո՛ն վարչապետ:
«Հայոց պատմութիւն»-ը եղաւ «Հայաստանի պատմութիւն»: Մոռցէ՛ք հինը, իրենք կը կերտեն նորը. պատմութեան գիրքերը «սրբագրուեցան», ճիշդը` պղծուեցան:
Երբ իրենք խաղաղութեամբ պիտի ապրին, ի՞նչ կարիք կայ մեծ բանակի, արդէն զինուորական ծառայութեան երկու տարին նուազեցուցած են մէկուկէսի, բայց միւս կողմէ` ոստիկանութեան թուաքանակը բազմացուցած են, զօրացուցած եւ դիմակաւորած: Նոր ընտրութիւններ պիտի կայացուին, այդ ոստիկանները անհրաժեշտ պիտի ըլլան, որպէսզի ընդդիմադիր քաղաքացիները եւ եկեղեցականները բանտ նետեն, որպէսզի անոնք չխանգարեն իրենց վերընտրութիւնը: Կաթողիկոսը վարչապետին հրսժարականը կը պահանջէ, բայց վեհափառը, ըստ վարչապետին, ի՛նք պէտք է հրաժարի, որովհետեւ վարչապետը «եկեղեցասէր է ու սաղմոսներ` անգիր սորված»:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, սահմանագծում եւ սահմանազատում, ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըլլայ, միայն թէ խաղաղութեան թուղթ մը ստորագրեն: Այսպէս, երկրէ երկիր մուրացկանի պէս շրջեցաւ, մինչեւ որ գտաւ իր նմանը` Միացեալ Նահանգներու հզօր նախագահը, որ խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին սպասելով` միջնորդեց, որ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը հաշտութեան թուղթ մը ստորագրեն այն ակնկալիքով, որ օր մը խաղաղութեան պայմանագիր պիտի ստորագրեն: Այս ուրախ առիթով ալ Փաշինեան համաձայն գտնուեցաւ Թրամփի անունով ճամբայ բանալու: Արդեօք պիտի ստորագրուի՞ խաղաղութեան պայմանագիր:
Սպասենք եւ տեսնենք:
Մինչ այդ վարչապետը կ՛աշխատի ժողովուրդը համոզելու, որ Ռուսիան դաւաճանեց հայութեան, հետեւաբար ինք անկախութեան կը ձգտի` մօտենալով Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկային:
Սակայն, պարո՛ն վարչապետ, թաւշեայ յեղափոխութեամբ ստանձնած հայրենիքդ փոքրացուցիր եւ զայն բազմաթիւ փշոտ հարցերով լեցուցիր: Պարո՛ն վարչապետ, դուն եղար հայոց նոր Վասակը, դուն երբեք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ջատագով պիտի չըլլաս, երբեք խաղաղութիւն պիտի չունենաս, այնքան ատեն որ գլուխդ կախ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշներուն դիմաց:
Ինչ կը վերաբերի մեր կոչին, մենք կը կարծէինք, թէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը միայն Հայաստանի եւ Արցախի համար կը գործէ, ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, բայց` ոչ: Հիմնադրամի պատասխանատու կինը Հայաստանի «Առաջին ալիք» կայանի լրագրողին կը բացատրէր, թէ հիմնադրամը ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր կը ծախսէր իրեն հասած գումարները, մեծ մասը` Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, ինչպէս որ Հոգաբարձուներու խորհուրդը կ՛որոշէ, կամ երբեմն մեծ նուիրատուները իրենք կ՛որոշեն, թէ ինչի՛ եւ ինչպէ՛ս պիտի գործածուի իրենց տուած դրամը: Տիկինը հպարտութեամբ յիշեց, թէ անցեալ տարի, երբ Քալիֆորնիոյ անտառային հրդեհները պատահեցան, հայերը կորսնցուցին դպրոցներ եւ համայնքային կառոյցներ, հայ ընտանիքներ վնաս կրեցին: Հիմնադրամը օգնեց քալիֆորնիահայութեան, որպէսզի հայ երեխաներ կարենան իրենց ուսումը շարունակել հայկական դպրոցներուն մէջ: Ապրի՛ք, շատ լաւ ըրեր էք:
Հիմնադրամը ստեղծուեցաւ, երբ Հայաստան ու Արցախ կենաց մահու պայքար կը մղէին, եւ անոնք հասան իրենց նպատակին: Ինչպէս կը տեսնենք պատկերասփիւռէն եւ Հայաստան գացող-եկողէն, հայրենիքին վիճակը շատ բարեփոխուած է: Կան սակայն արցախցիք, որոնք վերածուած են թշուառ գաղթականներու` ենթարկուած ըլլալով հայկական երկրորդ ցեղասպանութեան:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդին առաջարկս պիտի ըլլայ այն, որ հանգանակուած գումարները բաժնէ երեք հաւասար մասի`
1.- Առաջին մասը յատկացուի Արցախի գաղթականներուն` օգնելով անոնց Արցախ վերադարձին:
2.- Երկրորդ մասը յատկացուի հայոց բանակի զօրացման` զինելով զայն նոր ու արդիական զէնքերով միայն:
3.-Երրորդ մասը յատկացուի լիբանանահայութեան, ներառեալ` Այնճար աւանը, ուր ֆրանսացիները տեղափոխեցին եւ բնակեցուցին մուսալեռցիները, երբ Մուսա Լեռը յանձնեցին Թուրքիոյ: Այդ մասը հաւասարապէս յատկացուի նաեւ սուրիահայութեան, ներառեալ Քեսապին` իր զուտ հայկական գիւղերով, պաշարուած` թրքական սահմանով:
Ինչպէս կը յիշէք, քանի մը տարի առաջ Քեսապը գրաւուեցաւ Թուրքիոյ ու անոր զօրակցութիւնը վայելող խմբաւորումներու կողմէ, եւ ժողովուրդը փախուստ տուաւ Լաթաքիա: Վերջերս ալ Սուրիոյ անտառային հրդեհները այրեցին նաեւ Քեսապի պարտէզներն ու պտղատու ծառեր, որոնք շատերու համար կը հանդիսանան եկամուտի միակ աղբիւրը:
Հետեւաբար, ինչ կը վերաբերի վերոյիշեալ երրորդ կէտին, լիբանանահայութիւնը եւ սուրիահայութիւնը կը մղեն կենաց մահու պայքար` դրամանիշի անկումի, սղաճի եւ ժողովուրդի մեծամասնութեան գաղթին պատճառով: Այո՛, կենաց մահու վիճակ կը տիրէ. Աստուած մի՛ արասցէ, եղած ալ կրնանք կորսնցնել: Ո՛վ սփիւռք, ժամանակն է, որ մենք զմեզ փրկենք:
ՄՏԱՀՈԳ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԸ


