Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ» Այսօր Կ՛ամբողջանայ Քառորդ Աւարտականի Քառեակը

March 18, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր տեղի կ՛ունենան «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի երկրորդ օրուան մրցումները, ուր Պարսելոնա եւ Լիվըրփուլ շատ կարեւոր մրցումներ ունին յաջորդաբար Նիւքեսըլի եւ Կալաթասարայի դէմ:

Պայերն Միւնիխ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ բաւական մեծ քայլ մը առած էին` երթի մրցումներուն մեծ յաղթանակներ արձանագրելով:

Պայերն Միւնիխ, որ Իտալիոյ մէջ 6-1 արդիւնքով կրցած էր ջախջախիչ արդիւնք արձանագրել Պերկամոյի Աթալանթայի դէմ, այսօր հարցի առջեւ կը գտնուի, մանաւանդ որ խումբին 3 բերդապահներն ալ վիրաւոր են, եւ շատ հաւանաբար Լէոնարտ Փրեսքոթ (16 տարեկան) դաշտ ներկայանայ:

Արդարեւ, Մանուէլ Նոյըր մկանի հարց ունի եւ քանի մը մրցումէ կը բացակայի: Պահեստի բերդապահ Եոնաս Ուրպիկ Աթալանթայի դէմ մրցումին գլխէն վիրաւորուած էր, եւ ուղեղի ցնցում ունենալով կը բացակայի: 3-րդ բերդապահը, որ Պայեր Լեւերքուզընի դէմ դաշտ ներկայացած էր` Ցվան Ուլիրիշ, մկանը պատռած էր եւ ինքնաբերաբար կարողութիւն չունի մասնակցելու:

Պայերն Միւնիխի պահեստի խումբի բերդապահը` Եաննիւ Պարթլ (19 տարեկան) գրեթէ անփորձ է եւ միջազգային ելոյթ ունեցած չէ, մինչ Լէոնարտ Փրեսքոթ, որ 16 տարեկան է, Գերմանիոյ 17 տարեկանէն վար ազգային խումբի բերդապահն է եւ համեմատաբար աւելի փորձառու է եւ կրնայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ամէնէն կրտսեր բերդապահը ըլլալ այսօր (եթէ խաղայ անշուշտ): Աւելի՛ն, խմբապետ Եոշուա Քիմիչ, որ Նոյըրի բացակայութեան խմբապետի պաշտօնը կը ստանձնէր, դեղին քարտերու կուտակումով իր կարգին պիտի բացակայի Մայքըլ Օլիսէի կողքին (դեղին քարտեր), մինչ Ալֆոնսօ Տէյվիս եւ Ժամալ Մուսխալա իրենց կարգին միացան Հիրոքի Իթոյի, որ արդէն իսկ վիրաւոր էր:

Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ 5-2 արդիւնքով յաղթած էր Թոթենհամին, դժուար թէ անակնկալ «ծանր» պարտութիւն կրէ Լոնտոնի մէջ, մանաւանդ որ Թոթենհամ այս տարեշրջանին այդքան ալ լաւ արդիւնքներ ձեռք չի ձգեր, մինչ սպանական խումբը իր կարգին դիւրին պատառ մը չէ:

Պարսելոնա շատ հաւանականութիւն ունի Նիւքեսըլին յաղթելու, նոյնիսկ առանց Ալեխանտրօ Պալտէի, Անտրէաս Քրիսթենսենի, Ֆրանքի Տէ Եոնկի եւ Ժիւլ Քունտէյ, որոնք վիրաւոր են: Նիւքեսըլ կայուն խումբ մը չէ եւ բնաւ չէ կրցած յաղթել սպանական խումբին` պարտուելով Սպանիոյ մէջ իր բոլոր նախկին ելոյթներուն:

Անկայուն վիճակի մէջ կը գտնուի նաեւ Լիվըրփուլ, ուր երթին 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Թուրքիոյ մէջ` Կալաթասարայէն:

8 անգամ այս խումբերը մրցած են իրար դէմ, եւ Լիվըրփուլ միայն մէկ անգամ կրցած է յաղթել, այդ ալ 2006-ին (3-2), 5 պարտութիւններու կողքին:

Յուսանք, որ թուղթի վրայ հաշիւները կը մնան թուղթի վրայ, երբ դաշտի վրայ յաղթէ Լիվըրփուլ ու հասնի քառորդ աւարտական:

Կալաթասարայէն պիտի բացակային յետսապահներ Տաւինսոն Սանչես (Քոլոպիա) եւ Մեթեհան Պալթաճը կախակայումի պատճառով:

Նշենք, որ Պարսելոնա – Նիւքեսըլ մրցումը ժամը 19:45-ին է, իսկ մնացեալ 3 մրցումները` 22:00-ին:

Նախորդը

Լափորթա Վերընտրուեցաւ Պարսելոնայի Նախագահ

Յաջորդը

«Այս Տարուան Յունուար-Փետրուար Ամիսներուն Ազրպէյճանը Հայաստան Արտածած Է Աւելի Քան 4 Միլիոն Տոլարի Արտադրանք» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Պետական Մաքսային Կոմիտէն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.