Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծերուն Պատերազմը, Մարդկութեան Պարտութիւնը

March 14, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ

Պատերազմը միշտ ստիպած է մարդիկ կողմ ընտրելու:  Նոյնիսկ անոնք, որոնք հեռու են մարտադաշտէն եւ կռուի կողմերէն, յաճախ կը զգան անհրաժեշտութիւնը յայտարարելու, թէ ո՛ր կողմին կողքը կը կանգնին: Ոմանք բնազդաբար կը պաշտպանեն տկարը` մղուած կարեկցութենէ, համակրանքէ  (բնորոշեցէք ինչպէս որ ուզէք), թերեւս նաեւ` արդարութեան զգացումէն: Ուրիշներ կը միանան այն կողմին, որուն յաղթանակը աւելի հաւանական կը թուի, տարուելով անոր ուժէն ու հզօրութենէն: Այս վերջինը ինծի կը յիշեցնէ երեխաները, որոնք պասքէթի կամ ֆութպոլի խաղերուն զօրաւորը կ՛ընտրեն:

Այսօր այս բնազդը աւելի հեռու գացած է: Սրճարաններու ու ճաշարաններու մէջ, ընթրիքի սեղաններուն շուրջ եւ մանաւանդ ընկերային ցանցերուն վրայ մարդիկ կը վիճաբանին, թէ ո՛ր կողմը պէտք է պաշտպանել: Ընկերներու, ընտանիքներու եւ անծանօթներու միջեւ վէճեր կը բռնկին, շատ անգամ նաեւ` առցանց:

Մարդիկ իրենց «կողմը» կը պաշտպանեն մեծ կիրքով, երբեմն ալ յարձակելով անոնց վրայ, որոնք պատերազմին ուրիշ դիտանկիւնէ կը մօտենան: Ասիկա կը սկսի նմանիլ կարծիքներու տարօրինակ մարտադաշտի մը, ուր բառերը կը փոխարինեն զէնքերը, եւ կողմի մը հանդէպ հաւատարմութիւնը կը դառնայ ինքնութեան նշան:

Սակայն հակասութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ բացայայտ կերպով, արդարեւ մինչ մարդիկ ապահով իրենց տուներուն մէջ կամ իրենց հեռախօսներու ետին կը վիճին, իսկական մարտադաշտին վրայ երկու կողմերէն ալ մարդիկ կը մեռնին:

Պատերազմը ֆութպոլի խաղ մը չէ: Այս է իրականութիւնը:

Իւրաքանչիւր համազգեստի ետին կայ կեանք մը, ընտանիք մը, պատմութիւն մը, որ յանկարծ կ՛ընդատուի, կանգ կ՛առնէ:  Մարտադաշտէն անդին ամբողջ հասարակութիւններ գինը կը վճարեն: Քաղաքներ կը քանդուին, սերունդներ կը մեծնան վէրքերով ու դառն յիշողութիւններով, իսկ աշխարհի տնտեսութիւնները կը կործանին` քարիւղի գինէն սկսեալ մինչեւ առօրեայ ամէնէն սովորական ապրանքներու սակը:

Այսքան համաշխարայնացած աշխարհի մը մէջ ոչ մէկ պատերազմ իսկապէս հեռու է: Անոր հետեւանքները կը շրջանցեն սահմաններ ու կ՛երթան շատ աւելի հեռու, երբեք չեն սահմանափակուիր ռազմաճակատներով:

Աւելի մտահոգիչն այն է, թէ որքան դիւրութեամբ պատերազմները կը պարզացուին` զանոնք վերածելով բարիի ու չարի պատմութիւններու: Իրականութիւնը հազուադէպօրէն այդքան պարզ է: Պատերազմները բարդ են` լեցուն պատմութեամբ, քաղաքականութեամբ, վախով, աւերով, մահերով, խոցերով, հպարտութեամբ եւ թիւրիմացութիւններով:

Սակայն, քսանմէկերորդ դարուն մարդկութիւնը ունի գիտելիք, արհեստագիտութիւն եւ հաղորդակցութեան արդի միջոցներ, որոնց մասին նախորդ սերունդները չէին կրնար երազել իսկ:

Այս բոլորին համար ալ այսօր մենք մեզ կը կոչենք քաղաքակիրթ աշխարհ:

Իսկական քաղաքակիրթ աշխարհ մը իր յառաջընթացը պիտի չափէ ոչ թէ պատերազմ մղելու իր կարողութեամբ, այլ` պատերազմէ մը խուսափելու:

Թերեւս իսկական հարցը այն չէ, թէ ո՛ր կողմը կ՛ընտրենք, այլ`  դարերու պատերազմներէն ետք արդեօք այդ բոլորէն բան մը սորվա՞ծ ենք:

Որովհետեւ երբ ծուխը կը մարի եւ յաղթանակները կը հռչակուին, մէկ ճշմարտութիւն կը մնայ` պատերազմին ընթացքին, ի վերջոյ, պարտուողը միշտ մարդկութիւնն է:

 

 

Նախորդը

Փոխան Խմբագրականի. Դաշնակցութեան Մշտնջենաւոր Այժմէականութիւնը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Մեր Ազգային Պարտաւորութիւնը` Զինեալ Դիմադրութիւններուն Զօրակցելու Եւ Միահեծան Աշխարհ Ստեղծելու Քայլերը Մերժելու

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.