Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Նման Է Նացի Ղեկավարներուն

March 14, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Դառնութեամբ կարդացի «Ասպարէզ»-ի փետրուար 21-ի թիւին մէջ գրուած կարճ յօդուած մը, որուն վերնագիրն էր` «Ալիեւ հայ գերիները նմանցուց նացի ղեկավարներուն»:

Եկուր` հայ եղիր եւ պաղարիւնութեամբ կարդայ գրուածը: Ըստ թերթին, դէպքը կը պատահի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին ներկայութեան, ուր ուրիշ հարցերու քննութեան կողքին, նաեւ հարց կը տրուի Պաքուի հայ գերիներու վերադարձին մասին:

Վերջը, երբ Ի. Ալիեւ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ֆրանս 24»-ի թղթակիցին հետ, ան յայտարարեց, թէ Արցախի նախկին առաջնորդները պիտի չվերադարձուին, որովհետեւ անոնք իբր թէ լուրջ յանցանքներ գործած են մարդկութեան դէմ` հայ գերիները նմանեցնելով Գերմանիոյ առաջնորդներուն, որոնք դատապարտուած էին նիւրենպերկեան դատարանով, ու քմծիծաղով հարց կու տայ, թէ ո՞վ կրնար գալ ու այդ դատապարտուածներուն ազատ արձակումը խնդրել անոնց դատապարտումէն ետք:

Այո՛, պր. Ալիեւ, քու այդ հարցումովդ դուն զքեզ դատապարտեցիր:

Արցախի հայութիւնը միջազգային իրաւունքի օրէնքով քուէարկեց ու ջախջախիչ մեծամասնութիւն կազմելով` ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ արցախցիները կ՛ուզեն ապրիլ ազատ ու անկախ, իսկ երբ պէտք եղաւ, կռուեցան, եղան ազատ ու կերտեցին իրենց անկախ պետութիւնը:

Ձեր կողմէ անօրինաբար պահուող կալանաւորները` Արցախի օրինաւոր առաջնորդները, ոչ մէկ անգամ դատապարտուած են իբրեւ ցեղասպան:

Նիւրենպերկեան դատարանը չէր քններ գերմանացի զինուորական առաջնորդները իրենց պատերազմական գործողութեանց համար` իրենց դրացի եւրոպական երկիրներուն ու աշխարհի դէմ, այլ զանոնք դատապարտեցին, ինչպէս դուք կ՛ըսէք, մարդկութեան դէմ շատ լուրջ յանցանքներ գործելու համար, եւ այդ յանցանքները հրեաներուն ահռելի ցեղասպանութիւնն էր:

Իրենց ղեկավարը` Հիթլեր, երբ կը հրահանգէր հրեայ ժողովուրդը ցեղասպանել, իր ղեկավարներուն ըսաւ, թէ` «Աշխարհիս վրայ այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերուն ցեղասպանութիւնը», որ գործուած էր թուրք օսմանեան պետութեան կողմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, 1915-ին: Աշխարհը յիշեց, ու Նիւրենպերկով տուաւ արդար պատիժը` գերմանացի յանցաւորներու արդար պատիժը:

Իսկ դուք, հետեւելով օսմանեան կառավարութեան ժառանգորդի օրինակին, անոր խրատին, ինչպէս նաեւ` անոր օգնութեամբ, կատարեցիք հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը` ամբողջ աշխարհին աչքերուն առջեւ:

Քու ցեղասպան քաղաքականութիւնդ, ինչպէս` երկարատեւ շրջափակում, ժողովուրդը սովի մատնել, ռազմական բռնութեամբ բռնի տեղահանութիւն, եւ այսպէս, կազմակերպուած ցեղային զտում, միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ ցեղասպանութիւն նկատուեցաւ:

Բայց, ինչպէս առաջինին պարագային, այս անգամ եւս ոչ մէկ բան ըրին` քաղաքական եւ քարիւղի վերաբերող տարբեր շահերէ տարուած:

Սակայն մենք կը հաւատանք, որ կու գայ օրը, մենք յուսահատ չենք:

Դո՛ւք դատեցէք, թէ ո՛վ կամ որոնք են նմանը նիւրենպերկեան դատապարտուած նացի ղեկավարներուն:

Որքան գիտեմ, Փաշինեանի վարչակարգը չէր հետաքրքրուած Արցախի գերիներու հարցով, հակառակ անոր որ ունեցան բազմաթիւ առիթներ, երբ կրնային խնդրել կամ պնդել անոնց ազատ արձակումը, բայց չըրին յայտնի պատճառներով, իսկ ներկայիս, իրենց ժողովուրդին աչքին փոշի ցանելու պէս, կ՛ուզեն ցոյց տալ, թէ իրենք կը հետաքրքրուին գերիներով, նոյնիսկ` ազդեցիկ  մարդոց ներկայութեան, բայց  բան մը չեն կրնար ընել: Հարց է, թէ չե՞ն կրնար, թէ՞ չեն ուզեր:

Վերջը բարին ըլլայ, երբ այժմ աշխարհ զբաղած է ուրիշ պատերազմով:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Մարտ 2026)

Յաջորդը

Լեզուական Ինքնութիւն Եւ Թուային Իրականութիւն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.