Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

March 4, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Կ՛ըսուէր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները դրական ընթացք ունին: Անուղղակի բանակցութիւններու երրորդ հանգրուանին յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, տեսակէտները մօտեցած են եւ միայն գործնական բնոյթի արհեստագիտական հարցեր մնացած են: Որոշուած է շաբաթ մը ետք նոր նիստ մը գումարել, Վիեննայի մէջ այս անգամ, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կեդրոնատեղիին մօտիկ:

Միացեալ Նահանգները կը յայտարարէին, որ կը նախընտրեն դիւանագիտական լուծումը, մինչ տենդոտ նախապատրաստութիւն կը տեսնէին ուժային լուծման մը նախատեսութեամբ: Ուժի ցուցադրութիւնը մղած էր Իրանը կատարելու անհրաժեշտ առաւելագոյն զիջումները, միաժամանակ պահանջելով իր տնտեսութիւնը շնչահեղձ դարձնող պատժամիջոցներու չեղարկումը: Իրանի պահանջը յարգումն էր իր գերիշխանութեան:

Այս պայմաններուն մէջ, ինչպէ՞ս հասկնալ Իրանի վրայ յարձակումին տրամաբանութիւնը: Յայտնապէս` Իսրայէլի հետ արդէն համաձայնեցուած ըլլալու իրողութեամբ: Եթէ Իսրայէլ կը գտնէ, որ իր զաւթողական քաղաքականութեան հակադարձելու ատակ ուժ մը կայ, չի տատամսիր եւ կը ձեռնարկէ այդ ուժը քանդելու աշխատանքին: Իր քաղաքական վարքագիծին հակադրուելու կարելիութեան կասկածանքն անգամ Իսրայէլը կը մղէ նախազգուշութեան ծայրայեղ միջոցներու դիմելու:

Հարց կը յառաջանայ. Միացեալ Նահանգներ կը գործեն Իսրայէլի պահանջներո՞ւն համաձայն, թէ՞ իբրեւ միաբեւեռ աշխարհ մը կառուցող խաղաղարար մեծ պետութիւն: Անկայուն Իրան մը արդեօ՞ք Մերձաւոր Արեւելքի եւ անկէ անդին` աշխարհի համար աւելի վտանգաւոր չէ:

Այս տողերը չեն նշանակեր, որ ջերմ կողմնակից ենք Իրանի կրօնապետական վարչաձեւին: Ամէն ժողովուրդ ինք կ՛որոշէ իր պետութեան վարչաձեւը, որ այդ ժողովուրդի պատմութեան, նկարագրին, աւանդական սովորութիւններուն արգասիքն է: Ինքնորոշման իրաւունքը նաեւ ա՛յս ազատութիւնը կ՛ենթադրէ, իսկ ժողովրդավարական փոփոխութիւնները ժամանակ խլող երկարատեւ հոլովոյթ կը պահանջեն: Բարեփոխումներ իրականացնելու համար նախընտրելի  է օժանդակել: Ուժային ստիպումը աւելի արմատականացման կ՛առաջնորդէ:

Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու պատերազմը Իրանի դէմ սկսաւ գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի եւ քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներու սպանութեամբ: Իրենց հակադրուող, զիրենք քննադատող խմբաւորումներն ու պետութիւնները ահաբեկչական որակող ամերիկացիները ահաբեկչական արարք գործեցին: Ինչ արդարացում ալ մոգոնեն, արհեստագիտական իրենց կարելիութիւններուն օգտագործմամբ կատարուած սպանութիւնները չեն կրնար համարուիլ պատերազմական բնական գործողութիւններ. անոնք պատերազմական ոճիրներու դասակարգումին կը պատշաճին:

Ինչպէս Կազայի պատերազմի պարագային, լիբանանեան Հըզպալլա կազմակերպութիւնը մարտական թատերաբեմ դուրս եկաւ: Իսրայէլ նախազգուշացուցած էր, որ Հըզպալլայի միջամտութեան պարագային, ինք ամբողջ Լիբանանը պատասխանատու պիտի համարէ եւ դիմէ համապատասխան գործողութիւններու: Ինքնապաշտպանութեան միջոցներէ զուրկ Լիբանան կրկին մխրճուեցաւ պատերազմական թոհուբոհին մէջ եւ հարկադրուեցաւ բարձր գին վճարելու` մահերով, վիրաւորներով եւ քանդումներով:

Լիբանանեան պետութիւնը որոշած էր թշնամիին դէմ ինքնապաշտպանութիւն պիտակով զինեալ խմբաւորումները եւ անոնց մէջ գլխաւորը` Հըզպալլան, զինաթափել: Լիբանանեան բանակին վերադարձնել միակ զինուորական ուժը ներկայացնելու բնական կարգավիճակը: Այս գծով աշխատանքները կ՛ընթանային զգուշաւորութեամբ, որպէսզի երկիրը չմատնուի ապահովական անկայունութեան:

Հըզպալլայի անորակելի անպատասխանատուութեան բերումով, Լիբանան անգամ մը եւս կ՛ենթարկուի իսրայէլեան լայնածաւալ ներխուժումի: Կառավարութիւնը արտակարգ նիստ մը գումարելով որոշեց Հըզպալլայի արարքը ապօրինի որակել եւ արգիլել ամէն գործողութիւն: Լիբանանեան բոլոր ուժերուն կողմէ ողջունելի որակուած որոշումը խիզախ է եւ լիբանանեան պետութեան կողմէ աննախընթաց: Եթէ Հըզպալլան չ՛ենթարկուի, լիբանանեան բանակը ի վիճակի՞ է արգիլելու Հըզպալլայի գործողութիւնները: Նման արգելք, բանակը կը դնէ… Թշնամիին հետ գործակցողի վիճակի մէջ: Ողջմտութիւնը, Լիբանանի գերակայ շահերու գիտակցութիւնը պէտք է առաջնորդեն ամերիկեան եւ իսրայէլեան գործողութիւններուն հակազդելու փորձութեան մերժումին: Հըզպալլա պէտք է ցոյց տայ Լիբանանի շահերը գերադասելու իր ունակութիւնը եւ դադրի պետութեան մէջ պետութիւն դառնալէ:

 

 

Նախորդը

Ազատութեան Համար Պայքարի Ձայնը Երբեք Չի Լռում*

Յաջորդը

Իզաք Տրոկպա Միացաւ Հայքին

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայ Դաստիարակին Կոչումը Երէկ Եւ Այսօր (Ուսուցչաց Տօն)

March 9, 2026
Նամականի
Անդրադարձ

Մեր Խարիսխը Արդէն Ձեր Ծովուն Յատակին Է. Ֆրանսայի Հակահետախուզական Գործակալութիւնը Խիստ Զեկոյց Մը Հրապարակած Է Երկրին Մէջ «Իսլամ Եղբայրներ»-ու Գործունէութեան Մասին

March 9, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (4)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (4)

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.