Երեւանի Նոան պատմական յաղթանակ տարաւ Նետերլանտներու Ա. Զ. Ալքմաարի դէմ 1-0 արդիւնքով, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն գծով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Յովհաննէս Համբարձումեան 52-րդ վայրկեանին` անզսպելի ռմբային հարուածով մը, Էլտեր Ֆերէյրայի փոխանցումէն ետք: Ասիկա 34 տարեկան Համբարձումեանի 45-րդ մրցումն էր եւրոպական բաժակներու գծով:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 փետրուարին Ալքմաարի դաշտին վրայ, որմէ ետք կը պարզուի 1/8-րդ հանգրուան հասնող խումբը:
Այս հանդիպումը եղաւ հայկական ակումբին առաջինը` Եւրոպայի բաժակներու 1/16-րդ հանգրուանին, եւ առաջին մրցումին իսկ յաղթանակ կրցաւ արձանագրել:
Մեծ թիւով ֆութպոլասէրներու կողքին աշխարհահռչակ հայ մարզիկներ ալ ներկայ էին պատուոյ թրիպիւնին վրայ` քաջալերելու Նոա ակումբը: «Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի աստղ Արման Ծառուկեան, Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, ինչպէս նաեւ ըմբշամարտի յայտնի դէմքեր` չորս անգամ Եւրոպայի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան եւ Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Ռոման Ամոյեան:
Այս յաղթանակէն ետք Հայաստան բարձրացաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 2025-2026 տարեշրջանի գործակիցներու աղիւսակի 33-րդ դիրք: Հայաստան այժմ ունի 15.062 կէտ եւ ախոյեանութեան ուժի համաձայն անցաւ շարք մը մրցակիցներէն:
Այս դասաւորման պատճառով Հայաստան կրնայ ունենալ յաւելեալ ներկայացուցիչ մը, որ կրնայ մասնակցիլ «Եուրոփա լիկ»-ին:


