«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Օրլանտօ Մեճիք 131-94 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Օրլանտօ Մեճիք անձնական մրցանիշ ձեռք ձգեց 27 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով, ուր Փաուլօ Պանչերօ 30 կէտ ձեռք ձգեց Սաքրամենթոյի դէմ, որ իր յաջորդական 15-րդ պարտութիւնը կրեց:
Քեւին Տիւրենթ 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հիուսթըն Ռոքեթցի, որ 105-101 արդիւնքով յաղթեց Չարլոթ Հորնեթցին:
Ճէյմս Հարտըն իր նոր խումբին` Քլիվլենտ Քեվելիրզի հետ 16 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց 112-84 արդիւնքով յաղթանակին` Պրուքլին Նեթցի դէմ:
Քէյտ Քանինկհեմ 42 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ 126-111 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Եորք Նիքսին, այս վերջինիս «Մետեսըն Սքուեր Կարտըն»-ի դաշտին վրայ: Ճէյլըն Պրանսըն 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիքսի:
Պենետիքթ Մաթուրին 38 կէտ նշանակեց` առաջնորդելով Լոս Անճելըս Քլիփըրզը, որ 115-114 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցին: Նիքոլա Եոքիչ 22 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տենվըրի:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ 121-94 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆինիքս Սանզը: Վիքթոր Ուեմպանամա 17 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սփըրզի:


