Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղատիպ Հրատարակութիւն Մը Եւս…

February 11, 2026
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Արուեստագէտը եւ արուեստաբանը

«Իմաստութիւնը սորվեցուց ինծի, որ ես ոչինչ եմ, Ստեղծագործութիւնը սորվեցուց ինծի, որ ես ամէն ինչ եմ: Իսկ իմ կեանքս կը հոսի իմաստութեան եւ ստեղծագործութեան միջեւ»

ԳԷՈՐԳ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ, գեղանկարիչ

 Արուեստաբան Մ. Ս. Հերկելեանի հեղինակութեամբ, վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Նոյեան տապան» հրատարակչատան «Featured Artists» մատենաշարի իններորդ հատորը անգլերէն լեզուով: Առցանց կապը. https://gevorgart.com/  https://www.noahsark-gallery.com/

Խմբագիր` Էլօ Սարաճեան, ձեւաւորող` Շուշան Տատիկեան,  լուսանկարիչ` Սուրէն Գրիգորեան: Պատկերագիրքը, որ նուիրուած է Գէորգ Եղիազարեանի ստեղծագործական կեանքին, դրուած է «Ժամանակի եւ տարածականութեան միջեւ» ընդհանուր խորագիրին տակ եւ կը բաղկանայ հինգ խորիմաստ գլուխներէ` «Կեանքի յարակարծութիւնը», «Ականատեսի վկայութիւնը», «Ժամանակը միջոցին մէջ կամ միջոցը ժամանակի մէջ», «Բազմալեզու դիմանկարներ» եւ «Սէր առաւել սէր»: Այս հատորի մէջ տեղ գտած է նաեւ գրականագիտութեան դոկտոր Թամարա Յովհաննիսեանին ուշագրաւ յօդուածը, զոր արժէ հրատարակել այլ առիթով: Գէորգի արուեստի բնոյթի եւ անոր բովանդակութեան մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար ստորեւ թարգմանաբար կու տանք յառաջաբանը ամբողջութեամբ:

«Յաւիտենական Կեանքի Էութենական Արձագանգները…»

«Life is a full of strange absurdities ties, which strangely enough, do not even need to appear plausible, since they are true»

Luigi Pirandello

Իրականութեան մէջ  անհեթեթի գրականութեան ներկայացուցիչներու (A. Camus, S. Beckett, F.Kafka, J.-P. Sartre  J.A. Adamov, H. Pinter, E. Ionesco, J. Genet…) մենաշնորհը չէ անհեթեթի մտայղացքը, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմի հետեւանքը կը համարուի: Եթէ գրականութեան պարագային այս մէկը ճիշդ է, ապա կերպարուեստի պարագային ճշմարտութիւնը տարբեր է: Ի սկզբանէ կեանքին մէջ անպակաս եղած են թէ՛ բնական աղէտները եւ թէ՛ պատերազմները, որոնք տարերայնօրէն ստեղծած են անհեթեթ իրավիճակներ, (Statuses), որոնք ենթագիտակցաբար դրսեւորուած են կերպարուեստի մէջ… առաւել կամ նուազ չափով: Այսօր, երբ միջազգային գետնի վրայ տեղի կ՛ունենան անտրամաբանական ու անիմաստ թուացող երեւոյթներ ու իրավիճակներ, անոնց տակը գոյութիւն ունին  տրամաբանական ու իմաստաւորուած իրողութիւններ, որոնք աւելի ճշմարիտ են, քան` տեսանելին ու շօշափելին: Մեր առօրեայ կեանքին մէջ եւս տեղի ունեցող երեւոյթներէն շատ շատեր անտրամաբանական ու «անիմաստ» կը թուին մեզի: Փաստօրէն,  սակայն, արտաքին երեւոյթներու տակ անթեղուած կը մնան անշօշափելի ու բարդ ճշմարտութիւններ, որոնք իբրեւ ոգեղէն իրողութիւններ` բնազդաբար եւ տարերայնօրէն կը դրսեւորուին իրաւ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններու մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ Գէորգ Եղիազարեանը կը խուսափի տաղտկալի առօրեայէն ու շօշափելի միջավայրէն, եւ «կ՛ապաստանի» ոգեղէն ոլորտներու մէջ: Այս պարագային, երբ ոգեղէն կ՛ըսենք, պէտք չէ հասկնալ կրօնականը եւ կամ  կոյր հաւատքը աստուածայինի հանդէպ, այլ խօսքը կը վերաբերի մարդու ենթագիտակից ներաշխարհին, ուր աթեղուած կը յամենան առհաւական երեւոյթներ, տեսիլքներ կամ կեանքի փորձառութիւններէն ու փորձութիւններէն ստացած տպաւորութիւններ: Այս տագնապահար արուեստագէտը, վստահելէ ետք կեանքի քուրային մէջ տաղուած իր ենթագիտակիցին, անընդհատ կը պեղէ իր ներաշխարհը, ուր կ՛որոնէ ժամանակի ընթացքին իր մէջ կուտակուած ոգեղէն, սակայն «լքուած» մտապատկերները, որոնք կը բացուին  ժամանակի հոսանքին վրայ… իբրեւ յաւիտենական կեանքի էութենական արձագանգներ:

«Անժամանակ ժամանակի մէջ»
11-րորդ դարու Վասպուրականի «Խիզան» դպրոցի մանրանկարի մանրամաս «sacrifice of Abraham»

Օրինակի համար, իր «Ամենամօր» (First Mother Goddess) կերպարները կեանքէն  առնուած մօր եւ երեխայի փոխյարաբերութիւնները դրսեւորող «Մայրութիւններ» (Motherhood) չեն: Կապ չունին նաեւ սրբանկարչութեան մէջ ի յայտ եկած «Տիրամայրը Մանկան հետ», «Madonna and Child» թեմային հետ: Այլ Գէորգի մայրն ու մանուկը միատեղ պատկերած ստեղծագործութիւնները կը խորհրդանշեն «Ամենամայրը»` իբրեւ կեանքի աղբիւր, իբրեւ աստուածային իգական ստեղծագործ ուժ: Այնպէս, ինչպէս` շումերներուն «Ինաննան»-ն, բաբելացիներուն  «Իշտար»-ը, հնդիկներուն «Տեւին»-ին, հին եգիպտացիներուն «Իզիս»-ը, հայերուն «Ծովինար»-ը, հրեաներուն «Եւան»-եւ կամ հին յոյներուն «Գայան»-ն: Սակայն եթէ հնագոյն մշակոյթներու մէջ «Ամենամօր» կերպարները հանդէս կու գան առանձինն, ապա Գէորգ «Ամենամայրը»` կը պատկերէ մանկան հետ միասին` իբրեւ մէկ էակ, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Բնաւ պատահական չէ, որ Գէորգը կեանքի անմահութեան նուիրուած իր ստեղծագործութիւններուն տուած է տարբեր անուններ, ինչպէս` «Յաւիտենականութեան խորհրդանշան», «Լռութեան շերտերը», «Անժամանակ արձագանգ», «Վճիռ», «Երկուութիւն», «Երջանկութիւն» եւ այլն:

«Բազմաշերտ գիտակցութիւն»
«Չորրորդ տարածականութիւն»

Գէորգին յղացած «Ամենամօր» կերպարները  թէեւ կը բխին իր ցեղային ակունքներէն, սակայն բեկուելէ ետք եռեւեփող իր պատմամշակութային պրիսմակին վրայ, կը բացուին ժամանակներու մէջ` իբրեւ «անսկիզբ ու անվախճան» կեանքի խորհրդանշան: Հոս մայրն ու երեխան` իբրեւ զիրար ամբողջացնող ու զիրար պայմանաւորող երկու առանձին էակներ, թէ՛ մարմնապէս եւ թէ՛ հոգեպէս կը ձուլուին իրարու մէջ, իրարու հետ եւ հանդէս կու գան իբրեւ մէկ ու միասնական «սրբութիւն»: Անոնց մարմինները ներդաշնակ ձեւազեղծումներով ագուցուած են իրարու, զիրար պայմանաւորող եւ զիրար լրացնող` իբրեւ մէկ էակ: Այս պատճառով ալ անոնք երկուքը միասին ունին` երկու ձեռք, մէկ մարմին, մէկ դէմք, որ սակայն կը պատկերուի թէ՛ դիմացէն եւ թէ՛ կողքէն:

Նոյնիսկ երբ «Երկուութիւն» կ՛անուանէ իր ստեղծագործութիւններէն մէկը (ուր իրարու մէջ ագուցուած մայրն ու երեխան պատկերուած են ձկան հետ), իր ակնարկութիւնը կ՛երթայ «Ամենամօր» միասնական կերպարին` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, թէկուզ` ձկան հետ միասին, որովհետեւ ձուկը եւս պաշտուած է հայկական բարձրաւանդակին վրայ` իբրեւ ջուրի խոհրդանշան եւ կեանքի աղբիւր:

Անընդհատ բեղմնաւոր որոնումներու հետամուտ այս ստեղծագործողը երբեմն կը պատկերէ նաեւ, երկուքի փոխարէն, իրարու մէջ ագուցուած երեք դէմքեր, որոնք սակայն  մէկ անձնաւորութեան երեք բաղադրիչները չեն, քրիստոնէական «Երրորդութեան»  նման, այլ` ընդհակառակը, մէկ մարմնի մէջ ձուլուած տարբեր անհատականութիւններ, այնպէս` ինչպէս հնդկական բազմագլուխ ու բազմաձեռք դիցերն ու դիցուհիներն են: Հոս կարծէք թէ ինք եւս` իբրեւ ստեղծագործող, կը փորձէ ձուլուիլ իր իսկ կերտած կերպարներու մէջ եւ անոնց հետ…

«Բազմապատկուած ինքնադիմանկար»

Երբ Փապլօ Փիքասոն կ՛ըսէ. «Ես առարկաները կը պատկերեմ այնպէս, ինչպէս կը մտածեմ անոնց մասին եւ ոչ թէ ինչպէս կը տեսնեմ զանոնք», ան ինքն իրեն կը վերապահէ պատկերելու որեւէ բան, այնպէս, ինչպէս կը մտածէ անոր մասին եւ ոչ թէ այնպէս, ինչպէս կ՛երեւի իրեն: Ան  խուսափելէ ետք ճշմարիտ թուացող արտաքին երեւոյթներէն, կը վերակերտէ մարդկային «Դէմքը»` համաձայն իր  մտքի թռիչքի հոգեմտաւոր ընկալումներուն: Փաստօրէն ան կնոջ դէմքն ու անոր աչքերը  կը պատկերէ միաժամանակ թէ՛ դիմացէն եւ թէ՛ կողքէն իրարու մէջ եւ իրարու վրայ: Այսպիսով,  Փիքասօ ճեղքած եւ երկուքի բաժնած կ՛ըլլայ կերպարը` յաճախ ցոյց տալով անոր երկակի բնոյթն ու երբեմն նաեւ «երկերեսանի» ըլլալու անոր խառնուածքը: Գէորգը, մեկնելով նոյն սկզբունքէն, երկու բոլորովին տարբեր անձնաւորութիւններ` մայրն ու նորածինը, իրարու կ՛ընդելուզէ ու կը ստեղծէ կերպար մը, որ իր մէջ կը խտացնէ մէկ կողմէ մայրական կենսատու աւիշն, իսկ միւս կողմէ` մանկական մաքրամաքուր անմեղութիւնը, սակայն` միասնաբար եւ միաժամանակ:

«Տիեզերական թռիչք»

Թէեւ Գէորգի դէմքի ձեւազեղծումները ներշնչուած կը թուին ըլլալ Փիքասոյէն, սակայն իրականութիւնը այլ է: Արուեստի պատմութեան մէջ կը հանդիպինք թէ՛ դիմացէն եւ թէ՛ կողքէն պատկերուած բազմաթիւ դէմքերու: Հին եգիպտական մշակոյթին մէջ նկարիչները պարտաւոր էին կողքի վրայ աչքը ամբողջութեամբ դիմացէն պատկերելու, որովհետեւ աչքը անձնաւորուած էր, կը պաշտուէր իբրեւ աստուածային կատարելութիւն եւ կարելի չէր զայն աղաւաղել եւ կողքէն պատկերել: Նոյնի՛սկ կիսադէմի վրայ աչքը դիմացէն պէտք էր պատկերուէր, որպէսզի ամբողջութեամբ երեւի: Հակառակ անոր որ նման կրօնական խիստ օրէնքներ չունէին միւս հին ժողովուրդները, սակայն ոմանց մշակոյթներու մէջ եւս պարբերաբար կը հանդիպինք նմանօրինակ «վրիպումներու», ինչպէս` Էդրուսքեան, մինոյեան, ազթեք-թոլթեքեան եւ կամ յունական որմնանկարչութեան եւ սափորանկարչութեան մէջ եւ այլն: Թէեւ բացառուած չէ, որ արեւելեան, հնդկական եւ նոյնիսկ եւրոպական մանրանկարչական արուեստի մէջ եւս որոշ օրինակներու հանդիպինք, սակայն հայկական մանրանկարչութեան մէջ այն ի յայտ կու գայ շեշտուած ձեւով: Օրինակի համար, տասնհինգերորդ դարուն Վասպուրականի «Խիզան»-ի մանրանկարչական դպրոցին պատկանող մագաղաթէ մատեանի մը մէջ կայ մանրանկար մը, ուր պատկերուած է Աբրահամի` Իսահակը զոհաբերելու մէկ տեսարանը: Հոս` Աբրահամի կիսադէմին վրայ պատկերուած են անոր զոյգ աչքերը ամբողջութեամբ դիմացէն: Մենք գիտենք, որ բոլոր ժամանակներու բացառիկ հանճարներէն մէկը` Փապլօ Փիքասոն,  տեւականօրէն կ՛ուսումնասիրէր աշխարհի տարբեր մշակոյթները եւ հետամուտ էր անոնցմէ սորվելու եւ ներշնչուելու: Նոյնը կ՛ընէ նաեւ Գէորգ: Աւելի հաւանական կը թուի ըլլալ, որ ոչ թէ Գէորգ ներշնչուած է Փիքասոյէն, այլ երկուքը միասին ներշնչուած կը թուին ըլլալ նոյն աղբիւրներէն, մանաւանդ որ հին եգիպտական եւ հայկական մանրանկարչական օրինակները խօսուն են եւ ուսանելի:

Գէորգ եթէ մէկ կողմէ կը խորանայ ու կը փորձէ հասնիլ մինչեւ մարդ էակի ներաշխարհի ակունքներուն` իբրեւ «Ամենամայր», ապա միւս կողմէ` ան թափ կու տայ իր երեւակայութեան եւ այս անգամ կը փորձէ հասնիլ ու խուսանաւել տիեզերքի անհունութեան մէջ` իբրեւ կին, որոնք սակայն մարմնեղէն եւ ցանկայարոյց էգեր չեն եւ ոչ ալ սիրուն ու գրաւիչ մերկուհիներ են անոնք, այլ  անդրաշխարհային բնոյթի տագնապահար էակներ կը թուին ըլլալ, որոնց սեռը այնքան ալ յստակ չէ: Անջրպետի անհունութեան մէջ թափառելու եւ սաւառնելու ընթացքին երբեմն անոնք կը հանդիպին ժամանակակից քաղաքակրթութեան հետքերու (ինչպէս` քառակուսիներ, կլորներ, եռանկիւններ…), որոնք սակայն կարծէք թէ կը կաշկանդեն ու կը խոչընդոտեն «Կիներու» ընթացքն ու անոնց ազատ ճախրանքը:

Եթէ առաջինի պարագային Գէորգ աստուածայինը կը փնտռէ մարդու ներաշխարհէն ներս, ապա երկրորդի պարագային ան մարդկայինը կ՛որոնէ աստուածային տիեզերական ոլորտներու մէջ…

 

 

Նախորդը

Քեսապի Հոգեւոր Կեանքը Եւ Յարանուանութիւններ Ու Դպրոցներ

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Լռութեան Գինը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Տեսակէտ. Եղանակի Տեսութիւն Ե.

February 23, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմական Տեղադրում Եւ Ապրող Պաստառներ

February 9, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.