Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՏՊԱՐԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՎԱՃԱՌՔԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

April 9, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առաջնորդ սրբազանը ներկաներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը

«Տան մէջ մեր վարքով ու կեցուածքով գիրքին նկատմամբ սէր սերմանենք մանուկներու հոգիներուն մէջ», յայտարարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան երէկ` ուրբաթ, 8 ապրիլի երեկոյեան կայացած մանկապատանեկան մշակութային իւրայատուկ նախաձեռնութեան առիթով:

Արդարեւ, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, ազգային, միութենական, կուսակցական ներկայացուցիչներու եւ դպրոցներու տնօրէններու, ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ մանուկներու հոծ բազմութեան, երէկ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքին:

Համազգայինի գրատարածի անձնակազմէն Արմիկ Քերքեզեան ձեռնարկին բացումը կատարելով յայտնեց, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ նախագահութեամբ քաթարաբնակ Արսէն եւ Սօսի Հալաճեան ամոլին:

Այս առիթով Քերքեզեան շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին, Հալաճեան ամոլին եւ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերող ու գործակցող հայ թէ օտար հրատարակչատուներու, «Վանայ Ձայն»ին եւ «Ազդակ»ին: Ապա ան ներկայացուց յայտագիրը:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Գեղամ արք. Խաչերեան նշեց, որ հակառակ անոր որ հետզհետէ կը նահանջէ գիրքին ներկայութիւնը, այսուհանդերձ այսօր առիթ է քաջալերելու մանուկները, որ սիրեն ու հետաքրքրուին գիրքերով:

Առաջնորդ սրբազանը վերյիշեց, թէ ինչպէ՛ս իր մանկութեան օրերուն եւ իր ողբացեալ մօր քաջալերանքով ու «ֆինանսաւորումով» 27 լիբ. ոսկիով բաժանորդագրուած էր «Աշակերտին բարեկամը» գիրքին, Կիլիկեան վարժարանին մէջ:

«Բա՛ց գիրքը եւ կարդա՛» նշանախօսքով ամերիկեան Փիթսպուրկ համալսարանի մէկ ուսումնասիրութիւնը նշելով` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ ըստ նշեալ ուսումնասիրութեան, համացանցի եւ յարակից նորութիւններուն հետեւող պատանիներու հոգեկան վիճակը կ՛ըլլայ աւելի անկայուն, քան այն մանուկները, որոնք գիրք կը կարդան:

«Մենք որակի տագնապ ունինք, որովհետեւ գնահատող չկայ որակաւոր աշխատանքը», շարունակեց Գեղամ արք. Խաչերեան` կոչ ուղղելով ծնողներուն, որ իրենց իսկ կեցուածքով ու տան մէջ դրսեւորուած վարք ու բարքով օրինակ դառնան ու գիրքին նկատմամբ սէր սերմանեն մանուկներուն մօտ: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Համազգայինի հրատարակչատան եւ գրատարածի այս նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ այս հաստատութիւնը միայն գրավաճառանոց չէ, այլ ունի աւելի խոր ու մշակութային առաքելութիւն:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, մինչեւ 17 ապրիլ, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Նախորդը

ՀԵԸ. ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՊՐԻԼԻ ՆԻՒԹԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.