Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Պրիւքսելի մէջ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան խորհուրդի խորհրդաժողովի մասնակցութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործընկերութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Քալլաս հանդիպումի ընթացքին ընդգծած է. «Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանին աջակցելու եւ աշխատանք տանելու լիբանանեան-եւրոպական գործընկերութիւնը ռազմավարական ու համապարփակ յարաբերութեան մակարդակի բարձրացնելու, անմիջապէս որ պահանջուած բարեկարգումները գործադրուին»:
Ան ողջունած է Լիբանանի` բարեկարգումներու գործադրութեան եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու համար իրագործած յառաջընթացը:
Ռաժժի նաեւ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան Միջին Արեւելքի հարցերով յանձնակատար Տուպրովքա Սուիչայի հետ եւ անոր հետ քննարկած հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ իբրեւ կայունութեան ուղի լիբանանեան բանակին աջակցութիւնը:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցած է իր իրլանտացի պաշտօնակից Ալին Մաքենթիի հետ, որ շեշտեց. «Լիբանանի կայունութիւնը այլեւս ամբողջովին եւրոպական հարցի վերածուած է` նկատի ունենալով շրջանի անվտանգութեան վրայ անոր ուղղակի ազդեցութիւնները»:
Ան վերահաստատեց «ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն նկատմամբ իր երկրին յանձնառութիւնը»:


