Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Մար Մըխայելի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, 27 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Ռուհ Պէյրութ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի 90-ամեակի նշում եւ պարգեւատրում:
Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու ջանքերով եւ անոնց ծառայութեան ի խնդիր Քարանթինայի մէջ հիմնադրուած այս մասնաճիւղը 90 տարիներ շարունակ գործեց շրջանի հայորդիներուն զգացնելով, որ իրենք առանձին ու լքեալ չեն, ծերունիին տուաւ գոյատեւելու կարելիութիւն ու ուժ, հիւանդին` պայքարերու կամք, որբին` ջերմութիւն ու գուրգուրանք, աշակերտին` ուսանելու առիթ: Քարանթային հիւղաւաններէն իր երթը գծեց դէպի քարաշէն յարկաբաժիններ նոյն սկզբունքով ու նպատակով` ծառայել, նեցուկ կանգնիլ, միասնաբար շարունակել գոյատեւման ուղին:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ մասնաճիւղի ատենապետ Արփի Մինասեան-Կոստանեան: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Քարանթինայի մէջ մասնաճիւղի հիմնադրութեան, որ տեղի ունեցած է 1935 թուականին եւ օրին կոչուած է «Քարանթինա» մասնաճիւղ: 1938-ին շրջանին մէջ հիմնուած է առաջին դարմանատունը: 1963 թուականին տեղի ունեցած է Քարանթինայի հիւղաւաններու առաջին հրդեհը, որմէ ետք մասնաճիւղը փոխադրուելով Մար Մըխայէլ` կոչուած է «Աստղիկ»: Արփի Մինասեան-Կոստանեան դիտել տուաւ, որ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով վարչութիւնը յարմար նկատած է յատուկ ձեռնարկով մը յիշատակել տարբեր փուլեր շրջանցած, սակայն միշտ իր առաքելութեան մէջ անսասան մնացած մասնաճիւղի 90 տարիներու երթը եւ այդ առիթով պարգեւատրել երէց ԼՕԽ-ականները, որոնք միշտ կամաւորաբար եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ ստանձնած ու կատարած են միութենական տարբեր աշխատանքներ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն ԼՕԽ-ականներուն, որոնք անցեալէն մինչեւ այսօր իրենց ժամանակը, ուժը եւ սիրտը նուիրած են միութեան յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման ի նպաստ` շեշտելով, որ անոնք օրինակ դարձան սերունդներուն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համեստութեամբ, բայց անսասան հաստատակամութեամբ կառուցել միութիւն մը: Ուրիշեան հաստատեց, որ այդ նուիրեալներուն աշխատանքը կը վկայէ, թէ «Աստղիկ» մասնաճիւղը իր 90-ամեայ կեանքով միայն միութիւն մը չէ, այլ ընտանիք մըն է, որ կը հասնի իր շրջապատին ամէնէն ծանր պահուն, աւելցնելով, որ մասնաճիւղին 90-ամեակը պատմական հանգրուան մըն է, ուր կը միախառնուին անցեալը, ներկան եւ ապագան: Անցեալը` իրենց վաստակով, ներկան` իրենց ուժով եւ ապագան` իրենց յուսադէմ հաւատքով:
Եզրափակելով իր խօսքը` Թ. Ուրիշեան շնորհաւորեց մասնաճիւղին 90-ամեակը` մաղթելով, որ իրենց առաքինի, անսպառ ուժը մնայ անկոտրում:
Շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ երկար տարիներու քահանայ հայրը` Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեան, իր սրտի խօսքը գրութեամբ մը յղած էր, եւ զայն կարդաց եկեղեցւոյ երկար տարիներու դպրուհի Շուշիկ Տուտաքեանը:
Իր խօսքին մէջ քահանայ հայրը յայտնած էր, որ 90 տարիներու ընթացքին ժրաջան եւ աշխատասէր խաչուհիներ իրենց հոգիէն, սրտէն, աշխատանքէն, նիւթականէն եւ ժամանակէն անձնուէր զոհողութեան բաժին մը դրին մարդասիրական եւ բարեսիրական այս միութեան գանձանակին մէջ: Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեան բարձրօրէն գնահատած եւ շնորհաւորած էր պարգեւատրուողները` մաղթելով, որ անոնք լաւ օրինակ ըլլան եկող սերունդին` քրիստոնէական հաւատքով շարունակելու այս սրբազան գործը:
Այնուհետեւ Արփի Մինասեան-Կոստանեան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ պարգեւատրուող ԼՕԽ-ականներուն մասին: Պարգեւատրուեցան մասնաճիւղի հետեւեալ անդամները` Անի Աքսքալեան, Մարի Բարսեղեան, Այտա Գրգոչեան, Հրաչուհի Գույումճեան, Հելէն Դարբինեան, Ճենի Թորոսեան, Անժէլ Խալոյեան, Ժանեթ Հարմանտայեան, Ատէլ Մազըճեան, Սեդա Մուրատեան, Շաքէ Գրմըզեան, Սեդա Չուլճեան, Մատլէն Տուտաքեան, Վարդուհի Մեշեճեան, Մարօ Պաստաճեան, Աստղիկ Հապպուշ, Քնարիկ Կետիկեան, Վերա Յովհաննէսեան, Վերա Ազատեան:

Աւարտին «Աստղիկ» մասնաճիւղի անդամներէն Նորա Բարսեղեան շնորհաւորեց «Աստղիկ» մասնաճիւղին 90-ամեակը, դրուատեց հակառակ ամէն դժուարութեան մնայուն կերպով գետնի վրայ գործած մասնաճիւղին անդամները` յատուկ կերպով յիշատակելով մասնաճիւղին երկարամեայ ատենապետ Արփի Մինասեան-Կոստանեանին, որ միշտ ներկայութիւն է շրջանին մէջ, յատկապէս` «Քորոնա»-ի ժամանակաշրջանին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք, ան անտեսելով իր հարցերը` փորձած էր ձեռք երկարել շրջանի հայորդիներուն: Այս առիթով, իբրեւ երախտագիտութիւն, ան ծաղկեփունջով մը շնորհակալութիւն յայտնեց Արփի Մինասեան-Կոստանեանին եւ մասնաճիւղի վարչութեան ու անդամներուն, որոնց ծառայութիւնը լաւագոյն փաստն ու պատգամն է ԼՕԽ-ի գործունէութեան:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ Հրակ Քերսոյեան, իսկ Շահէ Աւագեան ջութակով նուագեց մեղմ երաժշտական կտորներ:



