27 նոյեմբերին «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր եւ յատկանշական բացման արարողութիւն` գերձայնային գործիքի (Ultrasound Machine) եւ ըմպելի ջուրի զտման կայանի գործարկման առիթով , որոնք նուիրուած են Ճափոնի ժողովուրդին կողմէ: Նոր սարքերը հաստատութեան առողջապահական ծառայութիւններուն կը շնորհեն նոր որակ եւ ընդարձակ հնարաւորութիւններ:
Արարողութեան սկիզբը հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան կեդրոնի մուտքին դիմաւորեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մասայուքի Մակոշին` երկու փոքրիկ մանուկներու հետ, որոնք հագած էին հայկական աւանդական տարազ եւ ներկայացան հայկական լաւաշով ու աղով` մեր ժողովրդի հիւրընկալութեան եւ օրհնութեան խորհրդանշական արարողութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Լիբանանի առողջապահութեան նախարար տոքթ. Ռաքան Նասսըրէտտին, նախարարութեան հանրային առողջութեան բաժնի ղեկավար տոքթ. Ռանտա Համատ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան, համայնքապետներ, նախկին նախարարներ, «Գարակէօզեան» հաստատութեան վարչական կազմի անդամներ, նախագահներ, փոխնախագահներ եւ ներկայացուցիչներ` տարբեր համալսարաններու, ինչպէս նաեւ` հայկական հաստատութիւններու եւ վարժարաններու տնօրէններ:
Բացման արարողութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ճափոնի քայլերգներով: Ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան` ներկայացնելով նախագիծին կարեւորութիւնը եւ համայնքին համար ստեղծուած նոր հնարաւորութիւնները: Անոր յաջորդեց Ճափոնի դեսպան Մասայուքի Մակոշիի խօսքը, որ վերահաստատեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աջակցութիւնը մեր ժողովուրդին: Եզրափակիչ պաշտօնական խօսքը արտասանեց Լիբանանի առողջապահութեան նախարար տոքթ. Ռաքան Նասսըրէտտինը` արժեւորելով նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Ճափոնի ժողովուրդին` անոր մարդասիրական ներդրման համար:
Ապա կատարուեցաւ գերձայնային գործիքի եւ ջրազտիչ կայանի ժապաւէնին հատումը: Նախաձեռնութիւնը եզրափակուեցաւ տնօրէն Սերոբ Օհանեանի կողմէ հիւրերուն նուիրուած հայկական ձեռագործ նուռով, որ կը խորհրդանշէ կեանք, բարգաւաճում եւ օրհնութիւն: Հիւրերը ապա միասին ունեցան հաւաքական յուշանկար` վեր հանելով հայ-ճափոնական բարեկամութեան եւ այս կարեւոր ձեռնարկին պատմական նշանակութիւնը:
Աւարտին, Սերոբ Օհանեանի գլխաւորութեամբ, հիւրերը շրջեցան հաստատութեան զանազան բաժանմունքները` մօտէն ծանօթանալու իրականացուող ծառայութիւններուն եւ տքնաջան աշխատանքի ընթացքին:





