Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, ուրբաթ, 28 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յարութ Փամպուքճեանի երգերուն նուիրուած երեկոյ:
«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, դիտել տուաւ, որ վարչութիւնը տարբեր առիթներով նախաձեռած է նման երգահանդէսներու` յարգելու համար լիբանանահայ երգիչներու` հայ երգերու հանդէպ ստեղծած աւանդը, աւելցնելով, որ սոյն թատերասրահը եղած է թատրոնի, նաեւ երգի մէջ սփիւռքահայ արուեստագէտներու բեմը: Ան ըսաւ, որ Լեւոն Գաթըրճեանի, Մանուէլ Մենենկիչեանի, Ատիս Հարմանտեանի նուիրուած երեկոներէն ետք, այսօր հանդէս կու գայ Յարութ Փամպուքճեանի երգերու նուիրուած երեկոյով: Մխսեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Փամպուքճեանի կենսագրական տուեալները` դիտել տալով, որ Փամպուքճեան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերուն պատահականօրէն կը գտնուէր Լիբանան, եւ իր առաջին ելոյթները տեղի ունեցած են «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ եւ ուրախանալի եւ հպարտալի համարեց, որ անոր երգերը դարձեալ պիտի հնչեն նոյն բեմէն:
Ապա, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ մասնակցութեամբ լիբանանահայ երաժիշտներու, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան հետեւեալ չորս երգիչները, որոնք մեկնաբանեցին Յարութ Փամպուքճեանի երգերէն փունջ մը: Այսպէս Սերժիօ Ահարոնեան` «Ծովն է շառաջում», «Ասմար աղջիկ», «Քո սեւ աչերը», «Քեզ բարի լոյս», Շաքէ Պաղտասարեան` «Տարիներ անցան», «Տարիներ տարիներ կը սահեն», «Մշոյ աղջիկ», «Երթանք մեր երկիրը Մուշ», Ղազար Քէօշկերեան` «Թէկուզ ամբողջ», «Անցիր, այ գետակ», «Զոքանչ», «Լուսնի նման», «Ալակէօզ», Աննա Հարպոյեան` «Ես առանց քեզ», «Քահրիպար», « Ալ այլուղս», «Մերիկ, մերիկ», «Թէ աչերս»: Աւարտին բոլոր երգիչները միասնաբար մեկնաբանեցին «Հա նինա» երգը:




