Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ. Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի Յիշատակին (Մահուան 15-ամեակ)

May 19, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ օր մը ապագայ պատմագիրը ուզէ վերակենդանացնել սփիւռքահայ իրականութեան ամբողջական պատկերը եւ անաչառ վերաբերումով մը ուրուագծել հաւաքական կեանքի մը պատուանդանը, ապա, ան աւելի քան պարտաւոր է լոյսին բերել տարբեր սերունդներու անհատական կեանքի առանձնայատկութիւններ, որոնք հիմքը հանդիսացան գաղութահայութեան ձեւաւորման, զարգացման, բայց մանաւանդ` գաղափարայնութեան պահպանման:

Ցեղասպան թուրքին եաթաղանէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն յաջորդեց սերունդ մը, որ գրեթէ նոյն տարողութեամբ ապրեցաւ զրկանքի ու տառապանքի արհաւիրքը, ճաշակեց մարդկային կեանքի ամէնէն դառն օրերն ու վիճակները, ունեցաւ յուսախաբութիւններ, երկիւղ ու սարսափ, սակայն շնորհիւ վերապրելու առհաւական բնազդին` կրցաւ տոկալ եւ շրջանցել ամէնէն օրհաս ժամանակներն անգամ, եւ լծուիլ վերականգնումի աշխատանքին` անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին ընդառաջ:

Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի կենսագրական յուշերը կը պարփակեն վերոնշեալ վկայութիւնները` առանձնապէս լուսարձակի տակ բերելով անոր եզակի կազմաւորումն ու մարդկային բարեմասնութիւնները:

Փաստօրէն, ան կը պատկանի այն սերունդին, որ ո՛չ թէ միայն հեգնեց սեփական ճակատագիրն ու ստեղծուած անախորժ կացութիւնները, զգետնեց տկարութեան ու բարոյալքումի ամէն հոգեվիճակ, չուզեց ընկրկիլ առօրեայ կեանքի ահաւորութեան դիմաց, այլեւ շատ անգամ պիրկ զգացումներով եւ հեզահամբոյր ժպիտով մը զրահաւորուած, ինքնիր մէջ գտաւ անհրաժեշտ ներուժը` յաղթական հայեացքներով դիմակայելու անորոշ ապագան անգամ:

Արդարեւ, Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի մարդկային դիմագիծին առընթեր անոր մէջ էապէս շեշտելի էին  դաշնակցականի իւրայատուկ կերպար յատկանիշները: Գաղափարայնօրէն ապրուած կեանքի մը ընդմէջէն, ան ցուցաբերած էր դաշնակցական կամքի, համոզումի եւ հաւատամքի նուիրական արժանիքներու խոր գիտակցութիւն:

Ճիշդ է, որ Ժոզէֆի սերնդակիցներ առաւելաբար ինքնադաստիարակութեամբ կրցան կենսաւորել իրենց երիտասարդականի տարիքը, այդուհանդերձ, նետուեցան կեանքի ասպարէզ`  արդար քրտինքի վաստակը ապահովելու,  եւ միւս կողմէ`  ամբողջական լարումով, անմնացորդ նուիրումով եւ խանդավառութեամբ փարեցան դաշնակցական գործին ու ազգային արժէքներու պաշտպանութեան:

Իր շրջապատին իսկ վկայութեամբ, Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի համար սրբութեան համազօր եւ համահաւասար արժէքներ էին Հայաստանեայց եկեղեցին, հայութիւնն ու ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը, որոնք ձեւով մը կը կազմէին իր աշխարհահայեացքին կիզակէտը:

Դաշնակցական հսկայի մը` Դրոյի անմիջական շունչով եւ դաստիարակութեամբ յագեցած Ժոզէֆի կազմաւորումը շաղախուած էր այնպիսի արժանիքներով, որոնք առանցքը հանդիսացան անոր հետագայ գործունէութեան: Անոր համար գերազանց նշանակութիւն ունէին դաշնակցական մարտիկի ըմբռնումները, կարգապահ եւ ժուժկալ ըլլալու իրողութիւնը, ծառայասիրութեան կոչումը եւ, այս բոլորին առընթեր եւ բոլորէն վեր, դաշնակցականի գաղտնապահութիւնը, որով կը բացատրէր դաշնակցական գործի ամէն յաջողութիւն:

Իրօք, եթէ երբեք Ժոզէֆի սերնդակից դաշնակցականներու մասին ընդգծումներ կատարենք, ապա զանոնք զատորոշող իրաւութիւնը կը մնայ այն, որ անոնք իրենց աւանդապահի կերտուածքով` բարձր պահեցին դաշնակցականի տիպարային առանձնայատկութիւնը, գաղափարական աշխարհը, որով ոգեւորուեցան, խանդավառեցին եւ ներշնչեցին հետագայ սերունդներ:

Ժոզէֆի կեանքէն առնուած եւ իր կեանքին ու էութեան վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցած է աշխատանքային հանդիպումը եղած Դրոյի հետ:

Վստահաբար, դաշնակցական գործի մը սեւեռումով տրուած այցելութեան աւարտին երբ Ժոզէֆ Տէր Գալուստեան Դրոյի սենեակէն դուրս կու գայ, կը հանդիպին իր կողակիցին, որ նոյնպէս այցելութիւն մը տուած էր Լոլա Սասունիի, ԼՕԽ-ի աշխատանքներու ծիրին մէջս: Իրարմէ անտեղակ բայց նոյն նպատակին ծառայութեան կոչուած զոյգի մը վսեմագոյն արտայայտութիւնը, յանուն դաշնակցական գործի յաջողութեան:

Յիրաւի, ասոնք հայրենասիրութեան, գիտակցական մակարդակի, անձնազոհութեան եւ հաւատամքի անբասիր արտայայտութիւններ են, որոնց կարօտն ու ծարաւը կ՛ապրինք այս օրերուն:

Եւ դառն զուգադիպութեամբ մը, Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի կեանքին, ապրումներուն, յուզաշխարհին, մտածումներուն եւ գործունէութեան քաջածանօթ  Ցաւակ Բարսեղեան` այլ տիպար ու եզակի դաշնակցական մը, իր հաւատաւոր ընկերոջ մահուան առիթով կ՛արտասանէր սրտի խօսքը, վեր առնելով իր վաղեմի բարեկամին եւ դաշնակցական ընկերոջ բարեմասնութիւնները:

Սիրելի՛ ընկեր, եթէ մահուանդ քառասունքին առիթով զլացանք քանի մը տող սպիտակ թուղթին յանձնել, թիւրիմացաբար, ապա, այսօրուան մեր անպաճոյճ մտքերը թող յիշատակիդ նուիրուած ծաղկեփունջ մը ըլլան:

Յարգա՛նք յիշատակիդ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նախորդը

Յակոբ Պէքէրէճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Էն. Պի. Էյ. – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Փէյսըրզ – Հիթ` 2-1 Եւ Սփըրզ – Քլիփըրզ` 2-0

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.