Հայաստանի հաւաքականը փայլուն ելոյթ ունեցաւ 2025-ի ծանրաբարձութեան երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանութեան (20 եւ 23 տարեկանէն վար), որ տեղի ունեցած էր Տուրրես քաղաքին մէջ (Ալպանիա):
Ըստ մրցումներուն արդիւնքներուն, 20 տարեկանէն վար կարգին մէջ, լաւագոյն մարզիկներ ընտրուեցան Հայաստանի ներկայացուցիչներ Ալեքսանտրա Գրիգորեան եւ Տիգրան Կարապետեան:
Անոնք ընտրուեցան «Ռոպի փոյնթց» համակարգով, որ հաշուի կ՛առնէ մարզիկներուն բարձրացուցած կշիռքը իրենց մարմիններուն կշիռքին համապատասխան, համաշխարհային մրցանիշի համեմատութեամբ:
Ալեքսանտրա Գրիգորեան 732,7 կէտ շահեցաւ` գերազանցելով Բ. դիրքը գրաւող ֆինլանտացի Ժանեթ Իլիսոյնին, որ 680,3 կէտ հաւաքեց:
Տիգրան Կարապետեան, որ 71 քկ կշիռի մարզիկ է, 826,1 կէտ հաւաքեց` մօտ 7 կէտի առաւելութիւն ունենալով ազրպէյճանցի մարզիկ Ռավին Ալմամմատովի (79 քկ) վրայ (819,5 կէտ):
79 քկ կշիռի հայ մարզիկ Նարեկ Մկրտչեան 803,6 կէտ հաւաքեց` գրաւելով 3-րդ դիրքը, մինչ 4-րդ դիրքը գրաւեց Նարեկ Գրիգորեան (71 քկ)` 800,7 կէտով:
23 տարեկանէն վար աղջկանց լաւագոյն մարզիկներուն լաւագոյն 4-ին մէջ հայ ներկայացուցիչներ չկային, իսկ տղոց պարագային Գոռ Սահակեան (71 քկ) 448,99 կէտով գրաւեց 3-րդ դիրքը: 4-րդ դիրքը գրաւեց Գարիկ Կարապետեան (110 քկ)` 441,75 կէտով:
Նշենք, որ անցեալ տարի եւս 20 տարեկանէն վար լաւագոյն մարզիկներ ընտրուած էին Ալեքսանտրա Գրիգորեան եւ Նարեկ Մկրտչեան:


