Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմայի 8-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

November 6, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն կը կարծուէր, թէ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր տարեշրջանի իր 8-րդ մրցումին պիտի կրէ իր առաջին պարտութիւնը` Լոս Անճելըսի մէջ, ուր կը մրցէր Քլիփըրզի դէմ:

Քլիփըրզ, որ եղած է Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտրի առաջին ակումբը, լաւ ձեւով սկսաւ եւ 13 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցաւ մրցումին սկիզբը: Ախոյեան Թանտըր բնաւ խուճապի չմատնուեցաւ եւ հետզհետէ ինքզինք պարտադրելով մանաւանդ վերջին մասին (32-21) կրցաւ հանգիստ յաղթանակ արձանագրել 126-107 արդիւնքով:

Շէյ 30 կէտ եւ 12 էսիսթ կատարեց, մինչ Այզիա Ճօ (22 կէտ) իր մեծ դերը ունեցաւ փոխարինելով վիրաւոր Լուկենց Տորթը, որ հազիւ 14 վայրկեան կրցաւ խաղալ:

Վեթերան Ճէյմս Հարտըն 25 կէտ նշանակեց Քլիփըրզի հաշուոյն, բայց Քուայ Լենըրտի եւ Պրատլի Պիլի բացակայութիւնը իր դերը ունէր, որ Քլիփըրզ չկարենայ յարատեւել մինչեւ վերջ:

Շիքակօ Պուլզ իր դաշտին վրայ դժուար մրցում ունէր Ֆիլատելֆիա-76-ըրզի դէմ, ուր երկու խումբերն ալ իրենց առաջին 6 մրցումներուն 5 յաղթանակներ արձանագրած էին:

Ճոշ Կիտի թրիփըլ տապըլ մը եւս իրագործեց 29 կէտ արձանագրելով եւ 15 ռիպաունտ ու 12 էսիսթ կատարելով, մինչ Նիքոլա Վուչեւիչի 3 կէտնոց կողովը (մրցումի աւարտէն 3-2 երկվայրկեան առաջ) յաղթանակը նուիրեց Շիքակոյին, որ 24 կէտով ետ մնալէ ետք յաղթեց 113-111 արդիւնքով: Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի Քուինթըն Կրայմզ պազըր պեթըրին 3 կէտնոց կողով մը փորձեց, բայց չյաջողեցաւ:

Կիտի Մայքըլ Ճորտընէն ետք (1989) առաջին մարզիկն է, որ Պուլզի հետ յաջորդական մրցումներուն թրիփըլ-տապըլ ձեռք կը ձգէ:

Թայրես Մեքսի 39 կէտ նշանակեց ի նպաստ 76-ըրզի:

Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը շահեցաւ 116-112 արդիւնքով` յաղթելով Չարլոթ Հորնեթցին: Թրէյ Մըրֆի 21 կէտ նշանակեց Փելիքընզի հետ, մինչ Քոն Քնուփել 20 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Չարլոթի:

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր 5-րդ յաղթանակը արձանագրեց 8 մրցումներու ընթացքին` 118-107 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆինիքս Սանզին: Տեւըն Պուքըր 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սանզի, բայց Սթեֆ Քըրի (28 կէտ) եւ ընկերներ յաղթեցին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 107-126
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆինիքս Սանզ 118-107
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Չարլոթ Հորնեթց 116-112
Շիքակօ Պուլզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 113-111
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 127-112
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս 128-100

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Շքանշանով Մը Պատուեց Հայ Ժողովուրդի Դատին Նեցուկ Կանգնող Թեսա Հոֆմանը

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Միւնիխ Եւ Լիվըրփուլ Շատ Կարեւոր Յաղթանակներ Տարին

RelatedPosts

Նշմար.  «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…
Մարզական

Նշմար. «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…

January 13, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» 2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը

January 13, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.