23 տարեկան ծանրաբարձ Լիանա Գիւրճեան ոսկի մետալ նուաճեց երիտասարդներու (23 տարեկանէն վար) Եւրոպայի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Տուրրես քաղաքին մէջ (Ալպանիա):
86 քկ կշիռի մրցումներուն 4 մարզիկներ մասնակցեցան միայն, ուր Լիանա Գիւրճեան բացարձակ առաւելութիւն ունեցաւ իր մրցակիցներուն վրայ, արաշէի մրցումին 102 քկ բարձրացնելով եւ շահելով փոքր ոսկի մետալ, իսկ էփոլէ ժըթէի մրցումներուն 130 քկ բարձրացնելով եւ երկամարտի ընդհանուր արդիւնքով` 232 քկ, շահելով 3 ոսկի մետալներ (1 մեծ եւ 2 փոքր):
Աւելի կանուխ, 19 տարեկան Էմմա Պօղոսեան դարձած էր 20 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան` 86 քկ կշիռի մրցումներուն:
Պօղոսեան արաշէի մրցումներուն երրորդ դիրքը գրաւեց, բայց էփոլէ-ժըթէի մրցումին ան Եւրոպայի նոր մրցանիշ հաստատեց` բարձրացնելով 136 քկ:
Անոր 136 քկ կշիռը գերազանցեց թուրք մրցակիցին, որ երկամարտի հաշուով գրաւեց Բ. դիրքը` Էմմա Պօղոսեանի ետին:
Պօղոսեան 1 մեծ ոսկի մետալ շահեցաւ, ինչպէս նաեւ 1 փոքր ոսկի եւ 1 պրոնզ:


