Մենք հեքիաթներուն մէջ հանդիպած ենք հաւիկի, որ կ՛ածէ ոսկի հաւկիթներ… Սակայն` ոսկի թի՞ւ մը: Այս ոսկի թիւը, որ Լէոնարտօ տա Վինչիի կողմէ անուանուած է «աստուածային համեմատութիւն», անշուշտ իսկական ոսկիէ չէ:
Ան հաւասար է 1,618,034-ի եւ գտնուած է եգիպտացիներուն կողմէ, աւելի քան 5000 տարիներ առաջ:
Ան հետագային ուսումնասիրուած է յոյն փիլիսոփայ եւ թուաբանագէտ Պիւթագորասի կողմէ, որուն համար թիւերը ամէն ինչի սկիզբն են:
* * *
Միջին դարերուն որմնադիրները, ատաղձագործները, ապակեգործները ոսկի թիւը գործածած են իբրեւ հիմ` չափելու համար իրենց շինութիւններուն չափն ու ձեւը:
Այս ձեւով, մենք ոսկի թիւին կը հանդիպինք Քէոփսի բուրքին շինութեան մէջ, բազմաթիւ պալատներու, Հնդկաստանի Թաժ Մահալին մէջ, սակայն նաեւ` երաժշտական յօրինումներու մէջ, բազմաթիւ գեղանկարներու մէջ… Սակայն, ասոր կողքին, ամէնէն տարօրինակ երեւոյթը այն է, թէ մենք այս ոսկի թիւին կը հանդիպինք բնութեան մէջ. ծառերու տերեւներուն, մարգրիտներու թերթերուն դասաւորումը, նոյնիսկ մարդկային մարմնին մէջ` պորտէն հեռաւորութիւնը մարմնին տարբեր մասերուն համեմատաբար: Մենք ոչ մէկ գիտական բացատրութիւն ունինք բնութեան այս երեւոյթին նկատմամբ:
Բնութեան պարզ պատահականութի՞ւն, թէ՞ թուաբանական գրեթէ կախարդական հրաշալիք: Այս վէճը կը տեւէ դարերէ ի վեր:
ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ԹՈՒՂԹԷ ԱՄԱՆՆԵՐ ԵՒ
ԽԱՒԱՔԱՐՏԷ ՆԱՊԱՍՏԱԿՆԵՐ
Զատիկը կը մօտենայ… Դուն կրնաս արդէն սկսիլ պատրաստութիւններդ տեսնելու: Այս շաբթուան աշխատանքին համար, դուն պէտք չունիս աւելորդ թուղթեր կամ խաւաքարտներ գնելու, այլ` գործածել տան մէջ գտնուող նիւթեր:
Ա.- ԹՈՒՂԹԷ ԱՄԱՆԸ
– Պէտք ունիս` սեւ ճերմակ կամ գունաւոր թերթերու էջերու, ճերմակ խէժի, կերպընկալէ ամանի:
– Բացատրութիւն




Բ.- ԽԱՒԱՔԱՐՏԷ ՆԱՊԱՍՏԱԿՆԵՐ
– Պէտք ունիս` հաւկիթի խաւաքարտէ տուփերու, թուղթի, բամպակի, սեւ մատիտ ներկի, վարդագոյն մատիտ ներկի:
– Բացատրութիւն




ԺԱՄԱՆՑ



Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ





