25-էն 30 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւններու հիմամբ, Աֆղանիստանն ու Փաքիստանը զինադադարը երկարաձգելու համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս մասին հաղորդեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Զինադադարի շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած էր 18-19 հոկտեմբերին, Տոհայի մէջ:
Կողմերը նաեւ համաձայնած են մշակելու հսկողութեան եւ ստուգման մեքանիզմ մը, որ պիտի ապահովէ խաղաղութեան պահպանումը եւ խախտում կատարողներու նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրարկումը:
Զինադադարի իրականացման հետագայ պայմանները պիտի քննարկուին պատուիրակութիւններու ղեկավարներու յաջորդ հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ` 6 նոյեմբերին:
Թուրքիան եւ Քաթարը յայտնած են իրենց պատրաստակամութիւնը` շարունակելու միջնորդութիւնը երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար:
Աֆղանական կառավարութեան բանբեր Զապիհուլլա Մուժահետ յայտարարեց. «Պոլսոյ մէջ Փաքիստանի հետ բանակցութիւններու շարունակման համար համաձայնութիւն գոյացաւ»` կարգաւորելու համար երկու երկիրներուն միջեւ մնացած առկախ հարցերը:
Փաքիստան եւս յայտարարեց. «Զինադադարը Աֆղանիստանի թալեպաններուն կողմէ երաշխիքներէ ետք ի զօրու պիտի մնայ»:


