«Զանգեզուրի միջանցք»-ի (ԹՐԻՓՓ, «Ա.») Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ կատարուող շինարարական աշխատանքները կը մօտենան աւարտին: Այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Ազրպէյճան տեղւոյն վրայ բարդ աշխատանքներ կը կատարէ շրջանային փոխադրամիջոցային եւ գումակային կապ հաստատելու համար», յայտարարած է Հաճիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահի յանձնարարականներուն համաձայն, երէկ երկրին մէջ հաւատարմագրուած աւելի քան 50 դեսպանատուներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարները այցելեցին Մեխակաւանի եւ Կովսականի շրջաններ:
Անոնք ծանօթացած են ԹՐԻՓՓ-ի ազրպէյճանական հատուածի շինարարութեան:
Դիւանագէտները նաեւ այցելած են Հակարիի երկաթուղային կայարան, որ ԹՐԻՓՓ-ի մաս կը կազմէ:
Պատուիրակութեան կ՛ուղեկցէր Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
ԹՐԱԵԱ-ի քարտուղար Ասեթ Ասաւպայեւ ըսած է. «Վստահ եմ, որ բացումը Զանգեզուրի միջանցքի, որ պիտի կապէ Եւրոպան ու Ասիան եւ ամէնէն կարեւորը` Ազրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի հետ, զգայլիօրէն պիտի բարձրացնէ Ազրպէյճանի կարգավիճակը իբրեւ շրջանային փոխադրամիջոցային հանգոյց: Զանգեզուրի միջանցքը ԹՐԱԵԱ-ի համար շատ կարեւոր երթուղի է»:
ԹՐԱԵԱ-ն համագործակցութեան ծրագիր է, որ 1990-ական թուականներու սկիզբը առաջարկուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ` Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար:


