Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ նստաշրջանի լիագումար նիստին, Եւրոպական խորհրդարանի սպանացի պատգամաւորին խօսքը ուղղուած էր Երեւանի իշխանութիւններուն: Սուր քննադատութիւն կար անոր խօսքին մէջ` ուղղուած գործող իշխանութիւններուն: Ըսել ուզուածը այն էր, որ եթէ Երեւանը կը յաւակնի թեկնածու դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ապա չի կրնար շարունակել իր հակաժողովրդավարական արշաւը:
Ան նշած է մանրամասնութիւններ, որոնց համաձայն` Երեւանը կոպտօրէն կը շարունակէ խախտել ժողովրդավարական օրինաչափութիւնները: Ըստ եւրոպացի պատգամաւորին, «այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի հաւաքներու ընթացքին ընդունելի չէ. չեմ եկած ձեզ դատելու. սակայն պէտք է արձանագրել, որ 20-40 ոստիկաններով մարդիկ կը կալանաւորուին: Եթէ, օրինակ, կաշառքի համար է` այլ է, սակայն երբ կարծիքի համար կը դատեն, ընկերային ցանցերու վրայ յայտնած կարծիքի համար, զգուշ եղէ՛ք, ասիկա անընդունելի է»: Երեսփոխանը նոյնիսկ յայտնած է, որ այս գործելաձեւով Հայաստանի մէջ կարծիք յայտնած ըլլալու համար մարդիկ նախ բանտ կ՛առաջնորդուին, յետոյ միայն կը ստուգուի, թէ ի՛նչ պատահած:
Եւրոպական պաշտօնական կառոյցներէն կը հնչեն Հայաստանի մէջ կիրարկուող ժողովրդավարական գործողութիւններու գովերգութիւններ: Պաշտօնական յայտարարութիւնները ընդհանրապէս կը շրջանցեն այն իրողութիւնները, որոնց մասին կը խօսի իրենց պաշտօնակիցը:
Նշում չկայ սպաննուած համայնքապետի երեւոյթին, այլ ընդդիմադիր համայնքապետներու կալանաւորուած ըլլալուն: Կ՛անտեսուին` ի պաշտպանութիւն Հայ եկեղեցւոյ յայտարարութիւն կատարած քաղաքական անձնաւորութեան անազատութեան մէջ գտնուիլը, կալանաւորուած հոգեւորականները, որոնց շարքին թեմերու երկու առաջնորդները կամ կիրակի օրով նոյն ժամուն 21 հոգեւորականներ հարցաքննութեան կանչելը:
Եւրոպական կառոյցներու գնահատականը քաղաքական բնոյթ ունի. իրաւական հայեցակէտով ժողովրդավարութեան չափանիշի հետ ոչ մէկ կապ ունի: Իսկ այս մօտեցումը քաղաքական տրամաբանութեամբ ակնկալելի է: Աւելի խորաթափանց քաղաքական դիտարկում մը կրնայ առաջնորդել այն եզրակացութեան, որ եւրոպական կառոյցներուն համար թիրախաւորուած հաստատութիւնները կամ անձնաւորութիւնները Մոսկուայի հետ կապ ունեցողներ են, հետեւաբար անոնց դէմ իշխանութիւններու կիրարկած եղանակը ողջունելի է: Այս պահուն` եւրոպական ընկալումով երկրի ժողովրդավարացման գործընթացին մաս կազմող գործողութիւններ:
Հիմա սակայն անդրադառնանք այլ խնդիրի: Կը թուի, որ պատահական չէ սպանացի երեսփոխանին հասցէագրումը Երեւանին: Ընդհանուր հասցէագրում կատարելով եւ այդ ընդհանրութեան մէջ իշխանութիւնները քննադատելով հակաժողովրդավարական քայլեր առնելու մէջ, ըստ էութեան այլ մեղադրանք ալ կը հնչեցնէ սպանացի պատգամաւորը: Կը նոյնացնէ գործադիրն ու իրաւապահ համակարգը, ինչ որ ոչ ժողովրդավարական երկիրներու յարիր է: Ամէնէն առաջ եւրոպացիները իրե՛նք գիտեն, որ այս երկու համակարգերը անջատ պէտք է գործեն: Այլ խօսքով, գործադիրը որեւէ ազդեցութիւն պէտք չէ ունենայ իրաւապահին կամ արդարադատութեան համակարգին վրայ: Այսպիսով Եւրոպական խորհրդարանի անդամը ըսել կ՛ուզէ, որ այդ տարանջատումը չկայ, ինչ որ դարձեալ խոտոր է ժողովրդավարական կարգերով ղեկավարուող երկիրներուն համար:
Նոյնքան հետաքրքրական էր վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարին առաջին եւ անմիջական արձագանգը այս խնդիրին: «Մենք խօսքի համար մարդ չենք կալանաւորեր»: Այս կերպ, ըսել կ՛ուզուի, որ դատական վճիռներ արձակողը, կալանաւորողը կամ չկալանաւորողը գործադիր իշխանութիւններն են: Անդրադառնալով այդ հաստատումի հակաժողովրդավարական բնոյթին, աշխատակազմի ղեկավարը անմիջապէս այլ ձեւակերպում տուած է գործադիրը տարանջատելով իրաւապահէն:
Առաջին արձագանգը ըստ էութեան կը հաստատէ Եւրոպական խորհրդարանի անդամին հնչեցուցած ահազանգը:
Քաղաքական հանգամանքները կրնան փոխուիլ: Գովասանքները այդ պարագային կը վերափոխուին շատ սուր քննադատութիւններու: Անկախ այդ գործընթացներէն եւ քաղաքական շարժառիթներէ մղուած գնահատականներէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս ընթացքով դէպի իրաւական պետութիւն չ՛առաջնորդուիր: Այնտեղ մարդիկ կը կալանաւորուին տեսակէտ յայտնելու համար:
«Ա.»


