Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ այցելեց Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ իր լիբանանցի պաշտօնակից Եուսեֆ Ռաժժիի հետ, որ Գերմանիոյ օգնութիւնը խնդրեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի իր յարձակումները դադրեցնէ, հեռանայ իր բռնագրաւած հողերէն եւ կատարէ թշնամական արարքները դադրեցնելու յայտարարութեան հիմամբ ստանձնած յանձնառութիւնները:

«Դիւանագիտական լուծումը, եւ ոչ թէ զինուորականը, միակը կ՛ապահովէ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան եւ հանդարտութեան հաստատումը», նշեց Ռաժժի` աւելցնելով. «Լիբանանեան կառավարութիւնը զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու որոշումին մէջ աստիճանական քայլերով յառաջ կ՛ընթանայ, եւ լիբանանեան բանակը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը ամբողջական կերպով կատարել»:

Գերմանական դիւանագիտութեան պետը ողջունեց զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու կառավարութեան որոշումը, եւ իր երկրին աջակցութիւնը յայտնեց հարաւային Լիբանանի եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր վերահսկողութիւնը հաստատելու կառավարութեան քայլերուն, սակայն ընդգծեց. «Զէնքի մենաշնորհման մէջ ձախողիլը լիբանանեան պետութեան իր որոշումներուն տէր կանգնելուն վերաբերեալ ժխտական նշան պիտի յղէ»:

Վատեֆուլ նաեւ նշեց, որ Գերմանիան կը զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներու իրենց երկիր վերադարձի անհրաժեշտութեան վերաբերեալ Լիբանանի դիրքորոշումին:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր կարգին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին նախարարին կոչ ուղղեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու:

«Մենք պատերազմներու կողմնակից չենք, որովհետեւ զանոնք ապրած ենք եւ անոնցմէ դասեր քաղած: Հետեւաբար, մենք կ՛ուզենք Լիբանանի մէջ կայունութիւնը վերականգնել` սկսելով անոր հարաւէն: Ես ընդգծեցի, որ բանակցութիւններու տարբերակը մեր բռնագրաւուած հողերը վերադարձնելու եւ բլուրներէն լիակատար հեռացման հասնելու նպատակ ունի: Սակայն այս տարբերակը հակառակորդ կողմը ընդունեց միայն Լիբանանի դէմ` հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ աւելի շատ յարձակումներով եւ լարուածութեան մակարդակի աճով», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

«Լիբանան պատրաստ է իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու համար բանակցութիւններու, սակայն որեւէ բանակցութիւն միակողմանի չի կնար ըլլալ, այլ կարիքը ունի փոխադարձ կամքի, եւ ատիկա տակաւին ապահովուած չէ: Իսկ բանակցութեան ձեւն ու թայմինկը կարելի է հետագային ճշդել», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Կազայի համաձայնութեան ու Շարմ Շէյխի վեհաժողովին յաջորդող նոր փուլը իսկական առիթ է, սակայն որեւէ կայունութիւն կարելի պիտի չըլլայ, եթէ չսկսի իսկական եւ արդար խաղաղութեան հոլովոյթ մը, որ պաղեստինեան անկախ պետութեան հաստատման կը յանգի` աւելցնելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ երկու պետութիւններ լուծումին վրայ հիմնուած եւ Պէյրութի մէջ որդեգրուած Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան:

Վատեֆուլ յայտնեց, որ Գերմանիան պատրաստ է Լիբանանի կողքին կանգնելու եւ սպասուող միջազգային խորհրդաժողովի ճամբով լիբանանեան բանակին աջակցելու:

Ան շեշտեց, թէ կարեւոր է, որ լիբանանեան կառավարութիւնը շարունակէ ելեւմտական ու վարչական բարեկարգումները գործադրել եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն գոյացնել` նկատի ունենալով, որ ատիկա պիտի ամրապնդէ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը եւ աջակցի տնտեսական վերականգնման:

 

 

Նախորդը

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Յաջորդը

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?