Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Երէկ` հինգշաբթի օր Պլիտայի քաղաքապետարանին վրայ իսրայէլեան յարձակումին շուրջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունին վերագրուող կեցուածքներ կը շրջանառուին, եւ այդ կեցուածքներէն մէկ քանին լոյս տեսած են «Ախպար» օրաթերթի այսօրուան թիւին մէջ»:
«Նախագահ Աունի այս յարձակումին շուրջ կեցուածքը նշուեցաւ երէկ հանրապետութեան նախագահին եւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի միջեւ հանդիպումէն ետք տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, եւ նախագահը որեւէ այլ կեցուածք չարտայայտեց: Յստակացման կարգով»:


