 ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յայտնած է, որ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւորները դէմ քուէարկած են Արցախի բռնի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքը պաշտպանող առաջարկին:

Խաչատրեանի համաձայն, Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստի ընթացքին իր, ինչպէս նաեւ պատգամաւորներ Աննա Գրիգորեանի, Էլինար Վարդանեանի, Հայկ Մամիջանեանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի երկու ընկերվարական պատգամաւորներու միասնաբար ներկայացուցած փոփոխութեան առաջարկը նպատակ ունէր պահանջել Ազրպէյճանէն` ապահովել արցախցիներու անվտանգ վերադարձը իրենց հայրենի բնակավայրեր` միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու ներքեւ:
Պատգամաւորին պնդումով` Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան ներկայացուցիչները ոչ միայն դէմ քուէարկած են այս նախաձեռնութեան, այլեւ յորդորած են եւրոպացի գործընկերներուն չաջակցելու առաջարկին:
Խաչատրեան աւելցուցած է, որ տարբեր երկիրներու պատգամաւորներէն ստացած արձագանգներէն պարզ դարձած է, որ ՔՊ-ականներու դիրքորոշումը նպաստած է, որ նախաձեռնութիւնը չստանայ բաւարար աջակցութիւն: