 Ազրպէյճանի նախագահը պիտի չմեկնի Երեւան` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին մասնակցելու համար:
Ազրպէյճանի նախագահը պիտի չմեկնի Երեւան` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին մասնակցելու համար:
Ազրպէյճանական կառավարամէտ «Քալիպըր» կայքը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ Ալիեւ մերժած է Հայաստանի հրաւէրը` մասնակցելու Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2026 թուականի գարնան, Երեւանի մէջ:
Մերժումին իբրեւ բացատրութիւն կը տրուի այն իրողութիւնը, թէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը տակաւին վերջնականապէս չէ ստորագրուած:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած էր, թէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հրաւիրուած են Երեւան` 2026 թուականին Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար:
«Այո՛, մենք հրաւէրներ ներկայացուցած ենք: Փաստաթուղթ տակաւին չենք ուղարկած, սակայն բարձրագոյն մակարդակով մասնակցելու բանաւոր հրաւիրած ենք», ըսած էր ան` աւելցնելով, որ անոնց մասնակցութեան մասին որեւէ բան կարելի չէ ըսել:
«Այս ամէնը շատ թարմ է, եւ տակաւին առիթ ալ չէ եղած մանրամասնութիւնները քննարկելու», նշած էր Միրզոյեան:
Ան նաեւ շեշտած էր, թէ Հայաստան կ՛երթայ հաշտութեան ճամբով. «Ոչ թէ կ՛ըսեմ, թէ այսօր իսկ պատրաստ ենք տեսնել նախագահ Ալիեւը Երեւանի մէջ ու վարչապետ Փաշինեանը Պաքուի մէջ, այլ` կ՛ըսեմ, թէ օր մը այս կացութիւնը պիտի փոխուի: Մենք պէտք է այդ ճամբով երթանք»:
 
			

