Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Անելի Չէ Մատնուած»

Հոկտեմբեր 31, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ նախքան նախագահ Տանըլտ Թրամփի` հիւլէական փորձարկումները վերսկսելու իրենց ծրագիրին մասին հրապարակաւ յայտարարելը Ռուսիան տեղեակ չպահեցին: Այս մասին Քրեմլին յայտնեց իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Քրեմլին իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Եթէ որեւէ պետութիւն հրաժարի հիւլէական փորձարկումները դադրեցնելէն, ապա Ռուսիան այդ հիմամբ պիտի վարուի»:

«Պուրեվեսթնիք» հրթիռի արձակումը որեւէ պարագայի հիւլէական փորձարկում չէր», յայտարարեց Քրեմլին:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախապէս յայտարարած էր. «Պուրեվեսթնիք» հրթիռի փորձարկումները պէտք չէ ռուս-ամերիկեան լարուածութիւնը աճեցնեն», ըսաւ ան:

«Ռուսիան շարունակ աշխատանք կը տանի իր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, եւ «Պուրեվեսթնիք» հրթիռները այդ նպատակին համահունչ են», աւելցուցած էր Քրեմլինի բանբերը:

«Պուրեվեսթնիք» հիւլէական ուժանիւթով բանող հրթիռ է, որ կրնայ 15 ժամ թռչիլ: 21 հոկտեմբերի փորձի ընթացքին անիկա 14.000 քիլոմեթր թռչած էր եւ շուրջ 15 ժամ օդը մնացած:

Զէնքերու տարածման դէմ պայքարի մասնագէտները զայն կը կոչեն «թռչող Չեռնոպիլ»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Քորէայէն հեռացած ատեն նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ հիւլէական փորձարկումներ կատարելը նպատակայարմար է` նկատի ունենալով, որ այլ պետութիւններ նոյնպիսի փորձարկումներ կատարեցին»:

Քրեմլին երէկ նաեւ նշեց. «Ռուսիոյ կարծիքով` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական հաւասարակշռութեան վերաբերեալ երկխօսութիւնը անելի չէ մատնուած»:

Թրամփ եւս երէկ յայտարարած էր. «Իրողապէս Ռուսիոյ հետ հիւլէական ապազինման շուրջ բանակցութիւններ կը վարենք»:

Նախորդը

«Քաթար Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Եւ Վենեզուելայի Միջեւ Ճգնաժամի Կարգաւորման Հարցին Մէջ Միջնորդ Ըլլալ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Յաջորդը

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

RelatedPosts

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
«Քաթար Կրնայ Միացեալ Նահանգներու  Եւ Վենեզուելայի Միջեւ Ճգնաժամի Կարգաւորման  Հարցին Մէջ Միջնորդ Ըլլալ»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Միջազգային

«Քաթար Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Եւ Վենեզուելայի Միջեւ Ճգնաժամի Կարգաւորման Հարցին Մէջ Միջնորդ Ըլլալ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?