 Իսրայէլեան ուժ մը երէկ արշալոյսին ներթափանցեց հարաւային Լիբանանի Պլիտա գիւղ, ուր քաղաքապետարանի շէնք մուտք գործելէ ետք, սպաննեց այդտեղ քնացող քաղաքապետարանի պաշտօնեայ Իպրահիմ Սալամէն:
Իսրայէլեան ուժ մը երէկ արշալոյսին ներթափանցեց հարաւային Լիբանանի Պլիտա գիւղ, ուր քաղաքապետարանի շէնք մուտք գործելէ ետք, սպաննեց այդտեղ քնացող քաղաքապետարանի պաշտօնեայ Իպրահիմ Սալամէն:
Պլիտայի բնակիչները առ ի բողոք ճամբան փակեցին եւ պատահաբար այդ ճամբէն անցնող ՖԻՆԻՒԼ-ի պարեկութիւն կատարող ուժի մը ստիպեցին ետդարձ կատարել:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց. «Անցնող ժամերուն եւ հարաւային Լիբանանի Պլիտա գիւղին մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցները քանդելու իսրայէլեան բանակի ուժերու աշխատանքին ծիրին մէջ, ուժերը շէնքի մը մէջ կասկածելի մը նկատեցին եւ կասկածելին ձերբակալելու քայլերու դիմեցին»:
«Ուժի անդամներուն դէմ ուղղակի վտանգի ճշդման պահուն կրակ բացուեցաւ վտանգը վնասազերծելու համար, եւ վիրաւորումը նկատուեցաւ: Դէպքին մանրամասնութիւններուն շուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ», պնդեց իսրայէլեան բանակը:
Վարչապետին Արձագանգը
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց. «Պլիտա գիւղ իսրայէլեան ներթափանցումն ու իր պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին քաղաքապետարանի պաշտօնեայ մը ուղղակի կերպով թիրախաւորելը լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններուն ու գերիշխանութեան դէմ բացայայտ յարձակում է»:
«Մեր խորին ցաւակցութիւնները ընտանիքին նահատակ Իպրահիմ Սալամէի, որ իր պարտականութեան կատարման ընթացքին սպաննուեցաւ», աւելցուց ան:
«Ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք հարաւային Լիբանանի եւ առաջնագիծի գիւղերու մեր բնակիչներուն, որոնք առօրեայ կերպով կը վճարեն իրենց հողին եւ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան ու իշխանութեան տակ ապահով ու արժանապատիւ կերպով ապրելուն իրենց կառչածութեան գինը», յայտնեց վարչապետը:
Սալամ նշեց. «Կը շարունակենք ՄԱԿ-ին ու թշնամական արարքներու հովանաւոր պետութիւններուն հետ ճնշում բանեցնել` երաշխաւորելու համար իրերայաջորդ յարձակումներու դադրեցումն ու մեր հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման գործադրումը»:
Ներքին Գործոց Նախարարի Արձագանգը
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «իսրայէլացի թշնամիի Պլիտայի քաղաքապետութեան պաշտօնեայ Իպրահիմ Սալամէի դէմ գործած տգեղ ոճիրը` քաղաքապետարանին մէջ իր պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին անոր վրայ կրակ բանալով, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոր նահատակութեան»:
«Այս յարձակումը մարդու իրաւունքներու բացայայտ ոտնահարում է», նշեց նախարարը:
«Անհրաժեշտ է դադրեցնել քաղաքայիններու եւ պետական կառոյցներու վրայ յարձակումները», շեշտեց ան:
Հաժժար նաեւ յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը կողքին կը կանգնի Պլիտայի բնակիչներուն եւ տարբեր շրջաններուն քաղաքապետութիւններուն ու անոնց պաշտօնեաներուն կողքին, որոնք իրենց աշխատանքը կը շարունակեն հակառակ բոլոր վտանգներուն ու դժուար պայմաններուն:
Խորհրդարանի Նախագահին Արձագանգը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց. «Այն, ինչ որ Պլիտայի եւ Ըտէյսէի մէջ տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ առաւօտեան Այշիէ, Ժարմաք եւ Խարտալի գիւղերուն մերձակայքին վրայ օդային յարձակումները, մայրաքաղաք Պէյրութի եւ անոր Հարաւային արուարձաններու օդային տարածքի խախտումը լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի որոշումներու ոտնահարումէն անդին անցնող արարք է. անիկա Լիբանանի վրայ յարձակում մըն է, որ կարելի չէ դատապարտումով զսպել»:
«Ներկայ պահը բոլոր լիբանանցիներէն կը պահանջէ միասնականութիւն եւ հանրապետութեան նախագահին ու այսօր տեղի ունեցածին նկատմամբ անոր վերջին կեցուածքին աջակցութիւն», շեշտեց Պըրրի:
 
			

