 Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան 7 նոյեմբերին Սպիտակ տան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` ռուս-ամերիկեան վեհաժողովի գումարումը պատրաստելու համար: Այս մասին հաղորդեց ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան նախապէս նշած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ տագնապի լուծման եւ եւրոպական անվտանգութեան համակարգի ապագային շուրջ բանակցիլ մերժելով «աղէտալի սխալ մը» կը գործէ:
Օրպան հունգարական «Էմ.1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր, որ ուքրանական տագնապը կարելի է լուծել միայն այլ երկիրներու մասնակցութեամբ:
«Ատիկա կարելի է իրագործել միայն արտաքին կողմերու միջամտութեամբ եւ ոչ թէ կողմի մը ռուսերուն հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութեամբ: Այդ կողմը կրնայ Միացեալ Նահանգները ըլլալ կամ թերեւս ինքնին Եւրոպան, սակայն Եւրոպան կը մերժէ Ռուսիոյ հետ բանակցիլ, եւ ատիկա աղէտալի սխալ մըն է», նշած էր Հունգարիոյ վարչապետը: